Ո՞ւր Է Վանի Հայ Բնակչութիւնը. Հարց Կու Տայ Թուրք Խմբագիրը

\n

\n ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Կիրակի, Մարտ 16ին պիտի բացուի երեք տարբեր նիստերէ բաղկացած համագումար մը, որուն գլխաւոր նիւթն է՝ «2015ին մէկ տարի մնացած՝ մեր անցեալն ու մեր ապագան»։ Անունէն յստակ է, որ համագումարին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթի քննարկումը։ Կազմակերպուած երեք նիստերը կը կրեն հետեւեալ ենթախորագիրները՝
\n- «1915ի կնոջական երեսակը»
\n- «1915 եւ Ցեղասպանութեան իրաւակարգը»
\n- «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ լրատուամիջոցները»։
\n Համագումարը պիտի կայանայ Իսմայիլ Պեշիքճիի անուան վագըֆի շէնքին մէջ։ Կազմակերպիչներն են՝ փաստաբան Էրտալ Տողան, Ճաֆեր Սոլկուն, Միւժկան Հալիս, Մեհմետ Կէօչեքլի, Գատիր Գաչան, Հրանդ Գասպարեան, Սերտար Քորուճու, Մուրատ Մըխճը եւ Էվրիմ Գեփենեք։
\n Համագումարի կազմակերպիչները կը մեկնին այն գաղափարէն, թէ այսօրուան պայմաններուն մէջ, երբ զանազան երկիրներ պատրաստութիւններ կը տեսնեն 2015ին համար, պէտք է իրարու հետ երես առ երես գան այն ժողովուրդները, որոնք կը բնակին Ցեղասպանութեան վայր դարձած հողերուն վրայ։
\n «1915ի կնոջական երեսակը» կոչուած նիստին պիտի մասնակցին Գայուշ Չալըքման-Կավրիլոֆ, Թագուհի Թովմասեան եւ Կիւլչիչեք Կիւնել Թեքին։ Այս նիստը պիտի վարուի լրագրող Միւժկան Հալիսի կողմէ։
\n Երկրորդ նիստը, որուն նիւթը Ցեղասպանութեան իրաւակարգն է՝ հարց մը, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին ամէնէն շատ խօսուելիք նիւթը պիտի ըլլայ, պիտի վարուի փաստաբան Էրեն Քեսքինի կողմէ։ Ընթացքին խօսք պիտի առնեն փաստաբան Էրտալ Տողան, փաստաբան Էրճան Գանար, Ռիթա Էնտեր եւ փաստաբան Ռամազան Տողան։
\n Երրորդ նիստը նուիրուած է մամուլին, այն մամուլը, որ ցարդ «կարծեցեալ» բառը կը գործածէ 1915ի պատահարներուն համար: Պիտի քննուի այն հարցը, թէ մամուլը ինչպէ՞ս պիտի մօտենայ Ցեղասպանութեան՝ անոր հարիւրամեակի սեմին։ Այս նիստը պիտի վարուի «Սապահ» թերթի նախկին հրատարակութեան տնօրէն Էրկուն Պապահանի կողմէ, իսկ քննարկումին պիտի մասնակցին «Սի.Էն.Էն.»էն Սերտար Գօրուճու, «Ակօս»էն Բագրատ Էսդուքեան, «Էօզկիւր Կիւնտեմ» թերթէն Սետատ Եըլմազ եւ «ՏեմոքրաթՀապեր»ի խմբագիր Մեհմետ Կէօչեքլի։
\n Այս համագումարին մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին, Կէօչեքլի ըսած է, թէ Ցեղասպանութեան հարցը այնքա՛ն կարեւոր է որ պէտք չէ արտօնել, որ պետութիւնները զայն ծառայեցնեն իրենց քաղաքական շահերուն:
\n «Եկէք բոլորս միասին պատմութիւն կարդանք եւ ուսումնասիրենք, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ կատարուած է 1915ին: Միայն այն փաստը, որ 100 տարի առաջ Վանի բնակչութեան մեծ մասը հայեր եղած են, իսկ այժմ անոնք չկան՝ անհանգստացնող է: Ո՞ւր գացին այդ մարդիկը, ինչո՞ւ գացին, ձեզ չի՞ հետաքրքրեր», ըսած է ան:\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.