Խրիմի հայկական գաղթօճախի պատմականը – Միջնադարու հայկական մեծագոյն գաղութը (Բ.)


 

Օտար նուաճողներու տիրապետութեան շրջանին, հայերը Խրիմի մէջ ենթարկուած են եռակի հարկային ճնշումի. անոնք զանազան հարկեր եւ տուրքեր վճարած են թաթարական, թրքական եւ ճենովական իշխանութիւններուն։ Թուրք-թաթարական ասպատակութիւններու եւ պատերազմներու նախօրեակին հարկահաւաքութիւնը վերածուած է թերակղզիի քրիստոնեայ բնակչութեան սեփականութեան բացայայտ բռնագրաւման։ Ատոր զուգահեռ հայ համայնքները ենթարկուած են մահմետական հոգեւորականութեան հալածանքներուն։

1778-ին Թուրքիոյ դէմ Խրիմի համար մղուած սուր պայքարի ժամանակ, Ռուսիոյ կայսրուհի Կատարինէ Բ-ի կառավարութիւնը, Խրիմի խանը սնանկացնելու եւ ռուսական արքունիքէն տտնտեսապէս կախեալ ըլլալու վիճակի մէջ դնելու նպատակով՝ թերակղզիէն տեղահանած է խանական գանձատան գլխաւոր հարկատու ժողովուրդները՝ հայերն ու յոյները։ 
Արտագաղթի ենթարկուած հայերը Ռուսաստանի Տոնի շրջանին մէջ 1780-ին հիմնադրած են Նոր Նախիջեւան քաղաքը եւ շրջակայ հայկական հինգ գիւղերը։ Սակայն Խրիմի Ռուսիոյ միացումէն (1783) ետք, հայերը Նոր Նախիջեւանէն, Արեւմտեան Հայաստանէն եւ այլ վայրերէ սկսած են վերստին գաղթել եւ հաստատուիլ Խրիմ։ 1790-ին առաջինը Խրիմ (Ղարասուպազար) վերադարձած է Եքաթերինոսլաւ տեղափոխուած հայ կաթողիկէ համայնքը։ 18-րդ դարու վերջաւորութեան Ռուսիոյ մէջ հայ համայնքներուն տրուած արտօնութիւնները աւելի խթանած են հայերու ներհոսքը Խրիմ։ Անոնց թիւը 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին սկսած է հասնիլ շուրջ 20 հազարի, ներառեալ Սիմֆերոփոլի մէջ՝ 2000, Սթարի Կրիմի մէջ՝ 1750, Ղարասուպազարի մէջ՝ 1800, Կերչի մէջ՝700, Թէոդոսիոյ մէջ՝ 1000։

Ռուսական կառավարութեան թոյլտուութեամբ, խրիմահայերը հիմնած են իրենց ինքնակառավարման մարմինները՝ Սթարի Կրիմի քաղաքային ռատուշան եւ Ղարասուպազարի հայ կաթողիկէ դատարանը։ Ընտրովի այդ մարմինները, որոնք գործած են շուրջ 70 տարի՝ 18-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 1870-ի սկիզբը, վարած են նշուած քաղաքներու հայ համայնքներու դատական, վարչական, տնտեսական, քրէական եւ տուրքերու գանձման վերաբերող գործերը։

19-րդ – 20-րդ դար խրիմահայ գաղութի տնտեսական կեանքին մէջ շարունակած են առաջնային դեր խաղալ առեւտուրը, արհեստներն ու արդիւնաբերութիւնը։ 19-րդ դարու 2-րդ կէսէն խրիմահայ զօրացած տնտեսական դրամագլուխը թափանցած է նաեւ երկրագործութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտները։ Հայ գործատէր-արդիւնաբերողներ, հողատէրեր եւ առեւտրականներ զգալի մասնակցութիւն ունեցած են Ռուսիոյ միացած Խրիմի տնտեսական կեանքի գրեթէ բոլոր բնագաւառներու՝ երկաթուղային շինարարութեան, շոգեմեքենայական արտադրութեան, նաւաշինութեան, ներքին եւ արտաքին առեւտուրի զարգացման գործին մէջ։ 19-րդ դարու վերջաւորութեան, Խրիմի մէջ կը գործէին 500-աւելի գործատէր-վաճառականներ: 

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Ա. ԵՒ Բ. ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԻՆ 

Առաջին համաշխարհային պատերազմի (1914-1918) եւ ատոր անմիջապէս յաջորդած տարիներուն Խրիմի մէջ ապաստան գտած են Թուրքիոյ սեւծովեան ափերէն եւ այլ շրջաններէն գաղթած հազարաւոր հայեր։ 1926-ին տեղի ունեցած է Խրիմի Համահայկական համագումարը, որու որոշումներուն մէջ կարեւոր նշանակութիւն տրուած է Հայաստանի հետ մշակութային-կրթական կապերու սերտացման, դպրոցական գործի կազմակերպման, խրիմահայ գիւղերուն մէջ միատարր հայ բնակչութեան պահպանմանը։ 1920-1930-ին Խրիմի մէջ տրուած են հայերէն շաբաթական ռատիոհաղորդումներ։ 
1930-ական թուականներու 2-րդ կէսէն սկսեալ Խրիմի մէջ, ռուսահայ միւս գաղութներու նման, հայ ազգային մշակութային կեանքը անկում ապրած է։ 1939-ի մարդահամարի տուեալներով՝ Խրիմի մէջ բնակած է 12,963 հայ։ 
1944-ի Յունիսին թաթարներու եւ յոյներու հետ խրիմահայերը եւս, իբրեւ «անբաղձալի տարրեր», աքսորուած են Ուրալի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարբեր շրջաններ՝ տալով բազմաթիւ զոհեր աքսորավայրերու ճանապարհներուն։ 1955-ին, անոնց անձնական իրաւունքները վերականգնած են, սակայն առանց Խրիմ վերադառնալու եւ կրած տառապանքներու դիմաց փոխհատուցում պահանջելու իրաւունքի։ 

21-ՐԴ ԴԱՐ

1980-ական թուականներուն վերջաւորութենէն ի վեր նկատելի է դարձեալ հայերու վերադարձը Խրիմ։ 1989-ին խրիմահայերու «Լոյս» հասարակական-մշակութային կազմակերպութեան հիմադրութեամբ հայերու վերադարձին կազմակերպուած ընթացք հաղորդուած է, եւ սկսած է իրագործուիլ անոնց վերադարձի եւ տեղաւորման պետական ծրագիրը։

2003-ի դրութեամբ, Խրիմի հայ բնակչութեան թիւը հասած էր շուրջ 20 հազարի։ Անոնց ազգային կեանքը 1993-էն ի վեր սկսած է կազմակերպել Խրիմի հանրապետութեան գերագոյն իշխանութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած Խրիմահայ ընկերութիւնը։ Եալթա, Թէոդոսիա, Եւփաթորիա քաղաքներուն մէջ կը գործեն հայկական եկեղեցիներ, Խրիմի հինգ քաղաքներուն մէջ՝ կիրակնօրեայ հայկական դպրոցներ։ 1998-ին Սիմֆերոփոլի մէջ բացուած է առաջին հայկական գոլէճը։ Խրիմի հանրապետութեան պատկերասփիւռի համակարգին մէջ կը գործէ «Բարեւ» հայկական միաժամ ծրագիրը, շաբաթը հինգ անգամ եթերի վրայ է հայերէն ռատիոժամը, կը հրատարակուի «Մասեաց աղաւնի» թերթը։ Սիմֆերոփոլի, Եալթայի, Սեւասթափոլի մէջ կը գործեն գեղարուսետական խմբակներ։ Նկատելի աշխատանք կը կատարուի հայկական յուշարձաններու վերականգնման ուղղութեամբ։ Պարբերաբար կը կատարուին հայ մշակոյթի օրեր Հայաստանի ստեղծագործական խումբերու եւ անհատ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ։ 

1997-ին, ԵՈՒՆՍԵՔՕ-ի հովանիի տակ, Խրիմի գերագոյն խորհուրդի եւ կառավարութեան որոշումով մեծ շուքով նշուած է Գաբրիէլ եւ Յովհաննէս Այվազոսքի եղբայրներու ծննդեան 185-րդ եւ 180-րդ ծննդեան ամեակները։ 

(Բ. մաս – շարունակելի)

Յօդուածի առաջին բաժինը կարդալ հոս՝

http://www.horizonweekly.ca/news/details/33917


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.