Լալա Օհաննէս Յովակիմ Իրաքի խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածու

\n

\n

 

\n

Կը յիշուի, որ Իրաքի թագաւորական կարգերու ընթացքին /1921-1958/, կարճ ժամանակի մը համար, խորհրդարանի հայ կաթօլիկ պատգամաւոր մը եղած է: Իսկ անոր յաջորդող հանրապետութեան շրջանին ոչ մէկ հայ, նոյնիսկ թեկնածու չենք ունեցած:

\n

2003 -ին ստեղծուած նոր կարգերը իրենց հետ բերին <դեմոկրատական> նոր հասկացողութիւններ: Նոր սահմանադրութեան մէջ շեշտակիօրէն յիշուեցան փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, որու հետեւանքով, այլ եւ այլ հարցերու կողքին, խորհրդարանին մէջ ներկայացուելու հրամայականը:

\n

Այս նոր կարգերու շրջանին, երրորդ խորհրդարանն է, որ պիտի կազմուի: Առաջինին մէջ ոչ մէկ հայ թեկնածու կար, իսկ երկրորդին, իրաքահայութեան քաջ ծանօթ պրն. Ատնան Նասրի Ալմաստեանի որդին, Ժաք Ատնան Նասրին արաբական ցանկի մը վրա իր թեկնածութիւնը դրած էր, որը դժբախտաբար յաջողությիւն չունեցաւ:

\n

Ներկայիս 2014-ի երրորդ խորհրդարանի համար ներկայացուած են երեք հայեր՝ Ժաք Ատնան Նասրին՝ արաբական ցանկի մը վրա, Ալէքս Թէրճանեան՝ նոյնպէս արաբական ցանկի մը վրայ, իսկ երրորդը՝ տիկ. Լալա Օհաննէս Յովակիմ Պետրոսեանն է: Տիկ. Պետրոսեանը կը վայելէ հայ համայնքի եւ առաջնորդարանի զօրակցութիունը, տրուած ըլլալով, որ ան գործունեայ, երիտասարդ եւ աշխույժ անձնավորութիւն մըն է, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պասրայի մեր համայնքի ազգային, մշակութային, եկեղեցական, միութենական եւ երիտասարդական ձեռնարկներուն: Անդամ է Պասրայի հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան եւ Պասրայի Հայ կարմիր խաչին: Ծնած է Պասրա՝ 1976-ին, աւարտած է Պասրայի համալսարանը, որպէս ելեկտրականութեան ճարտարագէտ: Ներկայիս Պասրայի համալսարանի բժշկական բաժնի համակարգչայինի ընդհանուր պատասխանատուն է: Իր գործի մարզին մէջ ունի բավականին լայն մասնակցութիւն, թէ որպէս դասախօս եւ թէ որպէս համագումարներու կազմակերպման յանձնախումբերու անդամ: Ամուսնացած է պրն. Հովաք Պետրոսեանի հետ, որը վերջերս Պասրա նահանգի խորհուրդի անդամ ընտրուեցավ:

\n

Խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Ապրիլ 30-ին, ներկայացուած են 9040 թեկնածուներ: Ըստ 2014-ի օրէնքին խորհրդարանի անդամներու թիւը սահմանուած է 328-ի, որմէ 320 աթոռ բաժնուած է Իրաքի 18 նահանգներու վրայ, մնացեալ 8-ը աթոռները յատկացուած են փոքրամասնութիւններուն, որմէ 5աթոռը քրիստոնեաներունն է:

\n

Այս առնչութեամբ, ի մասնավորի նախորդ խորհրդարանի ընտրութեան ընթացքին չկրցանք համոզել մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն, որ անոնց 5 աթոռներէն մէկը հայերուն տրուի, ուստի ներկայ ընտրութիւնէն առաջ աշխատանք տարուեցավ, որ անկախ քրիստոնեներու հինգ աթոռներէն աթոռ մը հայութեան յատկացուի /մասնաւոր բաժինով՝ quota/, որը դժբախտաբար չյաջողեցանք:

\n

Վերջապէս քրիստոնեաներու ներկայացուած ցանկէրեն մէկուն մէջ տիկ. Լալան ընդգրկվուեցավ: Ցանկը կը կրէ <Ուր Հայրենական> անունը:

\n

Տիկ. Լալան Իրաքի մէջ առաջին հայ տիկինն է, որ կը մասնակցի, որպէս թեկնածու իրաքեան խորհրդարանին:

\n

Յիշատակելու արժանի է նաեւ, որ Իրաքի հիւսիսային Քրդական ինքնավար մարզի խորհրդարանին մէջ այս երկրորդ նստաշրջանն է, որ մէկ հայ կը ընտրուի նոյնպէս -յի ձեւով: Նախկին շրջանի պատգամավորն էր պրն. Բակոյեանը, իսկ ներկայիս պրն. Երուանդ Էմինեանը, որոնք, երկուքն ալ շրջանի մեր թաղականութեան անդամներ եղած եւ են:

\n

Կոչ կո՛ւղղենք բոլոր իրաքահայերուն, որոնք արտասահմանի տարբեր երկիրներու մէջ հաստատուած են, իրենց մասնակցութիւնը բերեն 30 ապրիլի ընտրութիւններուն, դիմեն իրենց երկիրներու իրաքեան դեսպանատուները:

\n

Անհրաժեշտ է, որ իրաքահայերը հաջողին իրենց ձայնը ունենալ կազմուելիք խորհրդարանին մէջ, որպէսզի պաշտօնապէս մեր ունեցած հարցերը բարձրացնենք ուր որ անկ է: Այս մէկը առիթ մըն է, ուստի ձեր ձայները տուէք Լալա Պետրոսեանին՝ 305 ցանկի թիւ 9 անունին:

\n

Պարոյր Յակոբեան

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.