ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕԴԱՆԱՒ ՄԸ ՀԱՍԱՒ ԼԱԹԱՔԻԱ
1462
0
\n
\n
\n
\n
Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2014-ին, Լաթաքիոյ «Պասէլ Ալ Ասատ» օդակայան հասաւ Ռուսիոյ ժողովուրդին կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին ուղղուած օժանդակութիւններու օդանաւ մը, որ կ՛ընդգրկէր 15 թօն սննդամթերք եւ դեղորայք:
\n
Ռուսիոյ արտակարգ դրութիւններու նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնեց, որ սոյն նպաստը ուղղուած է Սուրիա ներխուժած ահաբեկիչներու բռնարարքներէն վնասուած սուրիացի ժողովուրդին:
\n
Օժանդակութիւններու պաշտօնական ստանձնման ներկայ եղաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ հիւպատոս Կարէն Վասիլեան:
Սոյն օժանդակութիւններէն բաժին յատկացուեցաւ Լաթաքիա հաստատուած քեսապահայութեան:
\n