ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՆ ԶՕՐԱԿՑԻԼ ԵԳԻՊՏՈՍԻ, ԻՐԱՔԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ
\n
\n
\n
Նինա Շէա «Ֆոքս Նիուզ»-ի կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը հաղորդէ, որ Մայիս 7-ին պատմութիւն կերտուած է, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ քրիստոնեաներու համախմբում մը, 323-ի Նիկիոյ ժողովէն ետք ցուցաբերուած հազուադէպ միասնականութեամբ մը Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ հալածուող քրիստոնեաներուն համար զօրակցութեան կոչ մը հրապարակած են։ Անոնք այս քայլին դիմած են մեկնելով տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեաներու դէմ «հալածանքի արշաւ»-ի նկատմամբ խոր մտահոգութենէ։
կոչը հրապարակուած է Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ֆրանք Վուլֆի (հանրապետական-Վըրճինիա) եւ Աննա Էշուի (դեմոկրատական-Քալիֆորնիա, ծագումով հայ)։
Փաստաթուղթը ստորագրեցին շուրջ 200 կաթողիկէ, աւետարանական եւ ուղղափառ հոգեւորական առաջնորդներ. կաթողիկէներուն կողմէ՝ կարտինալ Վուէրլը, Աւետարանականներու ազգային ընկերակցութենէն՝ ատենապետ Լիթ Անտերսըն, Եպիսկոպոսական եկեղեցիէն Քաթրին եպս. Ճեֆըրց Սքորին, իսկ Հայ առաքելական եկեղեցիէն Օշական արք. Չոլոյեանը։ Ստորագրողներուն շարքին են նաեւ աշխարհականներ։
Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ իսլամական ծայրայեղականութեան մագլցումով քրիստոնեաներուն կացութիւնը այնքան վատթարացած է, որ այլեւս միայն անհատները չեն, որ վտանգուած են, այլ ամբողջ քրիստոնեայ համայնքին քրիոստոնէութեան ծննադավայրին մէջ գոյութիւնը վտանգուած է։ Քրիստոնեաներուն դէմ յարձակումները կը շարունակուին։
Քրիստոնեայ ղեկավարները «բարիկամեցողութեան տէր մարդոց» կոչ կ՚ուղղեն՝ իրենց ջանքերուն միանալու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ ղեկավարներուն կոչ կ՚ուղղեն՝ որդեգրելու դիւանագիտական եւ մարդասիրական քայլեր։
\n