ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Համագանատական սեմինար

\n

\n

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Համագանատական սեմինարը տեղի ունեցաւ 16-19 մայիս 2014-ին, Քինկսթընի հարաւը գտնուող Քրիսթի Լէյք Բանակավայրին մէջ: 106 գեմականներ՝ Վանգուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան», Գէմպրիճի «Արամ Մանուկեան», Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան», Մոնթրէալի եւ Լաւալի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերէն հաւաքուեցան եւ թարմացուցին ու ընդլայնեցին իրենց գիտելիքները, վայելեցին բնութիւնը եւ ամրացուցին իրենց ընկերային կապերը: Մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն էր միութեան համար երեք մասնակիցներ ունենալ Վանգուվըրի վերաշխուժացած «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղէն:

\n

Սեմինարի գլխաւոր նիւթն էր «Հայ Երիտասարդին Քաղաքականցումը ու Անոր Դերը Հայ Դատի Աշխատանքներէն Ներս»: Դասախօսներու կողմէ ներկայացուած նիւթերն էին՝ «Հայ Երիտասարդին Քաղաքկանցումը եւ Հայ Դատի Աժմէականցումը» (Մուրատ Թոփալեան), «ՀՅԴ Շարքերու Երիտասարդացումը եւ Երիտասարդութեան Դերը Դաշնակցութէնէն Ներս» (Տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան), «Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը եւ Մտահոգող Հարցեր ու Բարելաւման Միջոցներ» (Տարօն Քէսքինեան), «Ցեղասպանոբւթեան Հարիւրամեակի Համաշխարային Ծրագիրներ եւ Թուրքիոյ Ոուրացման Քաղաքականութիւնը» (Յակոբ Տէր Խաչատուրեան), «Քաղաքական Աշխատանք՝ Ելեկտրոնային Ընկերային Ցանցերու Միջոցով» (Նորայր Սէրէնկիւլեան) եւ «Դաշնակցութեան Կարեւոր Դերը՝ Արցախեան Շարժումի Մէջ» (Մուրատ Թոփալեան):

\n

Սեմինարի աւարտին, գեմականները առիթը ունեցան մասնակցելու ընդհանուր հարցերու քննարկման, հարցումներ ուղղելով վերոյիշեալ դասախօսներուն՝ Հարիւրամեակի, Թուրքիոյ վերաշխուժացած ուրացումի աշխատանքներուն, արտագաղթի, Հայաստանի քաղաքականութեան, Դաշնակցութեան եւ երիտասարդութիւնը մտահոգող այլ հարցերու շուրջ:

\n

Դաստիարակչական ծրագրի կողքին, մասնակիցները առիթը ունեցան լիճին մէջ նաւարկելու, զարգացման ու մարզական մրցումներու մասնակցելու, ազգային-յեղափոխական երգերով խարուկահանդէսի մասնակցելու եւ միութեան շրջանաւարտներու պատրաստած համեղ ճաշերը վայելելու: Ճոխ ու խանդավառ շաբաթավերջ մը անցընելով՝ միութենականները վերադարձան իրենց քաղաքները, զինուած նոր գիտելիքներով եւ հաստատած նոր բարեկամութիւններով:

\n

 ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական Վարչութիւն

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.