Հայ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Հալէպի Մէջ
1435
0
Հալէպի մէջ կը շարունակուին զինուորական թէժ բախումները։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանսասար» թերթը:
Զինեալ խմբաւորումներ կը շարունակեն տասնեակներով հրասանդեր եւ արկեր արձակել Հալէպի զանազան շրջաններուն, յատկապէս Նոր Գիւղ շրջանին վրայ` մարդկային եւ նիւթական լուրջ վնասներ հասցնելով բնակչութեան։ Արձանագրուած են հայ եւ տեղացի վիրաւորներ, զոհեր։ Վիրաւոր հայորդիներու անուններն են․-
Վրէժ Եագուպեան
Ժագ Տէկիրմենճեան
Յարութ Աբիկեան
Արաքսի Օրուլեան
Յասմիկ Մանուէլ-Թիւթիւնճեան
Կարօ Քարակիւլլէյեան:
Տեղացի զոհերուն կողքին, զոհուած են նաեւ երկու հայորդիներ՝ Սագօ Աշնալըքեան եւ Լեւոն Գէորգեան։
«Գանձասար»-ը կը զգուշացնէ եւ կը խնդրէ տեղի բնակչութեան հեռու մնալ պատուհաններէ եւ պատշգամներէ , իսկ պայթիւններու ձայներ լսելու պարագային անմիջապէս դուրս չելլել։