Քեսապի հայութիւնը եւ Տաւութողլուի քաղաքական լկտիութիւնը

\n

 

\n

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութիւններու շարքին է Մարտ 26 թուակիր թիւ 96 հաղորդագրութիւնը, որ կը կրէ «Լաթաքիա/Քեսապի մէջ վերջին զարգացումները եւ մամուլին մէջ տեղ գտած անհիմն վկայութիւնները» խորագիրը։

\n

Հաղորդագրութիւնը իր յառաջաբանին մէջ նախ եւ առաջ կ՚ուրանայ այն փաստը, որ Թուրքիա անմիջական օժանդակութիւն տրամադրած է Քեսապի վրայ յարձակում կատարող զինեալներուն, ապա կը շեշտէ, թէ լրատուական աղբիւրներ կը փորձեն Քեսապի մէջ ներկայ զարգացումներուն եւ «անցեալի ցաւալի դէպքերու» (չակերտուած ընդգծումը մեր կողմէ) միջեւ նմանութիւններ գտնել եւ կամ համեմատութիւններ կատարել։

\n

Անշուշտ, յստակ է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութողլուի պաշտօնական խօսափողը հանդիսացող նախարարութեան կայքէջի հաղորդագրութիւնը ինչ «անցեալի ցաւալի դէպքերու» կ՚ակնարկէ։ 1909-ի եւ 1915-ի Քեսապի հայութեան բռնագաղթի ու տեղահանութեան «ցաւալի դէպքեր»ու պատասխանատուն նոյն թրքական պետութիւնն էր, որ գործադրման հունի մէջ դրած էր Փոքր Ասիոյ տարածքը հայկական տարրէն մաքրազտելու ծանօթ ցեղասպանական ծրագիրը, որուն անմիջական մէկ բաղադրիչն էին նաեւ բռնի հայրենահանումն ու տարագրութիւնը։

\n

Քեսապը, պատմական Հայաստանի սահմանամերձ միակ հայկական բնօրրանն է, որուն բնիկ ժողովուրդը, հակառակ բազմաբնոյթ արհաւիրքներու եւ յատկապէս թրքական ցեղապաշտ բռնադատական արարքներու առկայութեան՝ ԴԱՐԵՐՈՎ կառչած մնացած է իր հայրենի հողին եւ լեռնաշխարհին։

\n

Թրքական կեղծարարութիւնն ու պատմական իրողութիւններու քողածածկումը կամ ուրացումը մեզի համար արդէն իսկ նորութիւն չեն, սակայն հաղորդագրութեան մէջ ամէնէն քստմնելի ու արգահատանք առթող հատուածը՝ վերջաբանին մէջ թրքական «մարդասիրական» հրաւէրն է տեղահանուած Քեսապի հայորդիներուն, ուր կը նշուի, թէ «մարդասիրական եւ խղճմտանքի պարտաւորութենէ մղուած»՝ տեղահանուած Քեսապի ժողովուրդին տեղ կու տան Թուրքիոյ մէջ գտնուող գաղթականական ճամբարներուն մէջ։

\n

Ահաւասիկ թրքական «մարդասիրութեան» նենգ երեսը, թրքական ցեղապաշտ ու ազգայնամոլ պատմական քաղաքականութեան շարունակութիւնը։

\n

Ահաւասիկ Տաւութողլուի դիւանագիտական լկտիութիւնը, ուր հարուածելէ ետք հայկական դարաւոր ոստանի ժողովուրդին, փորձ կը կատարէ յաչս աշխարհի քաղաքակիրթ պետութիւն երեւիլ։

\n

Ահաւասիկ, յարձակապաշտ թրքական պետութեան նուաճողական արիւնոտ տարեգրութեանց շարունակութիւնը։

\n

Հաւանաբար մեր իսկ պատմութիւնը հեգնելու միտումով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջի նախասկիզբի էջին վրայ տեղադրուած է Տաւոթողլուի լուսանկարն ու իր խօսքերը. «Պատմութիւնը լռեցնելու փոխարէն՝ թոյլ տուէք որ պատմական ճշմարտութիւնները քննուին»։

\n

Հաւանաբար գերմանացի փիլիսոփայ Արթըր Շոփենաուըր լաւագոյն պատասխանը պիտի տար Տաւութողլուի վերոնշեալ խօսքին. «Բոլոր ճշմարտութիւնները նախ ծաղրանքի կ՚ենթարկուին, ապա վայրագօրէն կը հակազդուին եւ ի վերջոյ՝ կ՚ընդունուին որպէս ինքնախոստովանութիւն»։

\n

Մնացեալը՝ քաղաքական հաւատաքննութիւն է…

\n

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.