Հայկական Բանակը Ետ Շպրտած Է Ատրպէյճանական Խափանարար Խումբերը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Համաձայն պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն՝ 7 Ապրիլին, ժամը 22։30ի շուրջ, ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու հանդիպման գիծի հարաւարեւելեան (Մարջանլու) ուղղութեամբ հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած է ատրպէյճանական խումբերու հետախուզական բնոյթի համակարգուած փորձ:
Այս առիթով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշելով ադրբեջանական գրոհայինների առաջխաղացումը՝ դիմել են հակազդիչ գործողութիւնների եւ նրանց հետ շպրտել իրենց ելման դիրքերը: Նահանջի ճանապարհին՝ պայթելով պաշտպանական հատուածում տեղադրուած ականադաշտում՝ հակառակորդը տուել է 3 զոհ (որից մէկը՝ սպայ) եւ 6 վիրաւոր: Ադրբեջանական գրոհայիններին դիմակայելու ընթացքում ղարաբաղեան կողմը կորուստներ չի ունեցել»։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ յայտնած են, որ երեք ատրպէյճանցի զինուորներ մահացած են, իսկ վեց ուրիշներ վիրաւորուած՝ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական զինուած ուժերու հանդիպման գիծին վրայ ականի մը պայթումէն: Ըստ անոնց, երեք մահացողներուն կարգին էր սպայ մը, դէպքը տեղի ունեցած է Երկուշաբթի երեկոյեան՝ Ֆիզուլիի շրջանին մէջ։
Աւելի ուշ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած է, որ խումբ մը վիրաբոյժներ մեկնած են շրջան եւ ծանր վիրաւոր զինուորը ուղղաթիռով տեղափոխած մայրաքաղաք Պաքու: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ դէպքի վայր ուղղուած է պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.