Եւրոպական միութեան խորհրդարանը կը դատապարտէ Քեսապի դէմ յարձակումը
- (0)
\n

\n
Բանաձեւը յատկապէս կը դատապարտէ հայկակական Քեսապ աւանին վրայ եղած յարձակումը, նշելով՝ «2014 մարտի վերջերուն վարչակարգի ուժերուն եւ ապստամբներուն, ներառեալ Ալ Քաիտայի առնչուած տարրերու, միջեւ տեղի ունեցած մարտերը մղեցին Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին գտնուող Քեսապ հայկական աւանի խաղաղ բնակչութեան մեծամասնութեան տեղահանման»:
\n
Բանաձեւին մէջ նաեւ նշուած է ազգային եւ կրօնական հարուստ բազմազանութեան մասին, շեշտելով, որ նշեալ համայնքները մի’շտ մաս կազմած են Սուրիոյ ընկերութեան, եւ խաղալիք կարեւոր դեր ունին Սուրիոյ ժողովրդավարականացման մէջ, եւ պէտք է իրենց ներկայութիւնն ունենան խորհրդակցութեանց՝ կապուած երկրի ապագային եւ հաշտեցման գործընթացին: Այս համայնքները փորձած էին խուսափիլ հակամարտութեան մէջ կողմ ըլլալէ, շատեր գիտակցելով, վարչակարգի փոփոխութեան անհրաժեշտութեան, բայց նաեւ կը վախնան, որ եթէ իշխանութիւնը տապալի՝ պիտի թիրախը դառնան սիւննի ժիհատական ապստամբներու, որոնք իսլամական պետութիւն մը կ’ուզեն հաստատել: Եւրոխորհրդարանը նաեւ մտահոգ է Ալ Քաիտայի առնչուած Ալ Նուսրա ճակատով՝ որ Թուրքիոյ սահմանին գտնուող կարգ մը քրիստոնեական եւ քրտական գիւղեր գրաւած է:
\n
Պասթիաան Պելտեր (Ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան Եւրոպա, Հոլանտա) շեշտեց, որ բանաձեւը ամբողջական պիտի չըլլայ այնքան ատեն, որ Քեսապի մասին ամբողջական իրականութիւնը չբացայայտեր, Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք, անգամ մը եւս Թուրքիոյ ներգրաւուածոթեամբ, շրջանի հայ բնակչութիւնը տեղահանուած է. եւրոերեսփոխան Պելտեր նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան շուրջ հետաքննութիւն պէտք է բացուի Քեսապի դէմ գործուած յարձակումին համար, որ Անգարայի Միջին արեւելքի կործանարար քաղաքականութեան շարունակութիւնն է: Վերոնիք Տը Քէյզեր (Ընկերվար եւ ժողովրդավար յառաջադէմ դաշինք, փոխ նախագահ, Պելճիքա) դատապարտեց ահաբեկիչ խմբաւորումներու կողմէ Քեսապի հայութեան տեղահանումը:
\n
Եւրոպական միութեան յանձնաժողովի փոխ նախագահ Խոաքին Ալմունիա խիստ մտահոգուած է Քեսապի դէմ ժիհատականներու յարձակումէն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի չափազանց դաժանութենէն, նշելով, որ Եւրոմիութիւնը կ’օգնէ խոցելի համայնքները եւ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ տեղահանուածներուն:
\n

\n