Թուրքիան Կը Խոչընդոտէ Սուրիական Տագնապի Քաղաքական Կարգաւորումը. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

\n \n

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Թուրքիոյ իշխանութիւնները, նախկինին պէս, կը խոչընդոտեն սուրիական ճգնաժամի քաղաքական կարգաւորումը: Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս՝ վստահութիւն յայտնելով, որ սուրիացի ժողովուրդը պիտի վերականգնէ երկիրը:
Գարեգին Բ. կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան՝ ներդրելու բոլոր ջանքերը՝ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերականգնման համար եւ որպէսզի պարտադրաբար իրենց տուները լքած հայերը վերադառնան իրենց օճախները:
Կաթողիկոսը բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւնները՝ յիշեցնելով, որ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք բազմաթիւ հայեր ապաստան գտան Սուրիոյ մէջ՝ պահպանելով իրենց ազգային մշակոյթն ու արժանապատուութիւնը: Գարեգին Բ. ընդգծած է, որ Սուրիոյ մէջ հայկական եկեղեցին ահաբեկիչներու յարձակման ենթարկուած է, բայց երկրի կառավարութեան վերաբերմունքը, օգնութիւնն ու աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ՝ անկեղծ երախտագիտութիւն կը պատճառէ։

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.