Քիմ Քարտաշեան կը զօրակցի Շոա հիմնարկի Հայկական Ցեղասպանութեան ծրագրին


 

Մինչ նախագահ Պարաք Օպամա Մայիս 7-ին Հարաւային Քալիֆորնիոյ USC համալսարանին մէջ «Շոայի հիմնարկի Մարդկութեան համար դեսպաններ» ճաշկերոյթին պատուոյ հիւրն էր՝ ձեռնարկին ներկայ գտնուող աւելի քան 90 հայերը աւելի հետաքրքրուած էին Քիմ Քարտաշեանով եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած 100-ամեայ Եւնիկէ Սալիպեանով (նկարը), որոնք նոյն սեղանը նստած էին։

Ճաշկերոյթը կը նշէր Շոա հիմնարկի 20-ամեակը, որ 1994-ին հիմնուած էր հռչակաւոր բենադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկի կողմէ, որ օսքարի մրցանակին արժանացած «Շինտլըրզ Լիսթ» շարժանկարը նկարահանած ատեն, Հրէական Ողջակիզումէն վերապրածներուն վկայութիւնները հաւաքելու գաղափարը յղացաւ։ Նշեալ հիմնարկը, որ այժմ USC համալսարանին մէջ կը գտնուի, ընդլայնուած է եւ կը ներառէ վկայութիւններ այլ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններէ, ներառեալ Ռունտայի, Քամպոտիոյ եւ Հայոց ցեղասպանութենէն։

«Հայկական շարժանկարի հիմնարկ»ին կողմէ նկարահանուած Հայոց Ցեղասպանութեան վկայութիւններու հաւաքածոն ճաշկերոյթին ընթացքին իբրեւ Շոա հիմնարկի տեսողական պատմութեան արխիւին հաւաքածոյին մաս կազմող նշուեցաւ։

Քարտաշեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ ինք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վկայութիւններուն զօրակցելու համար հիմնարկին ձեռնարկին ներկայ գտնուելով պատուուած կը զգայ։ Քարտաշեան այս գրարութիւնը կատարեց մինչ նստած էր տիկ.Սալիպեանի կողքին, որուն վկայութիւնը եւս ներառուած է Շոայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հաւաքածոյին մէջ։

Տիկ.Սալիպեան, որ Այնթապէն վերապրող մըն է, Հայկական շարժանկարի հիմնարկին կողմէ նկարուած վերջին վկաներէն է։ Հայկական հաւաքածոն մեծ մասամբ նկարուած էր հանգուցեալ բեմադրիչ Մայքըլ Յակոբեանի կողմէ, որուն կինը ներկայ էր ճաշկերոյթին։ «Հայկական շարժանկարի հիմնարկ»ը, վերջերս, հայ վերապրոներու 400 թուայնացած հարցազրոյցներու օրինակներ տրամադրեց Շոա հիմնարկին, որպէսզի այդ օրինակները Շոայի տեսողական պատմութեան արխիւին մէջ ներառուին։ 

Մինչ նախագահ Օպամա ուշադիր կը հետեւէր, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Շոա հիմնարկի տնօրէն Սթեֆըն Սմիթ նշեց, որ Շոա հիմնարկը Մայիսին «Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապողներէ» 400 վկայութիւններ ձեռք ձգեց։ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը նաեւ օգտագործուեցաւ հիմնարկին 20-ամեայ գործունէութիւնը ներկայացնող վաւերագրական ժապաւէնին մէջ, որուն մէջ նաեւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածի մը վկայութիւնը կար։

Մինչ նախագահը «ցեղասպանութիւն» եզրը չօգտագործեց՝ ներկաներուն յստակ էր, որ Շոա հիմնարկը ճաշկերոյթի ընթացքին այդ եզրը ազատօրէն պիտի օգտագործէ։ Անցեալ տարի, հայկական հաւաքածոյին վերաբերեալ հիմնարկին գովազդին մէջ ներառուած էր գործադիր տնօրէն Սթեֆըն Սմիթի այն խօսքը, որ 1915-ին տեղի ունեցածը «ցեղասպանութիւն» չկոչելը ուրացման մէկ ձեւ է եւ, «մենք ուրացումը չենք ընդունիր»։

Սփիլպրըկ իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ «հիմնարկը գոյութիւն ունի, որովհետեւ գիտենք, որ ապագան միշտ կրնայ վերստին գրուիլ»։

Աւելի քան 1200 մարդիկ ներկայ գտնուեցան «Հիաթ Ռիճընսի Սենչըրի Փլազա» պանդոկին մէջ, ուր համալսարանի պաշտօնատարները եւ հանրածանօթ դէմքեր հաւաքուեցան հիմնարկին համար դրամահաւաք կատարելու համար։ Հիւրերուն շարքին էին Պարպարա Սթրայզընտ, Լիամ Նիսըն, Քոնըն Օ՚Պրայըն, Սթեֆըն Զայիլեան եւ Սամուէլ Ճաքսըն։ Ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ երգիչ Պրուս Սփրինկսթին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.