Թուրքիոյ Պատմագիտական Ընկերութեան Հակահայ Գիտաժողովին Միայն 7 Ունկնդիր Մասնակցած Է


«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութիւնը, որ յայտնի է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման հարցին մէջ իբրեւ թրքական պաշտօնական տեսակէտներու հեղինակ, ապրիլ 24-ին Վանի «Եուզինճի Իլ» համալսարանին մէջ «Հայերը Համաշխարհային առաջին պատերազմին մէջ» խորագիրով գիտաժողով կազմակերպած է:

32 գիտնականներու մասնակցութեամբ գիտաժողովին, որ հանրութեան եւ ուսանողութեան համար բաց եղած է, ընդամէնը 7 ունկնդիր մասնակցած է:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ 15 նոյեմբեր 2013-ին յայտարարած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապակցութեամբ հայկական կողմի պնդումներուն դէմ «գիտական ապացոյցներ» մշակելու նպատակով Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան կից «Հայկական հարցին հետ կապուած աշխատանքներ կատարող կեդրոն» ստեղծուած է, որուն համար պետութիւնը շուրջ 8,5 միլիոն թրքական լիրա յատկացուցած է:

Եւ ապա, պետական պատուէրը «պատուով» կատարած Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան ղեկավար Մեհմեթ Մեթին Հիւլաղու իր արտասանած խօսքին մէջ հրապարակ բերած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը «արդարացնող» զաւեշտական «պաշտօնական տեսակէտ» մը եւս, ըստ որուն «ապրիլ 24-ը հայերուն կողմէ անհիմն մտահայեցողութեան խորհրդանիշ է, իսկ թուրքերուն համար անիկա Չանաքքալէի պատերազմը կը յիշեցնէ»: Ըստ թուրք «պատմաբանի», այն պարագային, երբ թուրքերը Տարտանելի մէջ «մահ ու կենաց» պատերազմ կը մղէին, հայերը «մէջքէն հարուածներ կը հասցնէին», որուն համար ալ թրքական պետութիւնը ստիպուած եղած է անոնց հեռացնել «ապահով վայրեր»` Տէր Զօրի «բերքաբեր հողեր»: Ըստ անոր, 1915-ի իրադարձութիւններուն մէջ 20 հազարէն «ոչ աւելի» հայ մահացած է, այդ ալ` համաճարակներուն պատճառով: «Իսկ հայերը այդ ժամանակ 300 հազարէն աւելի թուրք սպաննած են: Այնպէս որ, հայերը թուրքերուն կոտորած են, ոչ թէ հակառակը», յայտարարած է ինքզինք պատմաբան համարող այդ «գիտնական»-ը: «Ակօս» կը գրէ. «Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ապրիլքսանչորսեան ցաւակցական ուղերձին զուգահեռ` ապրիլ 24-ին հայերուն համար պատմական նշանակութիւն ունեցող Վանի մէջ Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան կողմէ 99-ամեայ ժխտման պնդումները նորացնող գիտաժողով կազմակերպելը ստուերի տակ կ՛առնէ վարչապետին ցաւակցութիւնը: Այնպէս կը ստացուի, որ թրքական պաշտօնական տեսակէտ ձեւաւորող կառոյցը Հայկական հարցին մէջ կը շարժի դէպի ետեւ, իսկ ինչպէս իշխանութիւնները կը յայտարարեն, իրենք կը շարժին յառաջ: Այդ պարագային, ինչպէ՞ս կարելի է Էրտողանի ուղերձը Հայկական հարցին մէջ յառաջխաղացք համարել»:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.