Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնի ՀԱՂՈՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ 9


 


Սուրիոյ ապրած եռամեայ տագնապին բերումով, սուրիահայութեան դժուարութիւնները կը շարունակուին բաւական ծանր պայմաններու մէջ:

Սուրիահայութեան բաղադրիչ բոլոր կողմերը ընդգրկող` Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնինը, իրեն փոխանցուած բոլոր օժանդակութիւնները, միասնականութեան սկզբունքով եւ ՍՇՕՎՄի Ուղեցոյցով առաջնորդուելով` գործող հինգ Գործադիր Մարմիններուն ճամբով կը տրամադրէ կարիքաւոր ազգակիցներուն, փորձելով թեթեւցնել անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Քեսապի պարպումով եւ տեղահանութեան հետեւանքով, յատկապէս Լաթաքիոյ մէջ ապաստան գտած մեր բոլոր հայրենակիցները եւս, ՍՇՕՎՄի նիւթաբարոյական օժանդակութեան ներքեւ կը գտնուին:

Այսօր, սուրիաբնակ սուրիահայութիւնը, յատկապէս Հալէպի, Ծովափի եւ Հոմսի շրջաններու մէջ, որեւէ ժամանակէ աւելի նեղութեան ու տագնապի մէջ կը գտնուին, որուն համար մեր հայրենակիցներէն կ‏՛ակնկալուի նոր աշխուժութեամբ անհրաժեշտ օգնութիւն հասցնել մի միայն ՍՇՕՎՄիս, որպէսզի Մարմինս շրջաններու կարիքներուն համաձայն, իր տնօրինմամբ կատարէ օժանդակութեան փոխանցումը համապատասխան Գործադիրներուն:

Կրկին կը յիշեցնենք ՍՇՕՎՄի դրամատնային հաշուեհամարը.-

Bank: FRANSABANK SAL, Antelias Branch, Lebanon

Account Name: CATHOLICOSSAT ARMENIEN DE CILICIE

IBAN #: LB87 0001 0002 4753 8500 0030 3501

Swift Code: FSAB LBBX

Address: Catholicossat Armenien De Cilicie

P.O. Box: 70317

Antelias-Lebanon

ՍՈԻՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.