Հայ Դատը Քեսապի Վրայ Յարձակումը Կասեցնելու Քայլեր Կը Պահանջէ Ուաշինկթընէն
1856
0
\n
\n
Երկուշաբթի, Մարտ 24 թուակիր նամակին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան կոչ կ՛ընէ նախագահ Օպամային, որ արտաքին գործոց նախարարին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններուն միջոցաւ, պահանջէ Անգարայի իշխանութիւններէն, որ կասեցնեն Քեսապի վրայ յարձակումները, որոնք միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքը կը խախտեն: Ան գրած է, թէ յարձակումներուն հետեւանքով ոչ միայն տեղահան եղած է Քեսապի բնակչութիւնը, այլ ծայրայեղական զինեալները գողութիւններու դիմած են եւ եկեղեցիներ սրբապղծած:
\n
Անջատաբար, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կապ հաստատած է բարձրաստիճան քոնկրեսականներու հետ, որոնք անդամ են Ներկայացուցիչներու տան Տեղեկահաւաքի ու Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ՝ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին, որպէսզի Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելով՝ անմիջապէս կասեցնեն Քեսապի քանդումը:
«Մեծամասնութեամբ հայերով բնակեցուած Քեսապի վրայ յարձակումը ամբողջ հայութեան վրայ յարձակում մըն է: Ամերիկահայութիւնը՝ միասնական ճակատ կազմած, կը պահանջէ անցած շաբաթավերջի յարձակումին կասեցումը: Կը պահանջենք մեր կառավարութենէն, որ խիստ պատգամ մը յղէ Անգարայի իշխանութեանց, որպէսզի անոնք արտօնութիւն չտան իսլամ ծայրայեղականներու ազատ գործունէութեան եւ Թուրքիայէն Սուրիա անոնց ազատ անցքին», գրած է Խաչիկեան:
\n