Օզան Թեքինխ «AKP-ն, կը պատրաստուի շարունակել ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը»


 

«Ակունք» կը հաղորդէ, որ Օզան Թեքին «Սոսիասլիսթ Իշճի» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած իր «2015-Ը ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ՝ ՊԱՅՔԱՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՄԱՐ» խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ.«Այդ ժամանակուան ներքին գործոց նախարար Թալեաթ պէյի հրամանով 1915-ի Ապրիլ 24-ին որոշուեցաւ փակել հայկական կոմիտէներու կեդրոնները, ձերբակալել անոնց ղեկավարները եւ բռնագրաւել փաստաթուղթեր։ Հայ համայնքի մտաւորականներու դէմ գործադրուած այս գործողութեամբ ձերբակալուեցաւ 240 հոգի։ Քանի մը օրուան ընթացքին ձերբակալուածներու թիւը հասաւ 2345-ի։ Մէկ ամիս ետք հրապարակուած «Տեղահանութեան մասին» ժամանակաւոր օրէնքով տեղական քաղաքային եւ ռազմական ղեկավարներուն իրաւասութիւն տուին ժամանակաւորապէս մէկ այլ վայր տեղափոխել այն անձերը, որոնք հարմար կը դատեն։ Երեք օր ետք՝ նախարարաց խորհուրդի որոշումով տեղահանութիւնը դարձաւ անժամկէտ։ Թէեւ թիւը հաստատուած չէ, սակայն 1.5 միլիոն հայ ծովու մէջ խեղդելով եւ այլ միջոցներով տեղահանութեան ժամանակ սպաննեցին։ Ապրիլ 24-ը, որ կը համարուի այս հոլովոյթի սկիզբը աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը համարէ ցեղասպանութեան յիշատակման օր։

«Հայոց ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ պետութեան ստեղծման նախագիծի ամէնէ կարեւոր մասը կը հանդիսանայ։ Ըստ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ծրագիրներուն՝ ստեղծուելիք ազգային պետութիւնը պիտի ըլլար թրքական եւ սիւննի։ Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ ժողովուրդները այդ ժամանակ բնակչութեան 10 առ հարիւրը կազմող հայերու գլխաւորութեամբ այս ճանապարհին մեծ խոչընդոտ կը հանդիսանային։ Տեղահանութիւնը այս ծրագիրը իրականացնելու համար գործի դրուեցաւ։

«Երբ Անատոլուի հողերը վերածուեցան մահուան դաշտերու, հայերու անշարժ եւ շարժական գոյքը իբրեւ «լքեալ գոյք» բռնագրաւուեցաւ։ Դրամատիրական Թուրքիոյ սկիզբի շրջանի դրամագլուխի կուտակման եւ թուրք իշխող դասի յառաջացման հիմը այս բռնագրաւուած ունեցուածքն է։ Երբ կալուածագիրներու եւ անոնց արձանագրութեան գլխաւոր վարչութիւնը որոշեց օսմանեան շրջանին պատկանող կալուածագրերը տեղափոխել թուային համակարգ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ ուղարկուած նամակին մէջ կ՚ըսուէր, որ «երկիրի շահը» կը պահանջէ, որ այդ գրանցումները գաղտնի պահուին։

«Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ հասարակութեան մեծագոյն արգիլուած նիւթն է։ Մէկ դարէ ի վեր պետութիւնը այս արիւնոտ իրականութեան հետ առերեսուիլը կանխարգիլելու համար կը դիմէ տարբեր սուտերու եւ «իրաւական» առարկութիւններու, իբրեւ ապացուցելու, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած, իսկ եթէ եղած է, ապա չի կրնար «ցեղասպանութիւն» համարուիլ, պաշտօնական պատմական թեզ յօրինել։ Եւ որպէսզի ցեղասպանութեան ժխտումը գերիշխէ, ամբողջ պետական հնարաւորութիւնները միախմբել՝ ատով իսկ վախի մթնոլորտի մէջ ապրելու դատապարտելով Թուրքիոյ մէջ մնացած բուռ մը հայ համայնքը։

«Կառավարութիւնը տապալել ցանկացող էրկենեքոնականներու թիրախ ընտրուած Հրանդ Տինքի 2007-ի սպանութիւնը թերեւս ամբողջ պատմութեան տեսանկիւնէն շրջդարձային եղաւ։ Ինչպէս հետագային յեղաշրջում կատարել ցանկացողները պիտի արձանագրէին, «Հրանդ Տինք գործողութիւնը անյաջողութեան մատնուեցաւ», որովհետեւ Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան համար Պոլսոյ մէջ հարիւր հազարաւոր մարդիկ փողոց դուրս եկան եւ «բոլորս հայ ենք» վանկարկելով՝ սասանեցին պետութեան հիմնադիր գաղափարախօսութիւնը։ Հայերը, որոնք միշտ ցեղապաշտութեան թիրախ եղած են, իսկ ցեղասպանութեան վերաբերեալ անոնց խօսակցութիւնները արգիլուած եղած են, այս անգամ իրենք զիրենք մինակ չզգացին։

«Թուրք ազգայնականութեան հասցուած այս հարուածը շարք մը զարգացումներու սկիզբ հանդիսացաւ։ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ «Ներողութիւն կը խնդրեմ» արշաւի տակ 2008-ին տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ստորագրեցին։ Լրատուամիջոցներու քաղաքական քննարկումներուն մէջ իսկ սկսան 1915-ին տեղ տրամադրել։ Իսկ 2010-ի Ապրիլ 24-ին, առաջին անգամ փողոցի մէջ, Թաքսիմի հրապարակին վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուածներուն յիշատակը ոգեկոչեցին։ «Այս ցաւը բոլորինս է» վանկարկելով՝ դուրս եկան փողոց, եւ հետագայ տարիներուն բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ միաժամանակ սկսան ապրիլքսանչորսեան ոգեկոչումներ կատարել։

«Այս առերեսման պայքարին մէջ 2015-ը կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին աշխարհասփիւռ հայութիւնը պիտի պայքարի թրքական ուրացման քաղաքականութեան դէմ։ Շարք մը երկիրներ պիտի ընդունին այս ճշմարտութիւնը, եւ Թուրքիոյ վրայ միջազգային ճնշում պիտի ըլլայ։

AKP-ն, «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը «թեւերը սոթտած է եւ կը պատրաստուի շարունակել ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը։ 

Միւս կողմէ՝ անոնք, որոնք կազմակերպած են Հրանդ Տինքի սպանութեան հոլովոյթը, ստեղծելով Թալէաթ փաշա կոմիտէն, «ցեղասպանութեան սուտերուն» ընդդիմացողներուն եւ Էրկենեքոնի մեղադրեալներուն անձամբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարներու հաւանութեամբ փողոց դուրս հանած են՝ ըսելով, որ պատրաստ ըլլան։

«Մեզ՝ բոլոր ժողովուրդներու հաւասարութիւնն ու ազատութիւնը պաշտպանողներուս համար եւս 2015-ը շատ կարեւոր է։ Իրական առերեսման պայքարի իբրեւ արդիւնք, որպէսզի Թուրքիոյ ստիպենք ընդունիլ ցեղասպանութիւնը, պիտի կազմակերպուինք։ Այս ճանաչումը ե՛ւ լոյս պիտի սփռէ այս երկիրի դրամատիրական հասարակարգի յետին ծրագիրի արիւնոտ պատմութեան վրայ, ե՛ւ հայերու հանդէպ մեր ունեցած պատմական պարտքը վճարելու համար ուշացած ներողութիւն պիտի ըլլայ, ե՛ւ պատմութեան գիրկը պիտի անցնի, իբրեւ աշխատաւոր դասակարգին իշխող դասակարգի պոչէն կախուած թրքական ազգայնական գաղափարներու պարտութիւն»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.