CIVILITAS ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ Է 2013-Ի ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԸ
«Ակնկալիքներու եւ անակնկալներու տարի»՝ այսպէս վերնագրած է «Սիվիլիթաս» հիմնադրամը իր տարեկան վեցերորդ զեկուցումը՝ ամփոփելով Հայաստանի համար qa[aqakan իրադարձութիւններով հարուստ 2013 թուականը։
Զեկոյցին մէջ գրուած է. «Արեւմո՞ւտք, թէ՞ Ռուսիա» հարցումի պատասխանն արդէն յստակ է՝ Ռուսիան՝ անդրադառնալով 2013-ի արտաքին քաղաքական զարգացումներուն կը նկատեն զեկուցումի հեղինակները.«Միջազգային ընտանիքը եւ Հայստանի քաղաքացիները կ՚ակնկալէին, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ այն քաղաքականութեան, որ ընտրած էր գրեթէ երկու տասնամեակ առաջ՝ աւելի խոր համարկուիլ եւրոպական կառոյցներուն։ Վերջին պահուն, սակայն, հանրութեան համար անակնկալ՝ Հայաստանի նախագահը ընտրեց Ռուսիոյ կողմէ խրախուսուող Մաքսային Միութիւնը։ Նախապէս Հայաստանը աշխարհաքաղաքական երեք կեդրոններու՝ Մոսկուայի, Պրիւքսէլի եւ Ուաշինկթընի հետ կը պահպանէր բնականոն եւ ողջախոհ յարաբերութիւններ, իսկ հնարաւորութեան պարագային՝ անոնց շահերը կը համադրէր՝ ի շահ Հայաստանի։ Անակնկալի եկած Արեւմուտքի եւ սպասողական Ռուսիոյ աչքին Հայաստանը ընկալուեցաւ իբրեւ ոչ կանխատեսելի եւ վստահելի գործընկեր»։
Թէեւ Հայաստանը հաւատարմօրէն ու արագ քայլերով կը միանայ Ռուսիոյ նախաձեռնած Մաքսային Միութեան, զեկուցումի հեղինակները չեն մոռնար շեշտել, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հասած են անկախացումէն ի վեր ամէնէն ցած կէտին։ «Ռուսիան նախապէս այդքան բացայայտ ճնշում չէր գործադրած Հայաստանի վրայ, Հայաստանն իր յարաբերութիւնները կարեւորագոյն գործընկերոջ հետ երբեք այդքան վատ չէր վարած, իսկ հայ հասարակութիւնը Ռուսիոյ նկատմամբ երբեք այդպիսի բացայայտ զայրոյթ չէր արտայայտած», ըսուած է զեկուցումին մէջ։ Հեղինակները կ՚եզրակացնեն, որ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան համարկումէն հրաժարումը առաւել յստակացուց բաժանարար գիծերը Կովկասի մէջ. «Եթէ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի համար ընդամէնը մէկ ընդհանրական գործօն մնացած էր՝ եւրոպական համարկումը, զայն նոյնպէս յօդս ցնդեց։ Վրաստանը հաւատարիմ մնաց եւրոպական ուղղութեան, Հայաստանը հրաժարեցաւ ատկէ, իսկ Ազրպէյճանը պահպանեց չեզոքութիւնը։ Ասիկա չի կրնար իր բացասական ազդեցութիւնը չունենալ 2014-ին շրջանային զարգացումներու վրայ։ Հայաստանի ապրանքաշրջանառութեան շուրջ 70 առ հարիւրը կ՚իրականացուի Վրաստանի տարածքով, եւ այդ ազդեցութիւնը պիտի ըլլայ բացասական, եթէ Երեւանն ու Թիֆլիսը չխորացնեն համագործակցութիւնը»։
Զեկուցումին մէջ Հայաստանի համար որոշ չափով դրական հեռանկար կը նախատեսուի, եթէ Ռուսիան ու Վրաստանը կարողանան բարելաւել իրենց յարաբերութիւնները.«Եթէ Վրաստանը յառաջիկայ տարիներուն կարողանայ կարգաւորել Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, ապա Հայաստան-Վրաստան-Ռուսիա համագործակցութեան եւ առանցքի շնորհիւ թերեւս Հայաստանը որոշ չափով յաղթահարէ շրջանային մեկուսացումը, որ կ՚իրականացնեն Վրաստանի ռազմակավարական դաշնակիցներ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը՝ ատոր մէջ անուղղակիօրէն ներքաշելով նաեւ Վրաստանը»։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան անդրադառնալով՝ զեկուցումի հեղինակները կ՚ըսեն՝ Ազրպէյճան չունի հայկական զինեալ ուժերուն ցամաքային կռիւներու մէջ յաղթելու կարողութիւն: «Ազրպէյճանի օդուժի հնարաւորութիւնները խիստ սահմանափակ են լայնածաւալ կերպով Հայաստանի օդային պաշտպանութիւն թափանցելու համար։ Հայաստանին հակահարուած հասցնելու կարողութիւնները, մասնաւորաբար՝ Հայաստանի սեփական զինանոցին մէջ «Տոչքա» եւ «Սքատ» հրթիռներու եւ հեռահար համազարկային հրթիռային համակարգերու գոյութիւնը եւ յատկապէս այն գիտակցումը, որ ռուսական զօրքերը կրնան ներգրաւուիլ, կը նուազեցնեն Ազրպէյճանի՝ լուրջ առճակատման դիմելու հաւակնութիւնը», կ՚ըսեն զեկուցումի հեղինակները՝ նաեւ յիշեցնելով, որ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերու միջեւ ինչպէս պաշտօնական, այնպէս ալ հասարակական կազմակերպութիւններու մակարդակով հաղորդակցութիւնները նուազագոյնի հասած են։
Զեկուցումին մէջ նաեւ անդրադարձ կայ տարուան ընթացքին քաղաքացիական տարբեր բողոքի ցոյցերուն, տնտեսութեան, բանակին եւ մամլոյ ազատութեան մասին։ Զեկուցումի հեղինակները կը նախատեսեն, որ 2014-ին ոչ իշխանական քաղաքական ուժերու եւ քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը առաւել արդիւնաւետ պիտի դառնայ։ Անոնք նաեւ խորհուրդ կու տան իշխանութիւններուն համարժէք կերպով արձագանգել արտագաղթին, քանի դեռ երկիրը չէ հասած ազգային անվտանգութեան սպառնացող ժողովրդագրական վտանգաւոր շեմին։
Ամբողջական զեկոյցը հայերէնով եւ անգլերէնով կարդալ հոս՝
http://www.civilitasfoundation.org/am/images/stories/armenianprint2014.pdf
http://www.civilitasfoundation.org/cf/images/stories/english-print.pdf