Դաշնակցականներուն Հանդիպումները Հադրութի Մէջ


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– 18 Մարտին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հադրութ քաղաքին մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամները հանդիպում ունեցան Հադրութ քաղաքի բնակիչներուն հետ:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հադրութի շրջանային վարչակազմի շէնքի դահիլճին մէջ:
Ներկայ էին Հադրութի շրջանային վարչակազմի ղեկավարը, վարչակազմի աշխատողներ, քաղաքացիներ: Հանդիպման նպատակը քաղաքացիները յուզող հարցերուն շուրջ քննարկում կատարելն էր:
Ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Լեւոն Հայրեանը, Արթուր Աղաբեկեանը եւ Վահրամ Բալայեանը:
Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան ներկայացուց Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Ազգային ժողովին մէջ՝ ընդգծելով, որ, անկախ կուսակցական պատկանելութենէն, բոլորը պէտք է ձեռք ձեռքի տան եւ լուծեն երկրին առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրները:
Լեւոն Հայրեան կարեւոր նկատեց այդ հանդիպումը՝ այն պատճառով, որ կուսակցութիւն-ժողովուրդ կապը պէտք է միշտ պահպանուի եւ չանջատուի, այլապէս անիմաստ պիտի ըլլայ կուսակցութիւններուն գործունէութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեանը յորդորեց հադրութցիները՝ իրենց կեանքի ծրագիրները մշակել ոչ թէ միայն մէկ տարուան համար, այլ 100 տարուան, այլապէս վտանգուած պիտի ըլլայ ինչ որ գոյութիւն ունի հիմա։
Ելոյթներէն ետք քաղաքացիները զիրենք յուզող հարցերու մասին խօսեցան եւ այդ առնչութեամբ հարցումներ ուղղեցին Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.