Շարլ Ազնաւուր՝ Ֆրանսական երգարուեստի 90-ամեայ տիտանը
\n
Նշանաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուր 22 Մայիսին նշեց իր ծննդեան 90րդ տարեդարձը: Անոր մասնագիտական գործունէութիւնը սկսած է իր երիտասարդ տարիքին։ Ազնաւուր առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 81 տարի առաջ, երբ ան 9 տարեկան էր: Իր կեանքին ընթացքին արուեստագէտը մեկնաբանած է աւելի քան 1000 երգ եւ նկարահանուած շուրջ 60 ժապաւէններու մէջ։ Նոյնիսկ այսօր, երբ ողջ Ֆրանսան կը նշէ անոր ծննդեան օրը, Շարլ Ազնաւուր կը շարունակէ զարմացնել իր ստեղծագործական ուժով:
\n
Ծնած է 22 Մայիս 1924ին, Փարիզ: Երգիչ, յօրինող, բանաստեղծ, դերասան, Հայաստանի Ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուր իր երգարուեստով ստեղծած է ինքնատիպ դպրոց: Անոր երգերը ակունքներով կապուած են հայկական տաղերուն եւ մեծ ճանաչում ունին: Բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր է, պարգեւատրուած է Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի 2 շքանշանով:
\n
2009ին Ազնաւուր նկատուած է 20րդ դարու լաւագոյն երգիչը:
\n
Շարլ Ազնաւուրի հայրը՝ Միշան, ծնած է Վրաստանի Ախալցխա, մայրը՝ Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքներուն մէջ: Անոր ընտանիքը սերտ կերպով կապուած էր ազգային սովորութիւններուն, մայրենի լեզուին, եկեղեցւոյ: Ծնողները կը մասնակցէին հայերուն կազմակերպած թատերական ներկայացումներուն, որոնց ներկայ կ՛ըլլար նաեւ Շարլ: Մանկուց ան մեծ հետաքրքրութիւն ունէր արուեստի հանդէպ: Կը յաճախէր թատերական դպրոց: Ծնողներուն օգնելու համար պատանի Շարլ ելոյթներ կ՛ունենայ փոքր ներկայացումներու մէջ եւ կ՛երգէ եկեղեցւոյ մէջ:
\n
Աւելի ուշ սկսած է երգեր գրելու ժամանակի նշանաւոր երգիչներուն համար: 1946ին ծանօթացած է հանրայայտ երգչուհի Էտիթ Փիաֆի հետ, եւ միասին շրջագայած եւ համերգներ տուած են: Սկզբնական շրջանին երգած է Փիեռ Ռոշի հետ: Համընդհանուր ճանաչման հասած է 1959ին, Փարիզի «Օլեմփիա» համերգասրահին մէջ տուած ելոյթէն ետք: Երգած է աշխարհի գրեթէ բոլոր լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ, համերգներով հանդէս եկած է նաեւ Երեւանի մէջ: Ազնաւուր գրած է 1000է աւելի երգեր՝ «Սա է վերջը», «Մամա», «Իզապէլ», «Երկու կիթառ», «Սիրելէ ետք», «æահելութիւն» եւ այլն:
\n
Անոր երգերուն սկաւառակները հրապարակուած են միլիոնաւոր օրինակներով, բանաստեղծութիւնները թարգմանուած եւ լոյս տեսած են առանձին գիրքերով: Ան իր երգերուն լաւագոյն կատարողն է: Ազնաւուր երգած է Լուչիանօ Փավարոթիի, Փլասիտօ Տոմինկոյի, Լայզա Մինելիի, Միրէյ Մաթէօյի, Փաթրիսիա Քաասի հետ: Դստեր՝ Սեդայի հետ կատարած է Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» երգը: Գրած է նաեւ օփերային երաժշտութիւն: Ազնաւուր նկարահանուած է 60է աւելի ժապաւէններու մէջ՝ «Հռենոսի անցումը», «Սատանան եւ տասը պատուիրանները», «Հայր Գորիօ» եւ այլն, իսկ «Գլուխը՝ պատը» ժապաւէնին համար արժանացած է «Բիւրեղեայ աստղ» մրցանակին: Ուշագրաւ է անոր դերակատարութիւնը Աթոմ Էկոյեանի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Արարատ» ժապաւէնին մէջ։
\n
1988ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ան բազմիցս այցելած է Հայաստան, այցելած է աղէտի գօտի: Փարիզի մէջ հիմած է երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութեան «Ազնաւուրը Հայաստանին» հիմնադրամը, որուն ներկայացուցչութիւնը բացած է Երեւանի մէջ: Երգիչ եւ յօրինող Ժորժ Կառվարենցի հետ գրած է «Քեզի համար, Հայաստան» երգը, հրապարակած է տեսահոլովակ՝ Ֆրանսայի 90 երգիչի ու դերասանի մասնակցութեամբ:
\n
1995էն ի վեր Հայաստանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով պատուաւոր դեսպանն է, ԵՈՒՆԵՍՔՕի մնայուն պատուիրակը Հայաստանի մէջ: 2009ին նշանակուած է Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Զուիցերիոյ մէջ: Պարգեւատրուած է Լեռնային Ղարաբաղի «Գրիգոր Լուսաւորի»չ եւ Թէքէեան մշակութային միութեան ադամանդակուռ «Արարատ» շքանշաններով:
\n
Գրած է «Ազնաւուրը Ազնաւուրի մասին» (1975), «Անցած օրեր» (2004) յուշագրութիւնները:
\n
Ազնաւուրի անունով կոչուած են հրապարակ Երեւանի մէջ, Վաղարշապատի դրամատիկական թատրոնը, իսկ 2000ին Գիւմրիի մէջ անոր անունը կրող հրապարակին վրայ կանգնեցուած է իր յուշարձանը: Ազնաւուրի մոմէ արձանը 2004ին դրուած է Մատամ Տիւսոյի թանգարանին մէջ: 2009ին Երեւանի մէջ բացուած է Ազնաւուրի թանգարանը:
\n
\n