Ըստ Ուորլիքի՝ Արցախի Մէջ Կացութիւնը Կայուն Չէ Եւ Աւելի Վտանգաւոր Կը Դառնայ
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանական «news.az» կայքին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք յայտարարած է, թէ Արցախի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը կարելի չէ կայուն նկատել ու ազդարարած է, թէ իրավիճակը աստիճանաբար աւելի վտանգաւոր կը դառնայ:
Ըստ Ուորլիքի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ շուտափոյթ հանդիպում մը պէտք է իրականացնել՝ խաղաղ բանակցութիւններուն զարկ տալու համար: «Խաղաղ կարգաւորումը հասանելի է, եթէ կայ քաղաքական կամք: Եթէ ոչ այժմ, ապա ե՞րբ», հարց տուած է Ուորլիք:
Համանախագահը կրկին ընդգծած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տարածքները «բռնագրաւեալ» են եւ պէտք է վերադարձուին Ատրպէյճանին, իբրեւ՝ համընդգրկուն կարգաւորման տարր: Ուորլիք պնդած է, թէ իր առաջադրած բոլոր վեց տարրերը պէտք է ընդունուին, որպէսզի խաղաղ կարգաւորում մը կարելի ըլլայ:
Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգները կը ճանչնայ երկու ինքնիշխան պետութիւն՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, իսկ տագնապին շահագրգիռ կողմեր կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, գաղթականներն ու տեղահանուածները: