Մահացաւ Associated Press-ի լուսանկարիչ Հերի Գունտագճեանը
\n
\n
Ապրիլ 21-ին Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Associated Press միջազգային լրատուական գործակալութեան երկարամեայ աշխատակից Հերի Գունտագճեան, որ իր գործունէութեան ընթացքին լուսանկարեց պատմական դէմքեր եւ պատմական պահեր:
\n
Հերի Գունտաքճեան 22 տարեկանին Պէյրութի մէջ աշխատակցած է ֆրանսախօս «Լ՚Օրիան» եւ անոր արաբախօս տարբերակը եղող «Ժարիտա» օրաթերթերուն: Նոյն շրջանին ան աշխատակցած է նաեւ շարք մը այլ թերթերու, ինչպէս՝ «Մակազին», «Ուսպուհ Արապի», «Թայմ» եւ «Լայֆ» պարբերաթերթեր, «Էսոշիէյթըտ Փրէս», «Փարի Մաչ», «Ֆրանս Սուար», «Տը Տէյլի Մէյլ» եւ «Տը Լոնտոն Թայմզ»:1966ին Հերի Գունտաքճեան միացած է «Էսոշիէյթըտ Փրէս» լրատու գործակալութեան՝ անդրադառնալով միջին արեւելեան զարգացումներուն, ինչպէս՝ պետական հարուածներ, թագաւորական պսակներ (Յորդանանի Հիւսէյն թագաւորի 4 պսակները), Թուրքիոյ, Իրանի եւ Մարոքի մէջ երկրաշարժեր եւ արեւելեան Փաքիստանի եւ Պանկլատէշի մէջ մրրիկներ:
\n
Լուսանկարած է Եւրոպայի գեղեցկուհիի ընտրութիւնները, Պապին առաջին Երուսաղէմ, արեւելեան Փաքիստան եւ Թուրքիա այցելութիւնները: Արաբներու եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան բանակցութեանց ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահի օդանաւով ընկերակցած է արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըրի եւ Սայրըս Վանսի: Ընկերակցած է Միացեալ Նահանգներու Առաջին տիկին Փաթ Նիքսընի՝ Արեւմտեան Ափրիկէ անոր այցելութեան ընթացքին եւ Ռէզա Փէհլէվի շահի հրաժարելուն ատեն Թեհրանի մէջ Ասիական Ողիմպիականի պատասխանատու լուսանկարչական խմբագիրը եղած է:
\n
1992-ին լուսանկարած է Նիւ Եորքի Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին դիմաց անկախ Հայաստանի եռագոյն դրօշի բարձրացման արարողութիւնը: 1973էն 1979 անդրադարձած է լիբանանեան տագնապին, ապա փոխադրուած է «Էսոշիէյթըտ Փրէս»ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղին: Հերի Գունտաքճեան տիրացած է լուսանկարչական շարք մը մրցանակներու, իսկ մինչեւ 2006 կը պաշտօնավարէր «Էսոշիէյթըտ Փրէս»ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ՝ իբրեւ Միջազգային լուսանկարներու խմբագիր:
\n
Իր գործունէութեան ընթացքին միշտ սատարած է Սփիւռքի եւ հայրենիքի մամուլին, հայկական թերթետուն տրամադրելով Associated Press-ի լուսանկարները:
\n
2007-ի Սեպտեմբերին, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի նախաձեռնութեամբ, Մոնթրէալի մէջ ցուցադրուեցաւ Հերիի պատմական լուսանկարներէն հաւաքածոյ մը։
\n
\n
\n
\n
\n
\n