Հրաչ Մուրադեանի Սպանութեան Առաջին Տարելիցին Առիթով՝ Ոգեկոչում Եւ Բողոք

\n

\n

\n

ԵՐԵՒԱՆ.– 2 Ապրիլին ամբողջացաւ Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան առաջին տարին, այս առիթով տեղի ունեցաւ քայլարշաւ, մոմավառութիւն, յիշատակի արարողութիւն. շրջանի բնակիչները այս առիթով իրենց բողոքը բարձրացուցին՝ յիշեցնելով, որ տարի մը ետք տակաւին ոճրագործը չէ բացայայտուած:
\n 2 Ապրիլին յիշատակի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Հրաչ Մուրադեանի հայրենի գիւղին՝ Պռոշեանի մէջ: Բազմաթիւ պռոշեանցիներ խունկ ծխեցին սպաննուած գիւղապետին գերեզմանին մօտ, ուր նաեւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն:
\n Անկէ ետք, գերեզմանատունէն վերադարձին, խումբ մը պռոշեանցիներ փակեցին Երեւան-Գիւմրի միջպետական ճամբան՝ պահանջելով, որ ներկայանան Հայաստանի ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանը եւ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը: Անոնք կը բողոքէին, որ իրենց գիւղապետին սպանութենէն մէկ տարի ետք տակաւին յանցագործութիւնը չէ բացայայտուած:
\n Բողոքող պռոշեանցիներուն միացան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանն ու խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը:
\n Տեղւոյն ոստիկանները ճամբան փակած գիւղացիներուն առաջարկեցին բանալ ճամբան, որովհետեւ գլխաւոր դատախազը այդ պահուն կը գտնուէր Տաւուշի մարզ եւ չէր կրնար ներկայանալ:
\n Ըստ ոստիկաններէն մէկուն՝ 3 Ապրիլին գլխաւոր դատախազութեան յարկին տակ պիտի ընդունուին պռոշեանցիները, եւ պիտի քննարկուին անոնց բոլոր հարցերը: Սակայն պռոշեանցիները մերժեցին ճամբան բանալ։
\n Աղուան Վարդանեան առաջարկեց աւելի լաւ տարբերակ՝ խօսիլ գլխաւոր դատախազին հետ եւ հանդիպման համար յստակ օր ու ժամ ճշդել, որպէսզի դատախազը անձամբ գայ Պռոշեան:
\n 1 Ապրիլին ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնը Հրաչ Մուրադեանի յիշատակին կազմակերպեց քայլարշաւ՝ դէպի Պռոշեան գիւղ:
\n Երթը ընթացք առաւ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնէն: Երիտասարդները կոչերով եւ պաստառներով իրենց բողոքը յայտնեցին այն մասին, որ նախորդ մէկ տարուան ընթացքին սպանութեան գործը դեռ չէ բացայայտուած. անոնք արդարութեան կոչ ուղղեցին եւ պահանջեցին անյապաղ բացայայտել ոճրագործին ինքնութիւնը:
\nՊռոշեանի մէջ երիտասարդները այցելեցին Զօրաց պանթէոն, ուր կը հանգչի Հրաչ Մուրադեանը: Տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն՝ Հրաչ Մուրադեանի շիրիմին վրայ, եւ ՀԵՄի երիտասարդները համալրեցին ՀՅԴի շարքերը:
\n Այնուհետեւ երիտասարդները ուղղուեցան դէպի գիւղապետարանի շէնք, ուր ճիշդ մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած էր դաւադիր սպանութիւնը:
\n Նաեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան վայրին մէջ տեղադրուած յուշաքարին մօտ:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.