Վանի հայկական եկեղեցին ախոռի վերածուած է
1581
0
Վան նահանգի Չաթաքի շրջանի Քորլու գիւղի Ալպուճաք շրջանին մէջ գտնուող երբեմնի հայկական եկեղեցին այժմ վերածուած է խոտի պահեստի: Թրքական ‘Հապէրլէր’ կայքէջը կը նշէ, որ եկեղեցին 30 տարի առաջ, մoտաւորապէս 5 տարի ծառայած է որպէս դպրոց:
Անտէրութեան մատնուելու պատճառով գիւղացիները եկեղեցին օգտագործած են որպէս խոտի, փայտի եւ կենդանիներու աթարի պահեստ։ Տարիներու ընթացքին անխնամ վիճակի մէջ մնացած եկեղեցւոյ մէկ պատը արդէն տապալած է: Եկեղեցին այժմ կը գտնուի ոչնչացման վտանգի տակ: Քորլու Գիւղի բնակիչ Սելիմ Կուրպանը Թուրքիոյ համապատասխան մարմիններուն ուշադրութեան հրաւիրած է այս հարցը։ Ան կոչ ուղղած է վերանորոգել եկեղեցին, որովհետեւ նման քայլով, եկեղեցի կրնան այցելել օտար զբօսաշրջիկներ։