Արամ Կաթողիկոս Քեսապի Հայութեան Օժանդակութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

\n

\n

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Մարտ 27ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին հեռաձայնեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճեֆրի Ֆելթմանը: Ան վեհափառին յայտնեց, որ ՄԱԿ մտահոգ է Քեսապէն ներս ստեղծուած ապահովական կացութեամբ՝ աւելցնելով, որ ինք այս ուղղութեամբ հանդիպումներ ունեցած է Սուրիոյ տագնապի հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ, ինչպէս նաեւ տեսակցած է ՄԱԿի մօտ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դեսպաններուն հետ:
\n Վեհափառը, Ֆելթմանին պարզելէ ետք Քեսապէն ներս տիրող կացութիւնը, այդ գծով շեշտեց թրքական գործօնին կարեւորութիւնը: Կաթողիկոսը առաջարկեց, որ ՄԱԿի կողմէ քննուին Քեսապի շրջանը ապազինելու կարելիութիւնները: Ֆելթման շինիչ գտաւ վեհափառ հայրապետին առաջարկը եւ խոստացաւ այս ուղղութեամբ Լախտար Իպրահիմիի հետ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները ունենալ:
\n Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութեան գծով շարունակեց իր աշխատանքները ու խորհրդակցութիւնները: Նաեւ, այս մասին վեհափառին զեկուցեցին իր կողմէ Լաթաքիա ուղարկուած յաջորդական երկու պատուիրակութիւնները: Վեհափառը հանդիպումներ ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամ Ճորճ Շահինեանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ քեսապցի ներկայացուցիչներու հետ: Իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն ու հանդիպումներուն լոյսին տակ, վեհափառը Քեսապի հայութեան օժանդակութիւնը կը նկատէ խիստ հրամայական ու անյետաձգելի: Առ այդ, ան ժողովուրդին ուշադրութեան կ՛ուզէ յանձնել հետեւեալ կէտերը.
\n1. Մեծապէս կը գնահատենք Քեսապի հայութեան զօրակցութեան արտայայտութիւնները՝ Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
\n2. Անհրաժեշտ է մեր հաւաքական զօրակցութիւնը վերածել գործնական աշխատանքի՝ օժանդակութեան անմիջական ձեռք երկարելով Քեսապի հայութեան:
\n3. Որպէսզի կատարուելիք աջակցութիւնն ու օժանդակութիւնը ըլլան աւելի կազմակերպ ու արագ, կարեւորութեամբ կը թելադրենք, որ բոլոր օժանդակութիւնները կատարուին կաթողիկոսարանին ճամբով՝ յատկացուելու համար Քեսապի հայութեան անմիջական կարիքներուն ու վերականգնումին:
\n Դրամատնային փոխանցումները հարկ է կատարել հետեւեալ հաշիւին.
\nBank: FRANSABANK SAL, Antelias Branch, Lebanon
\nName of Account: CATHOLICOSSAT ARMEIEN
\nDE CILICIE
\nIBAN: LB87 0001 0002 4753 8500 0030 3501
\nSWIFT Code: FSAB LB BX

\n

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
\nԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ
\nՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

\n

Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Հայաստանէն ժամանած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը՝ իր անմիջական օգնականներով։ Պատուիրակութիւնը օր մը առաջ այցելած էր Լաթաքիա եւ հանդիպում ունեցած հոն ապաստանած քեսապահայութեան հետ։ Ան նաեւ հանդիպած էր Սուրիոյ նախագահին հետ։ Խորհրդարանական պատուիրակութեան նպատակն էր մօտէն իմանալ Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան մասին եւ իր միասնականութիւնը յայտնել՝ թարգմանը հանդիսանալով Հայաստանի իշխանութեան ու ժողովուրդին։
\n Վեհափառը ընդհանուր գիծերով ներկաներուն պարզեց Քեսապի ու Լաթաքիոյ մեր ժողոովուրդի զաւակներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, այս գծով կաթողիկոսութեան կատարած օժանդակութիւններն ու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ իր ունեցած խորհրդակցութիւնները քաղաքական ու դիւանագիտական շրջանակներու հետ։ Վեհափառը նաեւ այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին արտայայտած զօրակցութեան եւ անոր տարած աշխատանքին համար, յատկապէս՝ քաղաքական-դիւանագիտական մարզէն ներս:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.