Մահ՝ Մուսա Լերան հերոսամարտի վերապրող Ովսաննա Աբրահամեան Կէօվշէնեանի
Մուսա Լերան հարազատ դուստր Ովսաննան ժառանգած էր իր ծննդավայրի անսեթեւեթ հպարտութիւնը, ինքն իր ուժերուն ապաւինելով անկարելին կարելի դարձնելու շնորհքը։ Չորս տարեկան էր 1915-ի հերոսամարտին, սակայն լաւ կը յիշէր անոր յաջորդած տարիները, Փորթ Սաիտի վրանաքաղաքը, վերադարձը հայրենի տարածք, անոր ներառումը նորահաստատ Սուրիով պետականութեան մէջ, Սուրիոյ առաջին հայ երեսփոխանը՝ իր հօրեղբօրորդի Նարեկ Աբրահամեանը։
Ովսաննայի համար դարձակէտային էր 1939 թուականը, երբ Ֆրանսան Անտիոքի սանճաքը, Մուսա Լեռը ներառեալ, դաւադրաբար յանձնեց Թուրքիոյ եւ Մուսա Լերան հայութիւնը տեղահանուեցաւ մինչեւ Լիբանան՝ Այնճար, որ այն ատեն մալարիայի բոյն ճախճախուտ մըն էր։ Տեսնելով դժուար պայմանները, Ովսաննա առաւ իր հիւանդ մեծ մայրը, մայրը, քոյրը եւ քրոջ որդին եւ անցաւ Դամասկոս, ուր ասեղնագործութեամբ հասաւ անոնց կարիքներուն: Ան նաեւ բազմաթիւ երիտասարդ հայուհիներու օգնեց, որ իր նման աշխատանքով իրենց կարիքները ապահովեն։ Ուրիշին օգնելը Ովսաննայի երկրորդ բնութիւնն էր։ 1939-էն առաջ ան մօտ 10 տարի ապրած էր Հոմս, օգնելով իր եղբօր, իսկ Դամասկոս ապրած տարիներուն իր դուռը միշտ բաց էր բոլորին առջեւ. իր վարձած սենեակը, ուր կ՚ապրէին, խնամատարական կէտ էր բոլոր մուսալեռցի կարիքաւոր հայրենակիցներուն համար։
1944-ին Ովսաննա հանդիպեցաւ Եղիա Կէօվշէնեանին, որ բարձրաստիճան զինուորական էր նախ ֆրանսական եւ ապա սուրիական բանակին մէջ։ Նոյն տարին կ՚ամուսնանան։ Ամուսինին ասպարէզին բերումով անոնք մշտապէս տեղափոխուած են Սուրիոյ տարբեր կեդրոններ, այնպէս որ զաւակներէն առաջինը՝ Միհրանը ծնած է Հոմս, Ռոզին՝ Հալէպ, իսկ կրտսերը՝ Սօսին՝ Դամասկոս, ապա հաստատուած են Հալէպ։
1962-ին ան կորսնցուց իր սիրեցեալ ամուսինը։ Աղաւնիի հոգածութեամբ խնամեց իր երեք զաւակները, որոնք իրենց մօր թեւերուն տակ հասակ առին որպէս տիպար եւ բարեպաշտ հայեր։1975-ին տեղափոխուեցան Գանատա եւ հաստատուեցան Մոնթրէալ։Գանատայի մէջ եւս, Ովսաննա մնաց իր բնաւորութեան հաւատարիմ. բարեպաշտ, պատուախնդիր, ինք իր հանդէպ խստապահանջ, ան հիւրընկալ էր եւ հարազատի ջերմութեամբ կը մօտենար բոլոր իր հայրենակիցներուն։
Բախտաւորուեցաւ հինգ թոռներով՝ Անի, Էմմա, Էլիա, Սօնիա, Մարիա։
Ովսաննա մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ Մայիս 17, 2014-ի առաւօտեան: