Քեսապի Վրայ Յարձակումին՝ Թուրքիա Օգնած Է Իսլամականներուն. «Թելեկրաֆ»


ՊԷՅՐՈՒԹ.- Բրիտանական «Թելեկրաֆ» թերթի լրագրող Ռութ Շըրլաք Երեքշաբթի, Ապրիլ 15ին թերթի կայքին վրայ զետեղուած յօդուածի մը մէջ անդրադարձած է Քեսապի վրայ յարձակումին՝ մատնանշելով, որ թէ՛ Քեսապէն տեղահանուածները, թէ՛ Քեսապը բռնագրաւած իսլամ ծայրայեղականները եւ թէ չէզոք կողմերը հասած են այն եզրակացութեան, որ Թուրքիա օգնած է Քեսապը գրաւող ապստամբ ուժերուն։
Շըրլաք կը գրէ, թէ ապստամբ զինուորները Թուրքիոյ կողմէ ներխուժեցին Սուրիոյ սահմանակից Քեսապ հայաբնակ քաղաքը։ Ապստամբ ուժերէն պատասխանատու մը, որ չէ ուզած իր ինքնութիւնը բացայայտել, ըսած է. «Հարկաւոր էր տարբեր անկիւնէ մը յարձակիլ։ Ծովեզերքի միակ անցքը Թուրքիոյ սահմանն էր։ Կարճ խօսքով՝ Թուրքիոյ ապահոված օգնութիւնը մեծ օգնութիւն էր»։
Պետրոս կեղծանունով 45ամեայ քեսապահայ մը հետեւեալը ըսած է յարձակումին մասին. «Թնդանօթներու ձայնով արթնցանք։ Հագուելու համար ժամանակ չունէինք։ Կինս եւ զաւակներս առի եւ փախայ։ Մեզի հետ որեւէ բան առնելու ժամանակ չունէինք։ Կարգ մը մարդիկ ստիպուեցան գիշերանոցներով փախչիլ»։
Թերթը կը գրէ, որ երբ Քեսապը «Քայիտա»ի կապուած իսլամական խմբակներու ձեռքը անցաւ, երկու հազար անձեր փախուստ տուին եւ լքեցին քաղաքը։
Պետրոսի մէկ ազգականը յայտնած է, որ ինք իսլամական ապստամբները տեսած է թուրք զինուորներու հետ՝ կողք կողքի։ Պետրոս իր տեղեկատուութեան մէջ նշած է նաեւ, որ ռմբակոծումը սկսած է Թուրքիոյ սահմանէն։
Թերթը նաեւ կը գրէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին կատարուած պնդումները «բոլորովին անհիմն եւ սուտ» կ՛որակէ։
Թերթին լուրը կը շարունակուի հետեւեալ կերպով. «Թուրքիա թէեւ սուտ կ՛որակէ լուրը, սակայն Թուրքիոյ յայտարարութիւնները կը հակասեն Մարդկային իրաւանց դէտ կազմակերպութեան )Human Rights Watch) կատարած ստուգումներուն եւ ականատեսներու վկայութիւններուն։ Կազմակերպութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատասխանատուն՝ Լամա Ֆաքիհը, նշած է, որ անհնարին էր առանց Թուրքիոյ գիտակցութեան այս խմբակներու Սուրիա մուտքը։ Ֆաքիհ հետեւեալը ըսած է. «Երկար ատենէ ի վեր ապստամբ ուժերու ցանկութիւնն էր յարձակիլ Քեսապի վրայ։ Բայց Թուրքիա նախապէս ատոր արտօնութիւնը չէր տուած»»։
Վերջաւորութեան, Շըրլաք կը գրէ, թէ կատարուած յարձակումը հայերու յիշողութեան մէջ կը վերակենդանացնէ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ գործադրուած տեղահանութեան յուզումնալի դէպքերը՝ նկատի ունենալով, որ այդ քաղաքի բնակիչները իրենց նախորդ սերունդներուն պատմած յիշատակներով մեծցած են։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.