Լաթաքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան 99ամեակի Նշում
Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2014-ին Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակին նուիրուած Ս.եւ Անմահ Պատարագ, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Մեծ Եղեռնի յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն հոծ բազմութեան ներկայութեան։
Այնուհետեւ ներկայ ժողովուրդը բարձրացաւ «Արարատ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ հայկական միութիւններու համատեղ աշխատանքով կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչական ձեռնարկը։
Հանդիսավար Հուրի Տէիրմենճեան-Գարամարտեան ներկայացուց բացման խօսքն ու յայտագիրը։
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ բժիշկ Յովհաննէս Խաչատուրեան։
Գեղարուեստական յայտագրով Պերճ Երէցեան մեներգեց Գուսան Աշոտի ‘Ձախորդ օրերը’ երգը, ապա ելոյթ ունեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Գարուն» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Պերճ Երէցեանի։ Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»-էն «Ղօղանջ Եղեռնական» քերթուածը, իսկ Դուին Նազարեան Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» քերթուածը։
Ժանօ Մանճիկեան դաշնամուրով մեկնաբանեց «Կիլիկիա» երգը, իսկ Վագօ Կարճիկեան մեներգեց «Զարթիր որդեակ» երգը։ Այնուհետեւ Պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին «Ճակատագիր» խորագրով թատերական ներկայացում մը, նուիրուած հայ վրիժառու բազուկներուն եւ նուիրեալ ու մարտունակ հայ երիտասարդներուն։ Ս.Ե.Մ.-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի ընկերուհիները հանդէս եկան «Մուշ» հայկական պարով։
Օրուան բանախօսն էր այս առիթով Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն յատուկ ժամանած Տ.Արտակ աբեղայ Արապեան, որ Ցեղասպանութեան համառօտ նկարագրութիւնն ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան հիմքերը ներկայացնելէ ետք շեշտեց, թէ Սուրիոյ տագնապի օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն ու Կիլիկիոյ թեմը միշտ նեցուկ կանգնեցան ու պիտի շարունակէ կանգնիլ սուրիահայութեան եւ այս օրերուն յատկապէս քեսապահայութեան։
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Տէր Գառնիկ քհնյ.Չափանեանի «Պահպանիչ» աղօթքով։
Երեկոյեան, Ս.Ե.Մ.-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ եւ «Շանթ» մասնաճիւղի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական ձեռնարկ մը Լաթաքիոյ Ս.Օ.Խ.-ի ակումբէն ներս։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկհ. Մարիա Նազարեան, որ կոչ ուղղեց երիտասարդութեան տէր կանգնիլ պատմական մեր իրաւունքներուն։
Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան հետեւեալ ընկեր-ընկերուհիները.- ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ Դանիէլ Դանիէլեան, կիթառի նուագակցութեամբ՝ Ռազմիկ Մելքոնեանի, ինչպէս նաեւ Նարեկ Առաքելեան։ Ճէյմս Պետիրեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը» քերթուածը, Ս.Ե.Մ.-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի ընկերուհիները ներկայացուցին «Մուշ» պարը։
Այնուհետեւ խումբ մը երիտասարդներ ներկայացուցին Ա.Ահարոնեանի «Վազրիկ» պատմուածքին բեմականացումը։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Տէր Գառնիկ քհնյ.Չափանեանի «Պահպանիչ» աղօթքով։
«Գանձասար»