Գանատայի խորհրդարանին մէջ նշուեցան M-380 բանաձեւի 10-ամեակն ու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 96-ամեակը
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Մայիս 27-ի երեկոյեան Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատագրող M-380 բանաձեւի 10-ամեակին եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 96-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ճէյսըն Քէնի եւ Կէրի Կուտյիր, Գանատայի խորհդարանի ընդդիմադիր Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան առաջնորդ Թոմաս Մուլքէր, Ազատական կուսակցութեան ղեկավարն Ճասթին Թրուտօ եւ Գանատայի խորհրդարանի անդամներ: Ներկայ էր նաեւ հայազգի նախկին ծերակուտական Ռէյմոնտ Սէթլաքուի, որ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է բանաձեւի յաջողութեան մէջ:
Հանդիսավար Նորա Արուշեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան Տէրունական Աղօթքով բացումը կատարեց հանդիսութեան:
Առաջին հերթին իր խօսքը փոխանցեց Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ տոքթ. Հարըլտ Ալպրէխթ, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդի պատմական ամենէն մեծ աղէտէն՝ Հայկական Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք կերտուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը: Ան շնորհաւորեց անկախութեան տարեդարձը եւ M-380 բանաձեւի 10-ամեակը:
Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Ճասթին Թրուտօ իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ իր կուսակցութիւնը միշտ զօրակցած է Գանատայի մէջ հայկական Ցեղասպանութեան գործընթացին:
Գանատայի աշխատանքի եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քէնի, որ 2004-ին Գանատայի խորհրդարանին մէջ M-380 բանաձեւի համահեղինակներէն էր, ելոյթ ունենալով ըսաւ, թէ M-380 բանաձեւը կարեւոր իրադարձութիւն է Գանատայի պատմական տարեգրութեանց մէջ: Ան յայտնեց նաեւ, որ ամիսներ առաջ Անգարա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութողլու խստօրէն քննադատած էր Գանատայի կառավարութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան գծով իր հայանպաստ դիրքորոշումին համար, որուն իբր հակադարձութիւն, ինք պատասխանած է, որ Գանատա հաստատակամ կը մնայ խորհրդարանի որդեգրած M-380 բանաձեւի սկզբունքներուն:
Ցուցադրուեցաւ M-380 բանաձեւի պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Արամ Յակոբեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի կառավարութեան հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն վերականգնման գծով պետական նեցուկին համար:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան յայտնեց, թէ M-380-ի իրագործումը յանձնախումբի երեք տասնամեակներու վրայ երկարող քարոզչական մաքառումի արգասիքն էր:
Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան խօսքը փոխանցեց արտաքին քաղաքականութեան հարցերու քննադատ Փոլ Տիուըր, որ շեշտեց, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումով առաջքը կ՚առնուի յառաջիկայի հաւանական այլ ցեղասպանութեանց:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ յատուկ գնահատագրեր յանձնուեցան M-380 բանաձեւի հեղինակ Մատլէն Տալֆօն Կիրալի, նախարար Ճէյսըն Քէնիի եւ Ազատական կուսակ-ցութեան նախկին ղեկավար Սթեֆան Տիոնի:Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պահպանիչով: