405,000 Տոլար՝ Վերապրողներու Վկայութիւնները Պահպանելու Արշաւին

\n

\n

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական հիմնարկին նախաձեռնութեամբ եւ Չարլի ու Ճուլիա Կալեաններու հիւրընկալութեամբ, «Քալիֆորնիա Քլապ»ին մէջ Ապրիլ 10ին տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին 405,000 տոլար յանձնուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու վկայութիւնները թուայնացնելու եւ զանոնք նոյն համալսարանին մէջ գործող «Շօա» հիմնարկի «Տեսողական պատմութեան արխիւ»ին մէկ մասը դարձնելու արշաւին ամբողջացման համար:
\n Գումարը համալսարանի Արուեստներու եւ գիտութեանց բաժանմունքի վարիչ Սթիւ Քէյին յանձնուած է գլխաւոր նուիրատուին՝ բարերար Ճերարտ Թրբանճեանի կողմէ:
\n Ձեռնարկին ներկայ եղած են Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեան եւ համալսարանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ՝ հանգստեան կոչուած դատաւոր Տիգրան Թեւրիզեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերկէյ Սարգիսով, համայնքային ղեկավարներ, բարերարներ ու համակիրներ:
\n Ձեռնարկին բացումը կատարած են կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներ Տայեն Քապրալոֆ եւ Լորի Մունչերեան, ապա ելոյթ ունեցած է Սթիւ Քէյ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով յատկապէս բարերարներ Թրբանճեանին ու Սարա Չիթճեանին, ինչպէս նաեւ Հայագիտական հիմնարկի հիմնադիր վարիչ դոկտ. Ռիչըրտ Տէքմէճեանին, որոնց նաեւ շքանշաններ յանձնած է, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայագիտական հիմնարկին տարիներով նեցուկ կանգնած դոկտ. Միհրան Աղպապեանին, դատաւոր Տիգրան Թեւրիզեանին, Յարութ Սասունեանին եւ Սաւի Թիւֆէնքճեանին:
\n Ելոյթ ունեցած է նաեւ Հայագիտական հիմնարկի ղեկավարման խորհուրդի ատենապետ Չարլի Կալեան, որ շնորհակալութիւն յայտնած է Սթիւ Քէյին, իր ցուցաբերած աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ Ստեփան Մարտիրոսեանին, տէր եւ տիկին Ալպեր եւ Թով Պոյաճեաններուն, Վահէ եւ Վերոնիք Կարապետեաններուն ու տոքթ. եւ տիկին Վաչէ եւ Շուշիկ Քապայեաններուն, որոնք կրթանպաստներու հիմնադրամներ հաստատած են:
Ձեռնարկին ընթացքին մեծարուած են նաեւ նոյն համալսարանի հոգաբարձութեան նախկին անդամներ Սթենլի Կոլտին ու Էտուըրտ Ռոսքի, որոնք նեցուկ կանգնած են յաջորդաբար թուայնացման աշխատանքին եւ Հայագիտական հիմնարկին:
\n Յիշեցնենք, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն 400 վերապրողներու հետ դոկտ. Մայքըլ Ճէյ. Յակոբեանի կատարած հարցազրոյցներուն թուայնացած տարբերակները քայլ մը եւս մօտեցած էին «Տեսողական պատմութեան արխիւ»ին մաս կազմելու նպատակին, երբ անոնք այս տարուան սկիզբը յանձնուած էին «Շօա» հիմնարկին:
\n Այժմ հիմնարկը պիտի պատրաստէ վկայութիւններուն մեծ պաստառի եւ համացանցի վրայ ցուցադրուելիք տարբերակները: Նաեւ, բոլոր ոչ անգլերէն վկայութիւնները պիտի թարգմանուին եւ թարգմանութիւնները իբրեւ ենթախորագիր պիտի ցուցադրուին վկայութեանց տակ՝ նպատակ ունենալով ամբողջ աշխատանքը աւարտել Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն առաջ:
\n Դոկտ. Յակոբեան սոյն հարցազրոյցները կատարած էր 1972էն 2005ի միջեւ: Անոնց շարքին կան 10 տարբեր լեզուներով վկայութիւններ, իսկ վերապրողները 8էն 29 տարեկան եղած են Ցեղասպանութեան օրերուն: Հարցազրոյցները կը պահուին Հայկական շարժապատկերի հիմնարկութեան մէջ:
\n Նշենք, որ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական հիմնարկին տարեկան 10րդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 28ին:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.