ԹՈՒՐՔ ԳՐՈՂ.«Կ՚ԱՄՉՆԱՄ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾԱԾ ՆԱԽԱՀԱՅՐԵՐՈՒՍ ՀԱՄԱՐ»
PanArmenian.Net կը հաղորդէ, որ Paper Boats of Poetry կայքը հրապարակած է թուրք գրող Սերքան Էնկինի՝ «Թուրք ըլլալը անտանելի ամօթ է» յօդուածը։
«Մայրս թրքուհի է։ Սակայն ես ինքզինքս, հօրս նախահայրերու նման, լազ կը համարեմ, որովհետեւ կ՚ամչնամ մօրս կողմէ նախահայրերէս։ Ես կը հրաժարիմ ինքզինքս թուրք համարելէ, որովհետեւ իմ թուրք նախնիները Օսմանեան կայսրութեան օրերուն Ցեղասպանութիւն գործած են։ 1,500,000 հայեր դաժանօրէն սպանուած են թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ։ Թուրքերը եւ քիւրտերը սպաննած են իրենց հայ դրացիները, բռնաբարած փոքրիկ աղջիկները, այրած ողջ երեխաները, թալանած հայերու ունեցուածքը։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու հետ միասին հազարաւոր ասորիներ ալ սպաննուած են», գրուած է յօդուածին մէջ։
«Հայերու հանդէպ սարսափելի ցեղասպանութիւն գործուած է։ Իբրեւ թուրք ազգի զաւակ՝ ես կ՚ընդունիմ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կ՚ամչնամ իմ մօր նախահայրերու փոխարէն։ Ասիկա ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ քիւրտերու պատմութեան ամօթալի էջն է։ Մարդկութեան անունով ներողութիւն կը խնդրեմ բոլոր զոհերէն եւ կը խոնարհիմ ձեր ցաւին առջեւ», կը նշէ թուրք գրողը։
«Ցաւօք, ասիկա միակ ցեղասպանութիւնը չէ, որուն մասնակցած է Թուրքիան։ Մուսթաֆա Քեմալի հրամանաով, որ հետագային դարձաւ Թուրքիոյ նոր հանրապետութեան հիմնադիրը, 1919-ին Անատոլուի մէջ 353 000 Պոնտոսի յոյներ դաժանաբար սպաննուած են։
« Գրեթէ 2 հազարամեակ թուրքերը ապրած են հարեւան տարածքները գրաւելով, մարդոց սպաննելով, խլելով անոնց հողերն ու ունեցուածքը, բռնաբարելով անոնց կիներն ու երեխաները ստրուկի վերածելով», նշուած է յօդուածին մէջ։
«Սիրելի ընկերներ, այս խօսքերուս համար ինծի կրնան ձերբակալել ու բանտ նստեցնել, կամ գնդակահարել փողոցին մէջ։ Սակայն խիղճս կը ստիպէ ճշմարտութիւնը ըսել ամբողջ աշխարհին։ Եւ ես այս մասին պիտի խօսիմ մինչեւ վերջին շունչս», կ՚եզրափակէ թուրք գրողը։