Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի Նորվեկիոյ Մրցաշարքին
1253
0
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ Armchess.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սթավանկերի (Նորվեկիա) ճատրակի գերմրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 2-13 յունիսին: Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Մակնիւս Քարլսըն, Վլատիմիր Քրամնիք, Վեսելին Թոփալով, Սերկէյ Քարժաքին, Փիթըր Սվիտլեր, Ֆապիանօ Քարուանա եւ Ալեքսանտր Կրիսչուք, երկու այլ մասնակցողներու անունները պիտի յայտարարուին