Գանատայի Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպսկ. Բարիքեան կը մասնակցի Թեմի բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն եւ հանդիսութիւններուն
\n
\n
Գանատայի Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպսկ. Բարիքեան իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, Թորոնթօ, Մայիս 18, 2014-ին։ Յաջորդող շաբթուան ընթացքին, Սրբազան Հայրը հիւրընկալեց շրջանի գործակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները՝ ՀՅԴ, ՀՄԸՄ, ՀՕՄ, Համազգային, ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը, ինչպէս նաեւ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը եւ Գէյմպրիճի մէջ գործող գործակից կազմակերպութիւնները, որոնք իրենց շնորհաւորական խօսքերով յաջողութիւն մաղթեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր յառաչիկայ քառամեայ ծառայութեան շրջանին համար։
\n
Կիրակի, Մայիս 25-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցինրէն ներս տեղի ունեցաւ «Հանրապետական Մաղթանք» ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման ի խնդիր իրենց արիւնը թափած նահատակներու հոգիներուն համար։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը եւ մասնակցեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 96-ամեակի նուիրուած տօնակատարութեան եւ Դրօշի օրհնութեան արարողութեան։ Սրբազան Հայրը գնահատեց եւ քաջալերեց օրուան տողանցքը առաջնորդող ՀՄԸՄ-ականները, իրենց տարիներու շարունակական նուիրումը եւ զանոնք դասեց որպէս հայ ազգի բանակի կամաւորները։
\n
Երեքշբաթի, Մայիս 27-ի առաւօտեան, Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Թեմիս Կրօնական Ժողովը, որուն նախագահեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Փանոսեան եւ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան։
\n
Նոյն երեկոյեան, Մեղրիկ Սրբազան մասնակցեցաւ, Գանատայի Հայ Դատի նախաձեռնութեամբ՝ Գանատայի Խորհրդարանէն ներս, Օթթաուա, տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութինը ճանչցող M-380 բանաձեւի որդեգրման 10-ամեակի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 96-ամեակի նուիրուած հանդիսութեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան եւ ատենադպիր պրն. Յակոբ Պուլկարեան։
\n
Չորեքշաբթի, Մայիս 28-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան Մանկամսուրի ամավերջի հանդէսին, որուն վերջաւորութեան Առաջնորդ Սրբազանը իր հայրական խօսքերէն ետք պահպանիչով փակեց մանուկներու հանդէսը:
\n
Հինգշաբթի, Մայիս 29-ին, Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հոգաբարձութիւն եւ Ազգային Երեսփոխաններ ու Եկեղեցաշինութեան յանձնախումբի անդամներ, այցելեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ շնորհաւորելու համար Առաջնորդական Աթոռի իր ընտրութիւնը եւ անոր մաղթելու յարատեւ յաջողութիւն եւ անսպառ կորով:
\n
Ուրբաթ, Մայիս 30-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 96-ամեակի նուիրուած տօնակատարութեան եւ հանդիսութեան աւարտին փոխանցեց իր հայրական պատգամը: Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքը ամփոփեց գլխաւոր երեք կետերու շուրջ։ Ան ըսաւ՝ 1.Նախկին հանրապետութիւնը հիմքն է Նոր Հանրապետութեան։ 2. Միայն չհպարտանանք մեր անցեալով այլ ապագան կերտենք մեր մասնակցութեամբ։ 3. Պատրաստուինք 100ի ձեռնարկներուն։ Ապա Սրբազան Հայրը Պահպանիչով փակեց ձեռնարկը։
\n
Շաբաթ, Մայիս 31-ին, Առաջնորդարանէն ներս գումարուեցաւ Ազգային Վարչութեան 2014-2015 տարեշրջանի առաջին լիակատար ժողովը։ Նոյն երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Մոնթրէալի ՀՕՄ-ի Ծաղկոցի հանդէսին եւ աւարտին փոխանցեց իր հայրական գնահատանքները տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին: Սրբազան Հօր ընկերակցեցաւ Ազգային Վարչութեան ատենադպիր պրն. Յակոբ Պուլկարեան։
\n
Կիրակի, Յունիս 1-ին, Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպսկ. Բարիքեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Աջահամաբոյր։ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ, երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբի համերգը՝ նուիրուած Առաջնորդ Սրբազան Հօր։
\n
Կիրակի, Յունիս 1-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակով, Տէր եւ Տիկին Արթօ եւ Ալիս Մարգարեանները ստացան «Կիլիկիան Իշխանի» շքանշան՝ ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Տուուչութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի:
\n