Արցախցի Զինուորները Հաւանաբար Լաւագոյնն Են Տարածաշրջանին Մէջ. «Ուիքիլիքս»


 

 

«Ուիքիլիքս»ը հրապարակած է «Սթրաթֆոր» ամերիկեան հետախուզական-վերլուծական կեդրոնի աշխատակիցներու գաղտնի նամակագրութիւնները, որոնց մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կան նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ: Համացանցին վրայ հասանելի է Եւրասիոյ հարցերով «Սթրաթֆոր»ի աւագ վերլուծաբան Լորըն Կուտրիչի՝ 23 Փետրուար 2011ի թուակիր ելեկտրոնային նամակը: Հեղինակը ընկերութեան զեկուցած է Լեռնային Ղարաբաղ կատարած իր այցելութեան եւ ունեցած տպաւորութիւններուն մասին:

Վերլուծաբանը, հաւանաբար, շփոթած է արցախցիներու բարբառը՝ ցուցանակներուն վրայ արձանագրուած գրութիւններուն հետ, որոնք, խորքին մէջ գրուած են թէ՛ Հայաստանի, թէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պետական լեզուով՝ գրական հայերէնով:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցուցանակները գրուած են ինչպէս Ղարաբաղի հայերէնով, այնպէս ալ ռուսերէնով: Ղարաբաղի հայերէնին եւ սովորական հայերէնին միջեւ տարբերութիւն կայ: Ուշադրութիւն դարձուցէք, որ սովորական հայերէնով գրուած չեն հասարակական ցուցանակները», գրած է ան։

Ամերիկացի վերլուծաբանը իր հիացմունքը արտայայտած է Արցախի բնաշխարհին եւ ճարտարապետական յուշարձաններուն նկատմամբ: «Լեռնային Ղարաբաղը իսկապէս լաւ վայր է այցելելու համար: Անիկա գեղեցիկ է, բերրի, ճամբաները եւ պանդոկները շատ լաւ կառուցուած են, գրեթէ ամէն քայլափոխի կան եկեղեցիներ, յանցագործութիւններու մակարդակը ցած է», դիտել տուած է ան:
Ապա անդրադառնալով արցախցի զինուորներուն՝ վերլուծաբանը հաստատած է, որ անոնք տարածաշրջանի լաւագոյն զինուորներն են: «Ղարաբաղի հայերը աներեւակայելի կերպով ուժեղ զինուորներ են, թերեւս լաւագոյնը տարածաշրջանին մէջ: Ատրպէյճանցիները լաւապէս գիտեն այս մասին: Ատրպէյճանցիները պատրաստ չեն պատերազմելու», նշած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.