ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ՇԱՀԱԳՈՐԾՈՒՄԸ
Խ. Տէր Ղուկասեան
Երբ Ուքրանիոյ նախկին նախագահ Վիքթոռ Եանուքովիչ կռնակ դարձուց Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ծրագրի առաջարկին եւ միացաւ Մոսկուայի նախաձեռնած Մաքսային Միութեան, իր ռուս գործընկերը, Վլատիմիր Փութին, հաւատած որ Արեւմուտքի հետ ազդեցութեան գօտիներու ամրապնդման մրցակցութեան մէջ վերջնական յաղթանակ մը արձանագրած է: Միջազգային դէտերու համար Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Սեպտեմբեր 3, 2013ի նոյնատիպ առաջարկը, որ հրապարակուեցաւ, յիշեցնենք, Նախագահի Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին եւ անակնկալի բերաւ բոլորին, նախանշան մը եւ յստակ պատգամ մըն էր:
Երեւան արդէն չորս տարիէ ի վեր Պրիւքսէլի հետ կը բանակցէր համաձայնագիրը եւ հայրենի դիւանագէտներուն համար կասկած չկար, որ Մոսկուա թոյլ պիտի տար Հայաստանին կոմպլեմատարիզմի այս փոքրիկ փորձը կատարել: Ի վերջոյ, Կովկասի մէջ Ռուսիա միայն Հայաստանն ունի որպէս ռազմավարական դաշնակից, ուր իր զինուորական խարիսխի ներկայութիւնը պայմանագրով երաշխաւորուած է մինչեւ դարուս կէսերուն առնուազն: Յետոյ, Հայաստանի էներգետիկ եւ տնտեսական կախուածութիւնը այնքան բացարձակ էր Ռուսիայէն շնորհիւ ռուս մեծ կապիտալին ամէն ինչ այնքան հեշտութեամբ վաճառելու «կարգապահութեան», որուն այնքան համակերպած կը թուին ե՛ւ ներկայ իշխանութիւնները, ե՛ւ անոնց հետ միաձուլուած օլիկարգային վերնախաւը, որ Մոսկուա մտահոգուելու պատճառ չունէր: Առանց տակաւին խօսելու այն երկու միլլիոն հայութեան մասին որ կայք հաստատած է Ռուսիոյ ամէն անկիւնները:
Երեւի այս բոլորը նկատի առնելով էր որ հայրենի դիւանագիտութիւնը այն խաբկանքը ունէր, որ Մոսկուան թոյլատու պիտի ըլլար Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան հետ Ասոցիացման համաձայնագրի ստորագրութեան, որ հայ-ռուսական ռազմավարական դաշինքն ու Երեւան-Պրիւքսէլ յարաբերութիւնները իրարու հակասելու խնդիր չկար, կամ, առնուազն, Հիւսիս Մեծ Եղբայրը այնքան վստահութիւն պիտի ունենար իր դաշնակիցին վրայ որ մեծոգութեան ժեսթ մը պիտի ընէր: Ի վերջոյ, ի՞նչ կշիռ ունէր Հայաստանի տնտեսութիւնը Մաքսային Միութեան միւս անդամներուն համար, կամ՝ ի՞նչ վտանգ կրնային ըլլալ եւրոպական արժէքները որոնք եթէ մէկ կողմէն ժողովրդավարութեան հանդէպ քիչ մը աւելի յարգանք ու լրջութիւն պիտի պարտադրէին, միւս կողմէ աւելի պիտի խստացնէին տնտեսական ուղղափառութեան նորմերը:
Բայց, ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ, երբ Մոսկուա մեծապետական մրցակցութեան մէջ է զէրոյի հաւասարացման տրամաբանութեամբ կը խաղայ եւ անողոք է մանաւանդ իր ամենէն հաւատարիմ եւ իրմէ ամենէն աւելի կախուած դաշնակիցներուն հանդէպ, որոնց ե՛ւ փրկիչ, ե՛ւ դահիճ ըլլալու փաստը տուած է: Այս անգամ ալ տարբեր չեղաւ: Կրնանք վստահ ըլլալ որ նախագահ Սարգսեան թէկուզ եւ փորձեց բայց անկարելի եղաւ Փութինին համոզել: Տակաւի՛ն, Հայաստանի որոշման վրայէն Մոսկուա ոչ միայն լուր անցաւ, արժանի չըրաւ հրապարակային գնահատանքի, այլ սեղմումները շարունակուեցան ու կը շարունակուին, ի դէմս, օրինակի համար Պելոռուսի եւ Ղազախստանի ժխտական յայտարարութիւններուն, կամ՝ Ռուսիա կեցութեան օրէնքներու խստացման: Կայսերական ծանօթ վարքագիծն է, որ եթէ մօտիկ անցեալին համայնավարական անբողջատիրութեան ճնշումով կ’արտայայտուէր, այսօր վայրագ դրամատիրութեան տրամաբանութեամբ կը գործէ:
Կը մնայ որ Մոսկուայի հիմնական պատգամը ուղղուած էր Քիեւին: Զէրօ խաղի տրամաբանութեան համաձայն եթէ Հայաստանին թոյլատրուէր ե՛ւ դաշնակից մնալ Ռուսիոյ, ե՛ւ կապեր հաստատել Եւրոպական Միութեան հետ, կրնար սխալ ընկալուիլ Եանուքովիչին եւ իր դաշնակից օլիկարգներուն կողմէ, որոնք պիտի ուզէին նոյնը ընել: Ուքրանիոյ նախքին Նախագահին հաւատարմութեան հանդէպ շատ կասկած չունէր Մոսկուա, եւ նոյնինքն Եանուքովիչը եթէ հակուած ըլլար ե՛ւ Եւրոպայի հետ համաձայնագիր կնքելու, ե՛ւ հիմնականին մէջ Ռուսիոյ հետ սերտացնելու իր կապերը այդ մէկը հաւանաբար ընէր նաեւ ընդդիմութեան, քաղաքացիական հասարակութեան մօտ իր վարկը բարձրացնելու համար: Բայց այդ մէկը ռիսկ էր Մոսկուայի համար: Ի վերջոյ Ուքրանիա անցած էր «գունաւոր յեղափոխութեան» փորձառութենէն, երկրի կէսէն աւելին կը հաւատար որ իր ինքնութիւնը շատ աւելի մօտ է Արեւմուտքին քան Ռուսիոյ եւ ազգայնական տարրերը դեռ ոխակալ կը մնային: Յետոյ՝ առանց Ուքրանիոյ Եւրասիական Միութեան փութինեան ծրագիրը իսկապէս աշխարհաքաղաքական իմաստով նոյն իմաստը պիտի չունենար. միայն Ուքրանիոյ այդ ծրագրին մէջ ներգրաւելով է որ ռուսական եւրասիականութիւնը, կամ՝ այլ բառերով՝ տարածաշրջանային ազդեցութեան գօտիի ամրագրումը ինստիտուցիոնալ կառոյցներով, կրնար լիիրաւ արտայայտուիլ:
Հետեւաբար, եւ ի տարբերութիւն Հայաստանի, Եանուքովիչի Եւրոպան արհամարհելու քայլը ողջունուեցաւ եւ անմիջապէս վարձատրուեցաւ Քրեմլինի կոմէ. 15 միլիառ տոլարի փոխատւութիւն եւ արդէն զեղչով ծախուած բնական կազի գինի առաւել նուազում:
Բայց Ուքրանացի օլիկարգները ժամանակ չունեցան այդ ֆինանսներու սեփականացումը տօնելու: Քաղաքացիական հասարակութիւնը մերժեց կատարուած իրողութիւնը, զօրաշարժը վերածուեցաւ ըմբոստութեան, որուն համար, դարձեալ ի տարբերութիւն Հայաստանի ոչ միայն Արեւմտեան զօրակցութիւն ու ֆինանսաւորում կար այլ՝ չուշացան իշխանափոխութենէն յետոյ տնտեսական նեցուկի խոստումները: Եանուքովիչ ճնշեց, սպաննեց, փորձեց համաձայնիլ, բայց ի վերջոյ իշխանութենէն հեռացաւ եւ, շատ հաւանաբար, ապաստանեցաւ Ռուսիա: Անոնք որոնք Քիեւի մէջ իշխանութիւնը իրենց ձեռքին մէջ առին միայն եւրոպական արժէքներու պաշտպանները չէին: Ընդհակառակը, ծայրայեղ ազգայնական եւ նոյնիսկ ֆաշական խմբաւորումներու այլամերժ յայտարարութիւններն ու սպառնալիքները, որոնք, ի դէպ, այնքան կը յիշեցնեն Վրաստանի առաջին նախագահ Գամսախուրդիայի յիմար վերաբերմունքը…, շուտով այս բոլորին հակազդելու շատ հաւանաբար պատրաստուած Քրեմլին: Քիեւի մէջ իշխանափոխութիւնը ոչ բոլոր հասարակութեան սրտին կը խօսէր. երկրի արեւելեան շրջանները, ռուսախօս եւ ուղղափառ, անհանգստանալու սկսան եւ Քիեւէն անոնց ներգրաւելու յայտնի կամ ազդեցիկ քաղաքականութիւն մը կամ յայտարարութիւն մը չեղաւ կամ հնչեղութիւն չունեցաւ: Ընդհակառակը, Մոսկուա շատ արագ կերպով շահագործեց ռուսամէտ հատուածին մտավախութիւնները եւ անոնց հիման վրայ հակադարձեց: Այդուհանդերձ, Քրեմլինի հակադարձութիւնը որպէս հրամայական ինքնին կը յուշէ, որ Ուքրանիան Եւրասիական Միութեան արդէն անդամ կարծելու Փութինի յաղթանակի սկզբնական համոզումը այնքան ալ ճիշդ դուրս չեկաւ:
Խրիմի մէջ Մարտ 16ի հանրաքուէն, անոր արդիւնքն ու ռուսական հակազդեցութիւնը արդէն ծանօթ սենարիօ կը թուին: Սահմանադրականօրէն այդ իրաւունքն ունեցող Խրիմը պարզ է որ նաեւ ռուսական ուժային ցուցադրութիւն էր: Թէ որքանով անջատման թեր ինիսուն տոկոսի քուէները կ’արտայայտեն թերակղզիի բնակչութեան կամքը՝ առնուազն հարցական է: Յստակ է միայն որ այս հանրաքուէն, թէկուզ եւ սահմանադրական, ազատ ու թափանցիկ քուէարկութեան մը արդիւնքը ըլլալէ շատ հեռու է: Մինչեւ քուէարկութիւն եւ անկէ անմիջապէս յետոյ, Քրեմլինը ե՛ւ Խրիմի, ե՛ւ Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններու, ե՛ւ Մոսկուայի, Սան Փեթերզպուրկի եւ ռուսական այլ մեծ քաղաքներու մէջ ազգայնականութեան հրապարակային արտայայտութիւնները բազմացուց: Բայց Խրիմի դիմումին՝ մաս կազմելու Ռուսիոյ Փութին պատասխանեց Խրիմի անկախութիւնը ճանչնալու հրամագրով մը: Պատգամը դարձեալ Արեւմուտքին, բայց այս անգամ շատ աւելի դիպուկ կերպով Քիեւին է. Խրիմը 1991ի նման դիւանագիտական առուծախի առարկայ պիտի չըլլայ, անոր իրաւական անկախութենէն ետդարձ դժուար թէ կատարուի: Սպառնալիքը պարզ է. ինքնորոշման իրաւունքի միեւնոյն խաղաքարտը կարելի է օգտագործել երկիրը մասնահատելու համար:
Խրիմի պատերազմը 1853-56 տասնիններորդ դարու ամենայատկանշական իրադարձութիւններէն մէկն էր: Խրիմէն ցարական կայսրութիւնը ատեն մը կը հաւակնէր ազատագրել Կոստանդնուպոլիսը եւ վերահաստատել Եկրորդ Հռոմը: Բայց այդ պատերազմին, որուն վկայ եղաւ Թոլսթոյ հետագային գրելու համար իր կոթողային Պատերազմ եւ Խաղաղութիւնը, Ռուսիա իր դէմ գտաւ Եւրոպայի «Հիւանդ Մարդ»ուն զօրակցութեան փութացած Անգլիան ու Ֆրանսան յանուն սրբութիւն սրբոց ուժերու հաւասարակշռութեան պահպանումին: Խրիմի պատերազմի սկիզբէն 160 տարի յետոյ, աշխարհաքաղաքական այդ նոյն տարածաշրջանին մէջ պիտի հաստատագրուի՞ քսանմէկերորդ դարու ուժերու միջազգային հաւասարակշռութեան նոր կառոյցը եւ Ատլանտեանի երկու ափերը իրարու միացնող Արեւմուտքը պիտի աւարտի՞ հոն ուր նոր ծնունդ առնող Եւրասիոյ սահմանը պիտի դրուի: Այդ մասին պիտի խօսին երկող օրերու իրադարձութիւնները: Խրիմի հանրաքուէն, սակայն, կրկին անգամ լուսարձակի տակ առաւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը, անգամ մը եւս, դժբախտաբար, որպէս մեծապետական մրցակցութեան խաղաքարտի: Հետեւաբար, ճիշդ չէ սկզբունքային պարզունակ զուգահեռ մը գծել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի գործածութեան եւ Խրիմի մէջ այդ սկզբունքի գործադրման միջեւ:
Խրիմի հայութիւնը, ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն, անջատման թեր քուէարկած է: Արցախի Արտ Գործ Նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց ինքնորոշման իրաւունքի վերահաստատումը կատարելով, միաժամանակ մաղթելով որ Խրիմի քաղաքական ճգնաժամը լուծում գտնէ խաղաղ եւ օրինական ճանապարհով: Հայաստանի Արտ Գործ Նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը հասկնալիօրէն աւելի զգուշաւոր էր:
Խրիմի անկախութիւնը ճանչնալու հարց պիտի դրուի՞ Հայաստանի առաջ, հասկնալիօրէն՝ Ռուսիոյ կողմէ: Յստակ է, որ որքան ալ որ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը արցախեան հիմնախնդրի լուծման ենթահողն է, Մոսկուայի կողմէ անոր նման շահագործումը Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն համար դրական չէ բնաւ: Խրիմի անկախութեան (առայժմ) միակողմանի ճանաչումը Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիայի անկախութիւններու ճանաչման տրամաբանութեան մէջ կ’իյնայ: Ռուսիոյ այս վերաբերմունքը հակազդեցութիւնն է արդէն երկու տասնամեակէ ի վեր միակողմանի միջամտութիւններով ինքզինք աշխարհին պարտադրող Միացեալ Նահանգներու մեծապետական վերաբերմունքին, որուն յաճախ մեղսակից են Եւրոպայի պետութիւնները: Այդ վերաբերմունքը մասնաւորաբար գրգռեց Մոսկուային 2008 Փետրուարին Քոսովոյի անկախութեան ճանաչումով: Ճիշդ է, ՕԹԱՆի դաշնակիցները շատ աւելի համոզիչ կերպով միջազգային օրէնքի սահմաններուն մէջ շարժեցան Քոսովոյի պարագային եւ ոչ միայն ՄԱԿի ճամբով ըրին ամէն ինչ այլ նաեւ յայտարարեցին որ պարագան նախընթաց պիտի չստեղծէր եւ յատուկ էր միայն Քոսովոյի: Այդ մէկը, պարզ է, Քրեմլինի համար նշանակութիւն չունէր: Աբխազիա, Հարաւային Օսեթիա եւ հիմա Խրիմ՝ Ռուսիան ինքնորոշման իրաւունքի գործադրման ի՛ր տարբերակն է որ կը պարտադրէ, առաւելի իմաստազրկելով սկզբունքը:
Արցախը առաջինը եղաւ որ ինքնորոշման իրաւունքը սահմանադրականօրէն, խաղաղ պայմաններու մէջ եւ առանց արտաքին ոչ մէկ միջամտութեան ժողովրդային հանրաքուէի ճամբով գործադրեց: Օրին Քրեմլինը կառչած մնաց սահմաններու անփոփոխութեան, որ համազօր է տարածքային ամբողջականութեան: Սահմանային փոփոխութիւնները սոցիալիզմը կառուցողներու տրամաբանութեամբ միայն Համայնավար Կուսակցութեան Քաղբիւրոն կը կատարէր, վկայ՝ Խրուշչեւի կողմէ Ուքրանիոյ նուէր տրուած Խրիմը որ հիմա Ռուսիա կը վերապահանջէ որպէս իր պատմական տարածքի մէկ մասը… Արցախեան հիմնախնդիրը Մոսկուայի համար ինքնորոշման իրաւունքով երբեք չսահմանուեցաւ: Մինսքի Խմբակը, որ այն ատեն ճիշդ որոշումով ներգրաւեց նաեւ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, տագնապի երկու կողմերուն միջեւ միշտ հաւասարութիւն պահելու նախանձախնդրութեամբ լաւագոյն պարագային երկու սկզբունքները՝ ինքնորոշման իրաւունք եւ տարածքային ամբողջականութիւն, իրարու հաւասարեցուց, ի հարկին աւելի կշիռ տալով երկրորդին: Մինսքի խմբակին մէջ ալ Ռուսիա մասնաւոր ճիգ մը չընէր ինքնորոշման իրաւունքը Արցախին ի նպաստ գործածելու ուղղութեամբ:
Ինքնորոշման իրաւունքի այս միջազգային խեղաթիւրումը կրնայ կասեցուիլ միայն եթէ Աբխազիա, Հարաւային Օսեթիա եւ հիմա Խրիմ, որպէս իրողական անկախ պետութիւններ քայլ առնեն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հաստատագրման ուղղութեամբ: Կամ՝ եթէ Սկովտիոյ կամ Քաթալունիայի մէջ այս տարի սպասուող անկախական հանրաքուէներուն նախաձեռնող կողմերը այնքան յանդուգն ըլլան որ ոչ-պաշտօնական կամ այսպէս կոչուած «երկրորդ ուղի»ի դիւանագիտութեան ճամբով կապեր հաստատեն ինքնորոշման իրաւունքին դիմած ժողովուրդներուն հետ: Տակաւի՛ն կարելի է մտածել քիւրտերուն մասին՝ Իրագ եւ Սուրիա: Այն ատեն միայն միջազգային բեմահարթակին վրայ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի օրինական գործընթացի մը բանաձեւման յոյսը կարելի է տեսնել: