ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ



Այսօր, չորեքշաբթի 16 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն Հալէպի Ալ-Նիլ թաղամասը թիրախ դարձաւ հրթիռի մը: Հրթիռի պայթումէն ստացած բեկորներու պ

ատճառով նահատակուեցաւ սուրիական բանակի զինծառայող 1995-ի ծնունդ Գրիգոր Աշնագըլեան։
Նշենք, որ Գրիգոր քանի մը ամսուան ծառայութիւն ունէր:
Անոր թաղմանական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ, այսօր յետ միջօրէին, ժամը 2.00-ին, Հայ Կաթողիկէ «Ս. Երրորդութիւն» (Զուարթնոց) եկեղեցւոյ մէջ: PERIO NEWS


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.