Քեսապի Մարտերուն Ականտեսներու վկայութիւններ

\n

Horizon Weekly Newspaper

\n

 

\n

Գործողութիւններու ընթացքը ակնյայտ կը դարձնէր, որ զինեալներու յարձակում մը չէր եղածը, այլ լաւապէս սերտուած, կազմակերպուած եւ մասնագիտականօրէն ուղորդուած եւ ղեկավարուած բանակի մը գործողութիւնը:

\n

 

\n

20 Մարտի լոյս 21-ի գիշերը բռնկեցաւ Քեսապի թրքական սահմանը` ամբողջ երկարութեամբ: Թրքական տասը Պի.ԷՄ.Պէ. հատեցին թուրք-սուրիական սահմանը: Բազմաթիւ հրասայլեր նոյնպէս: Սկսան ուժգին յարձակում գործել սուրիական բանակի դիրքերուն վրայ: Կողմէն սկսան հարուածել յատկապէս Սեւ Աղբիւրի եւ Քեսապի բարձրունքի վրայ գտնուող սահմանային պահակակէտերը: Թրքական հրթիռներ հարուածեցին Քառասուն Հինգ կոչուած բարձրունքի սուրիական բանակի դիրքը, ապա Ֆրընլոքի դիրքը: 

\n

Հազարաւոր զինեալներն ու ահագին զինամթերքը թրքական մեքենաններով բերուեցան Սեւ Աղբիւրի սահմանին վրայ: Զինամթերքը, թուրք զինուորները բաժնեցին զինեալներուն: Գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորները տեղափոխուեցան թրքական հիւանդատար մեքենաններով: Այսպիսով յարձակումի ճամբան թրքական կողմը պատրաստեց: Զինեալները չէչէն, աֆղանիստանցի, լիպիացի, թունուզցի եւ շատ մեծ թիւով թուրքմէններ էին: Յարձակումը սկսաւ Քեսապի բարձրունքի կէտէն: Հազարաւոր զինեալներ կայծակի արագութեամբ ներխուժեցին նախ Սեւ Աղբիւր, ճեղքեցին անցան սահմանի պահակակէտը, հասան Տիւզաղաճ եւ Լեղի Ջուր:

\n

Գարատաշէն Քեսապի բարձրունք, մինչեւ Տիւզաղաճ եւ անկէ մինչեւ Նապ ըլ Մըր տասնհինգ քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանը դարձաւ ճակատ: Թրքական կողմը տեւաբար զինամթերքով կը մատակարէր զինեալները: Գործողութիւններու ընթացքը ակնյայտ կը դարձնէր, որ զինեալներու յարձակում մը չէր եղածը, այլ լաւապէս սերտուած, կազմակերպուած եւ մասնագիտականօրէն ուղորդուած եւ ղեկավարուած բանակի մը գործողութիւնը: Նշենք, որ ատկէ բաւական ժամանակ առաջ, այս սահմանէն Թուրքիա իր զօրքը քաշած էր, բայց ամիսներէ ի վեր սահմանի ամբողջ երկայնքին, սուրիական կողմէն լսելի էին երկաթագործական աշխատանքի մեքենաններուն ձայները: Գործողութիւններու ընթացքին ալ Թրքական զօրքը կատարեց մատակարարում զինեալներուն: 

\n

Մենք գիշերով անդրադարձած էինք եւ կը հետեւէինք սահմանի ամբողջ երկայնքով կատարուող շարժումներուն, եւ պատրաստ էինք հսկողի մեր դիրքերուն վրայ: Առաւօտուն ժամը հինգի մօտերը սկսաւ յարձակումը: Առաջին պայթումը լսուեցաւ Քեսապի բարձրունքէն, եւ այլեւս չդադրեցաւ, հակառակ սուրիական բանակի զօրաւոր պաշտպանութեան: 

\n

Յարձակողները հրետանիի երեք հարուածներով փլեցին Քեսապի բարձրունքի սուրիական սահմնակէտը: Եւ անկէ ետք գործողութիւնները ընթացան շատ արագ: Առին Սեւ Աղբիւրը, սահմանակէտը: Մենք, ի տես այս կացութեան, ըստ նախատեսուածին, վտանգուած շրջաններէն սկսանք պարպել Քեսապի եւ գիւղերուն կիններն ու մանուկները, յարմարագոյն տղաները եւ տղամարդիկ մնացին բանակի օժանդակութեան համար: Մեր ընկերներէն մէկը ձերբակալուեցաւ եւ ազատեցաւ հրաշքով: Զոհ չունեցանք:

\n

ռուողները շատ մարզուած էին, մեր համոզումով յատուկ մարզուած ուժեր էին: Եթէ Քեսապցիներս զգացած չըլլայինք սահմանի վրայ եղած շարժումները եւ ժամանակին պարպած չըլլայինք բնակչութիւնը, պիտի կրկնուէր Ըսլընֆէի ջարդը: Թուրքիոյ սահմանի ամբողջ երկայնքին բոլոր բլուրներուն վրայ արձակազէններ դրուած էին: Անոնք մեզ մէկիկ մէկիկ կ՚որսային, եթէ մենք սովորականին պէս գացած ըլլայինք մեր դաշտային աշխատանքերուն: 

\n

Սուրիական բանակը մէկ օր առաջ լաւ կռուած էր ու պաշտպանած ամբողջ սահմանը. Առաջին օրը մտան Սեւ Աղբիւր եւ վտանգեցին Քեսապի մայր ուղին` արձակազէնով: Նոյն ատեն խուժեցին մեծ թիւով Սեւ Աղբիւրէն եւ մտան Քեսապի սիրտը: Բանակը յոգնած էր, Թուրքիոյ կատարածէն ու հարուածէն եւ զինեալներու բազմահազարնոց թիւէն անակնկալի եկած պէտք եղած օժանդակութիւնն ալ կարելի չեղաւ ատենին հասցնել: Նոյն պատճառով թրքական հողէն զինեալներ անդադրում կերպով կը շարունակէին ներխուժել: 

\n

Քեսապի մէջ այլեւս բնակչութիւն չկայ: Քեսապ ամբողջութեամբ հայաթափուած է. իր աւանով եւ տասներկու գիւղերով: Հազար հազարաւոր քեսապահայեր, խաղաղասէր եւ աշխատասէր, դարձած են ոչ միայն գաղթական ու անտուն, այլ նաեւ` արմատախիլ, իրենց պատմական բնակավայրէն, ուր ապրած էին հազարաւոր տարիներ, ուր արիւն-քրտինք թափած էին, քարէն հաց քամած էին հաստատութիւններ հիմնած, մշակոյթ կերտած: Լաթաքիոյ հայութիւնը գրկաբաց ընդունեց գաղթական քեսապահայերը եւ անոնց պատսպարան յատկացուց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հայոց հոգետունը, ճիշդ այն վայրը, ուր պատսպարուած էին քեսապահայերը 1909-ի Աղէտին ատեն: 

\n

Գաղութի պատասխանատուները գործակցաբար քեսապի պատասխանատուներուն ձեռնհասօրէն կը հոգան բնաւեր քեսապահայերուն բազմազան պէտքերը: 

\n

Բուռն մարտերը տակաւին կը շարունակուին Քեսապի մէջ: Քեսապահայութեան կը սպասեն անորոշ օրեր: 
Ո՞վ կրնայ կանխատեսել գալիք օրերը: Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ հայուն դժբախտութեան պատճառը միշտ նոյնն է` Թուրքը`, ամօ’թ քաղաքակիրթ աշխարհին: 

\n

kantsasar

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.