ԱՆԳԱՐԱ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՀՐԱՊՈՒՐԵԼ


CNN Turk-ի եւ Հիւրիյէթի անգլերէն բաժնի լրագրող Պարչին Եինանչ «Տը Մաժալլա» պարբերաթերթին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիա անգամ մը եւս դիմացաւ տարուան այն ժամանակահատուածին, երբ օտար երկիրներու դեսպանները Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան առջեւ շարքի կը կենան Ապրիլ 24-ին հայերու կողմէ ցոյցերու ժամանակ։ Այս տարի Անգարայի մէջ Հոլանտայի եւ Վրաստանի դեսպանները անոնցմէ էին, որոնք արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցան իրենց երկրին մէջ սպաննուած կամ աքսորուած անատոլուցի հայերու յիշատակին յուշակոթողներու կանգնեցման վերաբերեալ պաշտօնական հակազդեցութիւնը լսելու համար։

Սակայն այս տարի՝ հայկական ողբերգութեան 99-ամեակին ոգեկոչումներուն նկատմամբ Թուրքիոյ պաշտօնական կեցուածքին մէջ նկատառելի փոփոխութիւն մը գոյութիւն ունէր։ Նախորդ տարիներուն Թուրքիա այդ ոգեկոչումներուն կ՚առարկէր։ 2012-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց.«Մեզի համար Ապրիլ 23-ին եւ Ապրիլ 24-ին միջեւ տարբերութիւն չկայ»։ Այս տարի, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 23-ին հրապարակեց անակնկալ գրաւոր յայտարարութիւն մը, որ կը նշէր.«Ապրիլի 24-ը իւրայատուկ նշանակութիւն մը ունի մեր հայ քաղաքացիներուն եւ աշխարհի տարածքին բոլոր հայերուն համար, եւ կարեւոր առիթ մը կը ներկայացնէ պատմական հարցի մը շուրջ ազատօրէն կարծիքներ փոխանակելու»։

Այս յայտարարութեամբ, Թուրքիա Ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս ընդունեց իբրեւ յիշատակման օր, ինչ որ մեծ քայլ մըն է, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ թուրք ղեկավար մը պաշտօնապէս ցաւակցութիւն յայտնեց զանգուածային սպանութիւններուն համար։

Հանգստեան կոչուած դիւանագէտ Էօմեր Լիւթեմ, որ քառասուն տարի զգաղեցաւ հայկական հարցով, կը հաւատայ, որ Էրտողանի յայտարարութեան դրդապատճառը գազանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու հայերու ջանքերն են, որոնք կը նախատեսուին յառաջիկայ տարի 100-ամեակի առթիւ իրենց գագաթնակէտին հասնիլ։ «Կը կարծեմ, որ այդ է գլխաւոր պատճառը», ըսաւ ան։

Վարչապետին յայտարարութիւն անկասկած, որ յառաջիկայ տարի սպասուող հայկական արշաւը դիմակայելու ջանքերուն մաս կը կազմէ, սակայն բոլորը համաձայն չեն, որ սպասուող հարիւրամեակը Թուրքիոյ կեցուածքի փոփոխութեան պատճառն է։ Մէկ այլ հանգստեան կոչուած դիւանագէտ Ոլքան Վուրալ կը հաւատայ, որ ինքզինք քննելն ու Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց հետ հաշտուելու ջանքը կառավարութեան արտօնած է անցեալը վերատեսութեան ենթարկելու։ Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը փորձած էր այս հարցը լուծել բարելաւելով իրաւունքները Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց, ներառեալ հայերուն, ինչպէս նաեւ փորձելով բնականոնացնել յարաբերութիւնները հայերուն հետ, որուն հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի։

Սակայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու 2009-ի ջանքը լաւ աւարտ մը չունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ տարակարծութեան պատճառով։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները աւելի կարեւոր են քան Երեւանի հետ յարաբերութիւնները՝ Հայաստանի հետ հաշտութեան նոր փորձերը անհաւանական կը թուին։ Զիջումի մը հաւանականութիւնը առաւել նուազ կը թուի՝ նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ մէջ Օգոստոսին նախագահական ընտրութիւններ եւ յառաջիկայ տարի խորհրդարանական ընտրութիւններ նախատեսուած են։

Մինչ այդ՝ թրքական կառավարութիւնը, որ կը մերժէ 1915-ի դէպքերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալ, կը շարունակէ 100-ամեակի վերաբերեալ հայերու ծրագիրներուն դէմ «հակայարձակումը»։

Շատեր այն կարծիքը ունին, որ հարիւրամեակի ազդեցութիւնը պէտք չէ չափազանցել։ Վուրալ կը յայտնէ.«Անպայման որ գլխացաւեր պիտի ըլլան։ Հաւանաբար ատիկա պիտի թունաւորէ յարաբերութիւնները կարգ մը երկիրներուն հետ, ոչ բոլորին հետ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու նման երկիրներու հետ որոշ չափով, ինչպէս նաեւ լատին ամերիկեան երկիրներուն հետ եւս։ Սակայն չեմ կարծեր, որ ասիկա Թուրքիոյ համար շատ մեծ հարց պիտի ըլլայ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.