Քեսապի հարցով Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակի յայտարարութիւնը
- (0)
\n
Անցնող օրերուն, Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ հայկական Քեսապ աւանին դէմ շղթայազերծուած յարձակումը` այսպէս կոչուած ընդդիմադիր ժիհատական ուժերուն կողմէ, ուղղակիօրէն հովանաւորուած եւ օժանդակուած Թուրքիոյ կողմէ, դատապարտումի եւ ընդվզումի մեծ ալիք μարձրացուց հայաշխարհին մէջ` Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի տաnμեր գաղութներ:
\n
Ֆրանսայի Հայ Դատի րասենեակը, Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնամբը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Նոր Սերունդը իրենց կարգին անմիջապէս դիմեցին տարբեր նախաձեռնութիւններու: Անկախաբար ֆրանսական մամուլին, քաղաքական կուսակցութեանց, հասարակական, ակադեմական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքին ուղղուած հաղորդագրութիւններու, գրաւոր պահանջ ներկայացուեցաւ Ազգային Ժողովի եւ Ծերակոյտի իւրաքանչիւր անդամի` պահանջելով միջազգային ճնշում բանեցնել, որպէսզի անյապաղ դադրեցուի հակահայ այս քանդիչ ու արիւնալի յարձակումը, ինչպէս նաեւ Քեսապէն հեռացուի ահաբեկչական այս խունթան:
\n
Այս առիթով նաեւ, յառաջիկայ Երկուշաբթի 31 Մարտին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին տեղի կ’ունենայ ժողովրդային հաւաք` թրքական դեսպանատան առջեւ, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի:
\n
Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակ
\n