Քեսապէն Թուրքիա Տարուած Թիթիզեան Քոյրերու Իսկական Պատմութիւնը

\n

Լաթաքիա քաղաքի մերձակայ Քեսապ գիւղաքաղաքը, 21 Մարտէն ի վեր, Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերու հսկողութեան տակ է։ Քէսապ ամբողջովին ամայացած է, իսկ կողքի Գարատուրան գիւղը մնացած քանի մը տարեցներն ալ տեղահանուած են ընդդիմադիր ուժերու կողմէ։ Գարատուրանցիներու դէպի Լաթաքիա հաւաքական երթը տեղի ունեցաւ 22 Մարտին։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ “Ակօս” օրաթերթի լրագրող Լորա Պայթար Չափար:

\n

Երկու քոյրեր՝ 84-ամեայ Սաթենիկ եւ 82-ամեայ Սրբուհի Թիթիզեաններ չէին կրցած հասնիլ Լաթաքիա գացողներու կարաւանին։

\n

Նախորդ Երկուշաբթի, ընդդիմադիրները զիրենք իրենց տունէն առին ու Եայլատաղի սահմանադռնէն անցնելով յանձնեցին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։ Եայլատաղի գաւառապետութեան եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան միջնորդութեամբ, երկու քոյրերը փոխադրուեցան հայաբնակ Վաքըֆլը գիւղ։ Անոնք տունէն ելած էին, կարծելով որ Լաթաքիա պիտի երթան, եւ հիմա՝ շփոթի ու սարսափի մատնուած են Թուրքիա բերուելով։ Թիթիզեան քոյրերու հետ միասին, 90 ամեայ Իսման Նիզար անուն սուրիացի մըն ալ Եայլատաղ բերուած էր։ Գաւառապետ Թուրան Եըլմազ եւ ոստիկանապետ Աքիֆ Գըզըլքայա դիմաւորեցին զիրենք ու երեկոյեան ժամերուն ալ Վաքըֆլը գիւղ հասցուցին։ Այս առթիւ Սաթենիկ եւ Սրբուհի Թիթիզեաններուն հետ ունեցանք մտերմիկ հանդիպում մը, մենք հարցուցինք, անոնք պատասխանեցին։

\n

== Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՞ս պատմեցին ցաւալի իրողութիւնը.-
— Երկուշաբթի էր, թէ՞ Երեքշաբթի, վստահ չեմ։ Հայերը շաբաթ մըն է որ հեռացած էին Քէսապէն։ Մորուսաւոր, հսկայակազմ, երկար մազերով մարդիկ եկան մեր տունը։ Սոսկացինք բնականաբար։ Մեզ հանդարտեցուցին։ Տունը խուզարկեցին, զէնք կը փնտռէին։ Թրքախօս էին եկող նե րը։ Յա ջորդ օր արա բախօսներ երբ եկան, մեր հարեւան Սթալինին դիմեցինք, որպէսզի թարգման ըլլայ։ Ըսին, որ յաջորդ առտու կանուխ պիտի գան ու մեզ Լաթաքիա պիտի տանին։ Այդպէս ալ եղաւ, պատրաստուած էինք արդէն։ Տան դուռը կղպեցի ու բանալիներն ալ իրեն տուի։ Գիտէի որ մեզմէ յետոյ տուն պիտի մտնեն։ Խորհեցայ որ գոնէ բանալիով կը բանան, դուռը չեն կոտրեր։ Մինչեւ սահման հասնիլը, կը կար էի թէ Լաթաքիա կ՚երթանք, բայց յետոյ նկատեցի որ արդէն Թուրքիա հասած ենք։ Մեզ «մեծ մարդուն» (գաւառապետին) ներկայացուցին։ Մատնահետքերնիս ստուգեցին, արեան ճնշումներնիս չափեցին, փասփորթնիս վար դրին ու ըսին որ.– «Այստեղ հայկական գիւղ մը կայ, ուր եկեղեցի մըն ալ կայ, ձեզ հոն պիտի ղրկենք»։ Ահա հիմա արդէն հոս ենք։

\n

== Մինչ այդ անունը ինծի հետաքրքրական թուած Սթալինը հարցուցի, ան ի՞նչու չէր բաժնուած։
— Տա րիքոտ էր, շատ տարիքոտ։ Եթէ պիտի մեռնիմ հոս կը մեռնիմ, ըսաւ ու հրաժարեցաւ գիւղէն դուրս գալէ։

\n

== Այս անգամ հարցումս փոխեցի։ Արդեօք կ՚երեւակայէի՞ք, որ այսքան մեծ խումբով պիտի յարձակէին գիւղին վրայ։
— Չէինք երեւակայեր, բայց մեզի ըսին, որ Էրտողանը ճամբաները բացած է։ Իսկապէս ալ եթէ այդպէս չըլլար՝ այսքան մեծ թիւով գէշ մարդ չէր կրնար գալ Քէսապ ու Գարատուրան։ Այդ մօրուսաւոր չար մարդիկը Թուրքիայէն եկան։ Բարեբախտաբար ժողովուրդը արդէն հեռացած էր, այդ պատճառաւ ալ զոհեր չունեցանք։ Միայն իրենց պիտանի բաները թալանեցին։ Բոլոր տուներուն դռները կոտրեցին ու բացին։ Ժողովուրդը արդէն ինքնաշարժներով գացած էր, բայց թրաքթէօրները թողած էին։ Անոնք ալ սկսան այդ թրաքթէօրներով շրջիլ գիւղին մէջ։ Այլեւս Գարատուրան դժուար թէ երթանք, որովհետեւհոն պատերազմ կայ։ Բայց եթէ կրնաք մեզ Լաթաքիա, Քէսապէն եկողներու քով ղրկել, կ՚երթանք անշուշտ։ Պէյրութ ալ քոյր եւ եղբայր ունիմ, հոն ալ կրնամ երթալ։ Հոս ալ մենք մեզ ապահով կը զգանք, որովհետեւ գիւղացիները շատ ջերմ կը վերաբերին մեզի հետ…»։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.