Կռփամարտ. Սիւզի Քենթիքեան Պաշտպանեց Ախոյեանութեան Իր Տիտղոսը

Գերմանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող թեթեւ կարգի «WBA»-ի աշխարհի ախոյեան, հայ կռփամարտիկ Սիւզի Քենթիքեան պաշտպանեց ախոյեանութեան իր տիտղոսը, երբ յաղթեց հարաւային քորէացի իր մրցակիցին` Տան Պի Քիմի: 9-րդ ռաունտին Սիւզի Քենթիքեանի կողմէ բանեցուած մեծ ճնշումը ստիպեց մրցակիցին ներկայացուցիչներուն այս մենամարտը ընդհատելու: Այսպիսով, Սիւզի Քենթիքեան յաջողեցաւ յաղթել իր մրցակիցին եւ պաշտպանել «WBA»-ի ախոյեանութեան իր տիտղոսը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.