36 Տարի Առաջ. Սումկայիթի Հայերու Կոտորածը
Արցախեան շարժման սկսելէն քանի մը օր ետք` 26 փետրուար 1988¬ին Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութեան քաղաքային կոմիտէին կազմակերպած հանրահաւաքը, զոր կը վարէր կոմիտէի երկրորդ քարտուղար Մելիք Պայրամովա, հակահայ կարգախօսներու ներքեւ ընթացած հանրահաւաքը շար»ունակուեցաւ նաեւ յաջորդ օրը:
Անոր ընթացքին ելոյթ ունեցողները կոչ կ՛ուղղէին` պատժելու հայերը, սպաննելու ու վտարելու զանոնք Սումկայիթէն եւ առհասարակ Ազրպէյճանէն: Իւրաքանչիւր խօսքէ ետք կը հնչէր «Մահ հայերուն» կոչը:
Հակահայ կիրքերը բորբոքելու նպատակով Կապանէն եկած գաղթականներու անուան տակ սկսան գործել յատուկ պատրաստուած սադրիչներ, որոնք ստայօդ լուրեր սկսան տարածել իբր թէ Հայաստանի մէջ ազրպէյճանցիներու դէմ տեղի ունեցած զանգուածային յանցագործութիւններու մասին:
Սումկայիթի Ապշերոնեան թերակղզիին հիւսիսային կողմը, Կասպից ծովու ափին, Պաքուէն 30 քիլոմեթր հիւսիս, ունէր 224 հազար բնակչութիւն, որուն շուրջ 18 հազարը հայեր էին:
Սուկայիթի տական իշխանութիւնները քաղաքի հայերու բնակարաններուն ցուցակներ կազմած, ջարդեր կազմակերպողներ հաւաքագրած, անոնց անվճար թմրեցուցիչ ու ոգելից ըմպելիներ, ինչպէս նաեւ մետաղեայ ձողեր, կացիններ ու մուրճեր տրամադրած էին: Միւս կողմէ, հայերու բնակարաններէն հեռաձայնային կապերը անջատուած էին: Պայմանական եւ ազդանշանային համակարգեր գործի դրուած էին հայերու տեղերը բացայայտելու համար: Քաղաքային, ներքին գործոց նախարարութեան եւ շտապ օգնութեան ծառայութիւնները քաշուեցան հրապարակէն:
Հայերու դէմ ջարդերը սկսան փետրուար 27-ի երեկոյեան եւ յաջորդ օր լայն ծաւալ ստացան:
Ջարդարարները, քանի մը տասնեակ հոգիէ բաղկացած խումբերու բաժնուած, ներխուժեցին նախապէս նշանառուած հայկական բնակարանները: Մարդիկ կը սպաննուէին իրենց տուներուն մէջ, կամ զանոնք դուրս` փողոց կամ բակ կը հանէին եւ հրապարակային ծաղր ու ծանակի ենթարկելէ իսկ կիներն ու աղջիկները բռնաբարելէ ետք կը սպաննէին:
Փետրուար 28-ի երեկոյեան բանակային ստորաբաժանումներ մտան Սումկայիթ, սակայն անոնք քաղաքը աստիճանաբար իրենց հսկողութեան տակ առին, քանի որ ուժ եւ զէնք գործադրելու հրաման չէին ստացած:
Հայերու սպանութիւնները կը շարունակուէին: Զօրքերու անտարբերութեան պատճառով ամբոխը յարձակեցաւ զինուորներուն վրայ, եւ 270 զինուորական տուժեց: Միայն փետրուար 29-ի երեկոյեան բանակային ստորաբաժանումները վճռական գործողութիւններու դիմեցին եւ կասեցուցին հայերու դէմ ջարդերուն շարունակութիւնը:
Խորհրդային պաշտօնական տուեալներու համաձայն, սպաննուեցան քսանվեց հայեր, հարիւրաւորներ ալ վիրաւոր եւ հաշմանդամ դարձան, շատեր ալ անյայտ կորսուեցան: Սակայն գոյութիւն ունին բազմաթիւ տուեալներ, որոնք կ՛ապացուցեն որ զոհերուն թիւը անհամեմատ աւելի մեծ էր: Անպաշտօն տուեալներ հարիւրաւոր սպաննուածներու մասին վկայած են, ներառեալ անոնք, որոնք ողջ-ողջ հրկիզուած են. հազարաւորներ վիրաւորուած են, եւ հարիւրաւորներ`բռնաբարուած: Քաղաքին բոլոր հայերը տեղահան եղան:
Խորհրդային Միութեան դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցեց Սումկայիթի դէպքերուն առիթով: Դատական պատասխանատուութեան ենթարկուեցաւ 94 հայեր Մեղադրեալներէն մէկը միայն մահուան դատապարտուեցաւ, սակայն յայտնի չէ, թէ արդեօք դատավճիռը գործադրուեցա՞ւ: Ջարդարարներու մեծ մասը կարճ ժամկէտով բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, բայց շուտով ազատ արձակուեցաւ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Comments are closed.