Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը Կը դատապարտէ Քեսապի վրայ, Թուրքիոյ ճամբով կատարուած յարձակումները


Կը դատապարտենք Քեսապի վրայ, Թուրքիոյ ճամբով, վերջին օրերուն կատարուած յարձակողական գործողութիւնները:

Ամիսներէ ի վեր, մենք կը զգուշացնէինք միջազգային համայնքը, թէ Սուրիոյ մէջ կռուող այս օտար ծայրայեղական կռուողներ կը ներկայացնեն մեծագոյն վտանգը Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան համար: Հայաբնակ Քեսապ աւանի եւ շրջակայ գիւղերուն վրայ այս դաժան եւ չհրահրուած եարձակումներով նորագոյն օրինակն են այդ բռնութէան, որ գործօն կերպով կը քաջալերուի դրացի Թուրքիոյ կողմէ:

Կոչ կ՚ուղղենք բոլոր պետութիւններուն, որոնք ազդեցութիւն ունին Սուրիոյ հակամարտութէան մէջ, գործածելու իրենց տրամադրելի բոլոր միջոցները` Քեսապի խաղաղ բնակչութեան դէմ այս եարձակումներուն վերջ դնելու եւ թոյլ տալու անոնց` ապահով եւ անվտանգ վերադառնալու իրենց տուները:

Վերջին հարիւր տարուան մէջ, այս երրորդ անգամն է, որ հայութեան կը պարտադրուի հեռանալ Քեսապէն. երեք պարագաներուն ալ` Թուրքիան կամ եարձակողն է եւ կամ` եարձակողներուն աջակցողը:

Միաժամանակ, անհրաժեշտ է, որ միջազգային համայնքը զսպէ Թուրքիան, որպէսզի ան դադրեցնէ իր հակահայ այս եւ նման գործողութիւնները, եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու հայութեան դէմ իր թշնամական քաղաքականութիւնը:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.