ԿԱԶՄՈՒԵՑԱՒ «ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆԻՆ» ԱՆՈՒԱՄԲ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՄԻՏԷ ՄԸ
«Մարմարա».- Ինչպէս ծանօթ է, Շիրինճէ գաւառակի բարեզարդման հեղինակ, մտաւորական Սեւան Նշանեան, առանց արտօնութեան շէնքեր կառուցանելու պատճառաբանութեամբ բանտարկուած է, ուր կ՚ապրի վերջերս խղճալի պայմաններու տակ։
Կը հաղորդուի որ կեդրոն ունենալով Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքը, Սեւան Նշանեանը ազատ արձակելու մասին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ուղղեալ «Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» անուամբ Միջազգային Կոմիտէ մը կազմուած է, որուն նպատակն է նեցուկ կանգնիլ Սեւան Նշանեանի դատին եւ ապահովել որ ան ազատ արձակուի այն բանտէն, ուր արգելափակուած է։ Այս Կոմիտէին կ՚անդամակցին աշխարհի չորս ծագերէն ծանօթ մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներ։Այս մասին հրապարակուած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ.
«3 Յունուար 2014 թուականէն ի վեր անազատութեան մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ քաղաքացի հայազգի մտաւորական, քաղաքական գործիչ, լեզուաբան Սեւան Նշանեան։
Նկատի ունենալով մտաւորականին նկատմամբ բանտարկութեան վճիռի անընդունելիութիւնը, հետզհետէ անտանելի դարձող անոր պարտադրուած բանտային պայմանները, նոր եւ ոչ պակաս անընդունելի դատական հետապնդումներու սպառնալիքները, հանրաճանաչ մտաւորականներու եւ քաղաքացիական գործիչներու մասնակցութեամբ ստեղծուեցաւ «Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային կոմիտէ։«Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային կոմիտէն Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան դատական վճիռը կը համարէ ծաղրանք՝ նետուած արդարութեան երեսին եւ անընդունելի տուրք՝ ազատ մտածումի իրաւունքին դէմ ուղղուած ամբոխային տրամադրութիւններուն։ Կոմիտէն Նշանեանի բանտարկութիւնը կ՚որակէ խտրականութեան եւ քինախնդրութեան բացայայտ դրսեւորում, որուն կ՚ենթարկուի մտաւորականը՝ Թուրքիոյ մէջ այսպէս կոչուած պետական մտածողութեան դրոյթներու նկատմամբ անոր անհաշտ ընդդիմութեան համար։«Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային կոմիտէն կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն անյապաղ ազատ արձակել Սեւան Նշանեանը եւ դադրեցնել անոր նկատմամբ սանձազերծուած հալածանքները։
«Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային կոմիտէն կոչ կ՚ուղղէ համաշխարհային հանրութեան, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան կեդրոններուն դատապարտել Սեւան Նշանեանի արգելափակման փաստը եւ ձեռնարկել քայլեր անոր ազատ արձակման ուղղութեամբ։Կոմիտէն կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն տէր կանգնիլ պետական մարմիններու պատժիչ մեքենայի զոհ՝ այդ երկրին համար մտաւոր այնքան արժէքաւոր աւանդ ստեղծած համաքաղաքացիին, մտաւորականին, Թուրքիոյ բազմաշերտ մշակոյթի արժէքներու պաշտպանին եւ տարածողին, յանուն այդ երկրին մէջ աւելի արդար հասարակութեան պայքարող մարդուն եւ բողոքի ձայն բարձրացնել բոլոր օրինական միջոցներով յանուն արդարութեան։
Կոմիտէն կը յայտարարէ որ Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ պիտի ձեռնարկէ բազմատեսակ միջոցառումներու՝ նուիրուած Սեւան Նշանեանի դատին, որու յաղթանակին կը հաւատայ աներկբայօրէն՝ գործակցութեամբ ուժեղ կամքի տէր աշխարհի մարդոց»։
*
Յիշեալ հաղորդագրութեան տակ, որպէս «Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» Միջազգային կոմիտէի անդամներ, լատինական տառերու կարգով, ստորագրած են հետեւեալ անձերը. Ալի Էրթէմ, Արա Պալիոզեան, Աթիլլա Թայկուն, Պասքըն Օրան, Ճան Պաշքէնթ, Տալիթա-Ռոժէ Հաճեան, Տէյվիտ Կաունդ, Տողան Էօզկիւտէն, Էրքան Մէթին, Էրօլ Էօզքորայ, Էսթէր Շուլց-Կոլտշթայն, Ֆիքրէթ Պասքայա, Ժիրայր Գուտչարեան, Գուրգէն Խանճեան, Հրանդ Գասպարեան, Հրաչ Գալսահակեան, Հրանոյշ Խառատեան, Իպրահիմ Սէվէն, Իշխան Չիֆթճեան, Իսմայիլ Պէշիկճի, Կարինէ Խոտիկեան, Խաչիկ Մուրատեան, Մահմուտ Գոնուք, Մէսուտ Թուֆան, Նատիա Ույկուն, Նուրհան Պեճիտեան, Պերճ Զէյթունցեան, Րաֆֆի Հերմոն Արաքս, Րամազան Կէզկին, Սաիթ Չէթինօղլու, Սագօ Արեան, Սեդա Փափազեան, Սեւակ Արծրունի, Սիպէլ Էօզպուտուն, Սիրրի Սիրէյյա Էօնտէր, Թանէր Աքչամ, Թէսսա Հոֆման, Տիգրան Բասկէվիչեան, Թէմէլ Տէմիրէր, Ցուրու Իրա, Վահագն Չաքալեան, Վարդան Թաշճեան, Եալչըն Էրկիւնտողան, Զէյնէպ Թանպայ։Յիշեալ անձերէն, երկիրներու անունով պատասխանատուներ նշանակուած են Թուրքիայէն, Գերմանիայէն, Միջին Արեւելքէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն եւ Հայաստանէն։ Թուրքիայէն պատասխանատու նշանակուած է՝ Սայիթ Չէթինօղլու, Հայաստանէն՝ Սագօ Արեան, Միջին Արեւելքէն՝ Հրաչ Գալսահակեան, Գերմանիայէն՝ Ալի Էրթէմ, Ֆրանսայէն՝ Սեդա Փափազեան, Ամերիկայէն՝ Նատիա Ույկուն: