Սուրիոյ Թիւրքմենական Գումարտակները… «Յեղափոխականնե՞ր, Թէ՞ «Ժանտարմա»

\n

\n

Սուրիոյ մէջ գործող թիւրքմենական զինեալ խմբակներուն մաս կը կազմեն հազարաւոր զինեալներ, որոնց ուղղակիօրէն ցուցմունք եւ օժանդակութիւն կու տայ Թուրքիա: Արդարեւ, հարկ է հարց տալ, թէ անոնք իսկապէ՞ս «յեղափոխականներ» են, թէ՞ թրքական «ժանտարմա»-ներ (թրքական ոստիկան զօրքեր):

\n

* * *

\n

Սուրիոյ «յեղափոխականներ»-ուն ցուցաբերուած թրքական աջակցութիւնը չէ բաւարարուած սահմանները անոնց առջեւ բանալով ու գումակային օգնութեամբ, այլ կան «յեղափոխական խմբաւորումներ», որոնք կազմուեցան թրքական ֆինանսաւորումով, սպառազինումով եւ անմիջական վերահսկողութեամբ, բծախնդրօրէն պահպանելով անոնց հիմնադիրներուն, հրամանատարներուն ու շարքերուն «ցեղային մաքրութիւն»-ը:

\n

Այս ուղղութեամբ առաջին քայլը հանդիսացաւ «Սուրիոյ ազատ թիւրքմեններու համախմբում»-ին ստեղծումը. այս կառոյցը հետզհետէ վերածուեցաւ «հովանոց»-ի մը, որուն տակ մէկտեղուեցան «Սուրիոյ բոլոր այն անհատները, կառոյցներն ու խմբակցութիւնները, որոնք թիւրքմենական ծագում ունին եւ քաղաքական գործունէութիւն կը տանին»: Այս խմբաւորումը մեծ դեր ունեցաւ Սուրիոյ թիւրքմենները մղելու եւ քաջալերելու, որ կազմեն իրենց սեփական զինեալ խմբակները:

\n

Այս խմբակները առաջին անգամ երեւան եկան եւ գործունէութիւն տարին Հալէպի թիւրքմեններով բնակուած թաղամասերուն ու անոր շրջակայ թիւրքմենական գիւղերուն մէջ, եւ հոնկէ մեկնելով` սկսան գործել Հալէպի նահանգի, ապա հիւսիսային Սուրիոյ ամբողջ տարածքին: Այդ գիւղերէն յիշենք` Ռահելը, Ռահին եւ Թիւրքմեն Պարեհը, իսկ Հալէպի թիւրքմենաբնակ թաղամասերէն` Շէյխ Ֆարեսը, Պոսթան Փաշան, Հալաքը եւ Պահիտինը: Հոն կազմուեցան «վաշտեր», որոնցմէ իւրաքանչիւրին անդամներուն թիւը կը տարուբերի 30-ի եւ 50-ի միջեւ: Առաջինը «Սուլթան Ապտուլ Համիտ վաշտ»-ն էր, որուն գոյութեան կամ կազմութեան առաջին յայտարարութիւնը կատարուեցաւ մայիս 2012-ին, երբ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Հալէպի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ ականահարումի մը: Այդ արարքը սպաննեց 3 սպաներ եւ վիրաւորեց 18 ուրիշներ: Իսկ երբ թրքական ղեկավարութիւնը որոշեց այրել Հալէպը, ան այս հրահանգը տուաւ թիւրքմեններուն, որոնց զինեալ խմբակները շատ արագ բազմացան. այսպէս, օրինակի համար, քանի մը օրուան մէջ յայտարարուեցաւ կազմութիւնը «Սուլթան Մոհամետ Ֆաթիհ վաշտ»-ին (գլխաւորութեամբ շէյխ Ահմետ Ֆայեատի` «Ապու Ապտալլա»), «Սուլթան Մուրատ վաշտ»-ին, «Սելճուքներու վաշտ»-ին, «Աշխարհակալներուն թոռներու վաշտ»-ին, «Նուրէտտին Զընքի վաշտ»-ին եւ այլն: Թուրքիա օժանդակութիւնը եւ զօրակցութիւնը անընդհատ պահելու համար պայման դրաւ, որ այդ խմբակները մէկ կողմէ աւելցնեն իրենց թիւերը եւ, միւս կողմէ, աւելի լայնատարած շրջաններ ընդգրկեն իրենց գործունէութեան մէջ: Այս պատճառով, օրինակի համար, «Մոհամետ Ֆաթիհ վաշտ»-ը դեկտեմբեր 2013-ին ընդարձակուեցաւ` վերածուելու համար գումարտակի, որ կը համախմբէ «Նահատակ Մոհամետ Ապու Ապտալլա», «Պազ», «Զէյնըլ Ապիտին», «Նահատակ Եըլմազ Ալի», «Ալի Պըն Ապի Թալիպ», «Յատուկ գործողութիւններու», «Նահատակ Նաուրաս», «Նահատակ Ահմեթ Քըրայէմ», «Նահատակ Հասան Տահըլ», «Մելիք Շահ», «Օդային պաշտպանութեան» եւ «Սակրաւորներ»-ու վաշտերը:

\n

Ընդդիմադիր խմբակներէն մէկուն մարտական պատասխանատուն յայտնեց, որ թիւրքմեն զինեալները սկիզբէն ընտիր եւ բարձրորակ զէնքեր ունէին: «Այն օրերուն, երբ մենք «փոմփ-էքշըն»-ներով կը կռուէինք, անոնք նոր «Էմ-16», «Էմ-14» գնդացիրներ եւ նռնականետեր ունէին: Երբ մենք այդ տեսակի զէնքեր կրցանք ձեռք բերել, թիւրքմենները արդէն արդիական հրթիռներ ունէին: Սկիզբը չէինք գիտեր անոնց լաւ սպառազինումին աղբիւրներն ու պատճառները. հետագային թրքական օժանդակութիւնները դարձան բացայայտ, եւ թիւրքմենները սկսան յայտարարել ու յոխորտալ այդ մասին», յայտնեց ան:

\n

Նոյն աղբիւրը կ՛ըսէ, որ` «Թուրքերը անվերապահօրէն զօրավիգ կը կանգնին թիւրքմենական խմբակներուն. անոնց կը յանձնուին լաւագոյն եւ նոր զէնքեր. իւրաքանչիւր զինեալ (սկիզբը) ամսական 100 ամ. տոլար կը ստանար, հաւանաբար` քաթարցիներէն. երբ թիւրքմենական վաշտերու հրամանատարներ Թուրքիա այցելեն, սահմանին վրայ զանոնք կը դիմաւորեն թրքական գաղտնի սպասարկութեան սպաները»: Ընդդիմադիր պատասխանատուին համաձայն, «այդ հրամանատարներէն իւրաքանչիւրը առնուազն մէկ անգամ տեսակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, իսկ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ` բազմաթիւ անգամներ»:

\n

Մեր աղբիւրը կ՛ըսէ, որ թիւրքմենական վաշտերուն մեծամասնութիւնը արժանի չէ վստահութեան եւ չի յարգեր իր խոստումներն ու համաձայնութիւնները: Ան օրինակ կու տայ Ռահի գիւղի թիւրքմենական վաշտերը, որոնք «Պիհա» (հնազանդելու եւ հաւատարմութեան ուխտ) տուած էին «Տահէշ»-ի, սակայն առաջին առիթով փութացին անոր դէմ կռուելու: Հալէպի շրջանի թիւրքմենական վաշտերու գրեթէ միակ իսկական մարտական գործունէութիւնը եղած է «Տահէշ»-ի դէմ կռուիլը, կ՛ըսէ ան` բացատրելով, որ անոնց մնացեալ գործունէութիւնը եղած է` սպանութիւն, ականահարում, առեւանգում, թալան, հրկիզում, քանդում եւ այլն:

\n

Նոյնը չէ պարագան միւս շրջաններու թիւրքմենական գումարտակներուն, որոնք սաստիկ կռիւներ մղեցին սուրիական բանակին դէմ, մանաւանդ` Հոմսի մէջ:

\n

Ապրիլ 2013-ին յայտարարուեցաւ կազմութիւնը «Թիւրքմենական զինուորական խորհուրդ»-ին, որուն դերը հիմնականին մէջ թիւրքմենական «գումարտակներուն» եւ Թուրքիոյ միջեւ համակարգումն էր: Այս խորհուրդը իր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը կը համարէ «պատերազմ մղել քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան` «Ի. Փէ. Ճէ.»-ի դէմ եւ պայքարիլ քրտական շրջաններու ինքնավարութեան դէմ»:

\n

Սուրիոյ մէջ թիւրքմեն զինեալներուն թիւը կը գնահատուի 14 հազարով, եւ անոնց մեծ մասը կը գտնուի Հալէպի ու անոր շրջակայ գիւղերուն մէջ: Անոնց խմբաւորումներէն մեծագոյնը կը համարուի «Աշխարհակալներու թոռներ գումարտակ»-ը, որ 1500-2000 զինեալ ունի: Մինչեւ վերջերս այս գումարտակին հրամանատարն էր Իպրահիմ Ահմետ, որ նախապէս արաբերէնի ուսուցիչ եղած է. զինեալները զայն կը կոչեն «Ուսթազ» (ուսուցիչ): Սուրիական տագնապէն տարիներ առաջ Ահմետ գաղտնօրէն անդամակցած է «Հըզպ թահրիր իսլամի»-ին (իսլամական ազատագրութեան կուսակցութիւն). ասիկա սալաֆական եւ ժիհատական կուսակցութիւն մըն է, որուն նպատակն է հիմնել «խալիֆայական պետութիւն մը»: Թրքական հովանաւորութիւն վայելող այս կուսակցութիւնը լայն տարածում ունի արաբական եւ իսլամական երկիրներուն մէջ, նաեւ ներկայութիւն` Արեւմուտքի, օրինակ` Մեծն Բրիտանիոյ մէջ:

\n

Ասոր դիմաց, «Սելճուքներու վաշտ»-ի հրամանատարներէն մին կը պնդէ, որ թիւրքմենական վաշտերը ենթակայ չեն թուրքերուն. «այսպիսի սուտեր տարաձայնողներուն նպատակն է բազմաթիւ զրպարտութիւններով մեր համբաւն ու հեղինակութիւնը ականահարել: Անոնք նոյնիսկ մեզ կ՛ամբաստանեն, թէ մենք համայնքային կամ համայնքամոլ ենք»: Այս «զրպարտութիւն»-ը մերժելով` նոյն աղբիւրը հակառակը ապացուցանելու համար կ՛ըսէ, թէ` «մեր գումարտակները իրենց շարքերուն մէջ կ՛ընդունին բոլոր սիւննի կռուողները, նոյնիսկ եթէ անոնք թիւրքմեններ չեն»: Սակայն մեր հարցումին, թէ` «հապա՞ միւս համայնքներու զաւակները», ան կը պատասխանէ. «Ի՞նչ ըսել կ՛ուզես միւս համայնքներով. ալեւիներն ու շիինե՞րը. անոնք ուղեկորոյս եւ կեաւուր (անհաւատ) են»:

\n

Քաղաքական կառոյց եւ պատուոյ նախագահ.

\n

Զինուորական գործունէութեան զուգահեռ յաջորդական փորձեր կատարուեցան` ստեղծելու բոլոր թիւրքմենները համախմբող քաղաքական կառոյց մը: Այս փորձերէն վերջինն էր «Սուրիական թիւրքմենական ազգային շարժում կուսակցութեան» ստեղծումը մարտ 2014-ին: Կուսակցութեան հիմնադրութեան յայտարարութեան ներկայ գտնուեցան «Սուրիական ազգային ընդդիմադիր համախմբում»-ի ներկայացուցիչները: Մոհամետ Ուաժիհ Ճումաայի գլխաւորած այս կուսակցութիւնը կ՛ըսէ, թէ այս նորաստեղծ կուսակցութեան կ՛անդամակցին բոլոր անոնք, որոնք` «կը հաւատան, թէ թիւրքմենները իրաւունքներ ունին Սուրիոյ մէջ, եւ աշխատանք պիտի տարուի զարգացնելու եւ թափ տալու արդարութեան եւ հաւասարութեան պետութեան մէջ թիւրքմեններու դերակատարութեան»:

\n

Կան այլ քաղաքական կառոյցներ, որոնցմէ յատկանշական է «Սուրիոյ թիւրքմեններու խորհուրդ»-ը. անիկա կազմուեցաւ Անգարայի մէջ, ապրիլ 2013-ին, «Սուրիոյ թիւրքմեններու երկրորդ խոհրդաժողով»-ին ընթացքին: Այս ժողովին ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու:

\n

Սուրիոյ թիւրքմեններու քաղաքական խմբաւորումները «Սուրիոյ թիւրքմեններու պատուոյ նախագահ» տիտղոսը շնորհած են թուրք խորհրդարանական Մեհմեթ Շանտըի: Հետաքրքրական է, որ «պատուոյ նախագահը» անցեալին գլխաւորած է «Սուրիական եւ թրքական բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակցութիւն»-ը: Օգոստոս 2011-ին սուրիական պետական պատկերասփիւռին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ ան ըսած էր, որ` Սուրիոյ իրադարձութիւնները շարունակութիւնն են գաղութատէր Արեւմուտքի նիւթած դաւերու շարքին»:

\n

ՍԱՀԻՊ ԱՆԺԱՐԻՆԻ

\n

«Ախպար»

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.