ԱԲԽԱԶԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՎՏԱՆԳԻ ԱՌՋԵՒ ԿԱՆԳՆԱԾ Է


 

 

Արմէն Մկրտչեան araratnews.am-ի վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ հայերը Աբխազիոյ մէջ հաստատուած են միջնադարու սկիզբը, իսկ իբրեւ համայնք բաղկացած են Համիտեան ջարդերէն ետք եւ Մեծ Եղեռնի տարիներուն Աբխազիա գաղթած տրապիզոնահայերէ։

Հայերը 19-րդ դարու վերջաւորութեան Աբխազիոյ մէջ կառուցած են եկեղեցիներ, բացած են դպրոցներ, հիմնադրած են տպարաններ, հրատակարած են «Լոյս», «Նոր Կեանք» եւ «Փարոս» թերթերը։

Խորհրդային շրջանին ալ հայերը Աբխազիոյ մէջ կազմած են բնակչութեան գերակշիռ մասը՝ շուրջ 100 հազար թուաքանակով։ 
Հայերը հիմնականին մէջ կը բնակին Սուխումի, Օչամչիրա, Կակրա, Կուտաութա, Լեսելիծէ, Կանթիատ, Փիցուտա, Նոր Աֆոն եւ Կուլրիփշ ծովեզերեայ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայերու կողմէ հիմնադրուած բնակավայրերու մէջ։

2006-ին մարդահամարով, Աբխազիոյ մէջ հայերու թիւը 1992-ի մարդահմարի 80 հազարէն նուազած է 44 հազարի, եւ ասիկա միայն ըստ պաշտօնական տուեալներու։ Ընտրական իրաւունք ունեցող հայերու թիւը 32 հազար է։

Արտագաղթի նման կշռոյթները անկարելի կը դարձնէ Աբխազիոյ մէջ հայ համայնքի բնականոն գործունէութիւնը։ Աբխազահայութիւնը, իբրեւ ազգային առանձին խումբ, կը կորսնցնէ այդ երկրին մէջ իր իւրայատուկ պատմական դերն ու նշանակութիւնը։ Աբխազիոյ մէջ 56 հայկական դպրոցներէն մնացած են միայն 34-ը, աշակերտական թիւի նուազումին պատճառով։ Հայ բնակչութեան զգալի մէկ հատուածը դադրեցուցած է նախկին բազմաճիւղ տնտեսական գործունէութիւնը, եւ այժմ հիմնականին մէջ զբաղուած է նարինջներու, լեմոններու եւ այլ նման միրգերու աճեցմամբ ու արտածմամբ։ Նախապէս, աբխազահայութիւնը ներգրաւուած էր երկիրի թէ՛ կառավարման, թէ՛ գիւղատնտեսութեան եւ թէ՛ այլ կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող ոլորտներուն մէջ։

Կառավարութեան մէջ հայութեան ունեցած նախկին տիրական ներկայաթիւնը չքացած է: Ներկայիս, կառավարութեան մէջ մնացած է միայն գիւղատնտեսութեան փոխնախարար մը, իսկ օրէնսդիր մարմինին մէջ՝ խորհրդարանի փոխնախագահը։ Աբխազիոյ 33 երեսփոխաններէն միայն 3-ը հայ համայնքի ներկայացուցիչ են։

Թուրքիան՝ ճնշումներու կ՚ենթարկէ Աբխազիոյ ղեկավարութիւնը՝ պահանջելով հայերու թուաքանակի արհեստական նուազում, պետական պաշտօններէն հայերու հեռացում։

Յատկանշական է նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան իշխանութիւններու բացարձակ անտարբերութիւնը աբխազահայութեան խնդիրներու վերաբերեալ։

Արմէն Մկրտչեան կը նշէ, որ անհրաժեշտ են արմատական լուծումներ սփիւռքահայ երբեմնի ամէնէն ազդեցիկ գաղթօճախներէն մէկուն՝ աբխազահայութեան ազդեցութեան վերականգնման համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.