Նախագահ Ասատ Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Հայկական Պատուիրակութեան՝ Սուրիոյ Աջակցելու Համար


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «ՍԱՆԱ».– Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ 27 Մարտին ընդունեց Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը՝ Սամուէլ Ֆարմանեանի գլխաւորութեամբ: Սուրիական «ՍԱՆԱ» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ պատուիրակութեան անդամները Սուրիոյ նախագահին փոխանցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնները եւ բերանացի պատգամը, որուն մէջ նախագահը իր եւ հայ ժողովուրդին անունով դատապարտած է Թուրքիոյ նեցուկով ի գործ դրուող ահաբեկչական յարձակումները Լաթաքիոյ Քեսապ գիւղաքաղաքին վրայ: Նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրիոյ՝ իր բոլոր քաղաքացիները պաշտպանելու նպատակով ի գործ դրած ջանքերուն համար։
Նախագահ Ասատ իր կարգին երախտագիտութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ իր առարկայական դիրքորոշման եւ Սուրիոյ կայունութեան սատարելուն համար: Ան նաեւ զգուշացուցած է Արեւմուտքի եւ տարածաշրջանի կարգ մը երկիրներուն աջակցութեամբ եւ նեցուկով ծայրայեղական գաղափարախօսութեան եւ ահաբեկչութեան վտանգներէն, որոնք կը սպառնան մասնատել պատմական արմատներ ունեցող, բազմամշակութային եւ ընկերային տարբեր շերտերէ կազմուած տարածաշրջանը: Ասատ լուսարձակի տակ առած է խորհրդարանականներուն դերակատարութիւնը՝ այս վտանգները միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնելու եւ միասնական ջանքերով անոնց դէմ պայքարելու առումով:
Հանդիպման ընթացքին հայկական պատուիրակութեան անդամները հաստատած են, որ ամբողջական կերպով կ՛աջակցին սուրիական պետութեան ջանքերուն՝ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան վերահաստատման եւ Քեսապի ու սուրիական այլ շրջաններու բնակիչները իրենց տուները վերադարձնելու: Անոնք վստահութիւն յայտնած են այն մասին, որ Սուրիա պիտի շարունակէ մնալ համակեցութեան եւ ազգային միաբանութեան օրինակ՝ իր բոլոր զաւակներուն միջեւ։
Հայաստանի պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն ունեցած է նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահամի հետ, որ նշած է, թէ շատ կարեւոր է խորհրդարանական մակարդակով ջանքերու միաւորումը՝ հաւատադրժող եւ ծայրայեղ շարժումներուն դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ խորհրդարանական յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով։
Իրենց կարգին հայկական պատուիրակութեան անդամները դիտել տուած են, որ դրացի պետութիւնները պէտք է դրական դերակատարութիւն ունենան եւ նեցուկ կանգնին Սուրիոյ մէջ խաղաղ լուծման հասնելու համար, եւ ոչ թէ հակառակը։
Հանդիպումներուն ներկայ եղան Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ արտաքին հարցերու յանձնաժողովներու անդամներ։
Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի եւս հանդիպում ունեցած է Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներուն հետ. ան հաստատած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը հետամուտ ու նախանձախնդիր է իր քաղաքացիներուն ապահովելու ամէն տեսակի կենցաղային անհրաժեշտութիւններ եւ ծառայութիւններ։ Ան հաստատած է, որ սուրիահայութիւնը սուրիացի ժողովուրդին մէկ կարեւոր եւ հիմնական բաղադրիչն է, որ արժանի է ամէն տեսակ յարգանքի, գնահատանքի, որովհետեւ սուրիահայերը մեծապէս օժանդակած են իրենց երկրին զարգացման ու ամրապնդման։
Հայկական պատուիրակութեան անդամները դատապարտած են Քեսապի մէջ տեղի ունեցած սպանդն ու ոճրագործութիւնը՝ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան նեցուկը վայելող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կողմէ ի գործ դրուող։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.