ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՃ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ… ՔԻՒՐՏԵՐՈՒ ԱՃԻՆ ՇՆՈՐՀԻՒ


Կարմիրով նշուած են Թուրքիոյ այն շրջանները, ուր ծնելիութեան համեմատութիւնը բարձր է, իսկ կապոյտով նշուած են այն շրջանները, ուր ծնելիութիւնը նուազած է։

 

Թրքագիտական կայքէջի աշխատակից թրքագէտ Գէորգ Պետրոսեան կը գրէ, թէ հայաստանեան մամուլը որոշակի մտահոգութեամբ կ՚ընդունի վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ բնակչութեան մշտական աճի վերաբերեալ վիճակագրական տուեալները՝ ընդունելով, որ թուրքերու թիւը շարունակաբար զգալի աճ կ՚արձանագրէ։

Ըստ Պետրոսեանի, վերջին 2-3 տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ բնակչութիւնը կ՚աճի միջինը 1 միլիոնով։ Այս աճը մեծ մասամբ պայմանաւորուած չէ թուրքերու բազմանալով, այլ մեծապէս, կապուած է Հայաստանի երկիրի քիւրտ բնակչութեան թիւի աճին հետ։

Թուրքիոյ վիճակագրական ծառայութիւնը Յունուար 2014-ին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ բնակչութիւնը 76,667,864 է։ 2012-ի համեմատ՝ այս թիւը աճած է 1,040,480 հոգիով։ Թուրքիոյ բնակչութեան 50.2 առ հարիւրը արական սեռի ներկայացուցիչ է, 49.8 առ հարիւրը՝ իգական սեռի։ Թուրքիոյ բնակչութեան միջին տարիքը 30.4 է, ինչ որ 2012-ի համեմատ բարձր է 0.3-ով։ Թուրքիոյ մէջ բնակչութեան թիւով յառաջատարը Իսթանպուլի նահանգն է (14.1 միլիոն), որուն կը հետեւին Անգարան (5.5 միլիոն) եւ Իզմիրը (4.6 միլիոն)։

Միեւնոյն ժամանակ, պետական վիճակագրական ծառայութեան տուեալներէն յստակ կը դառնայ, որ Թուրքիոյ մէջ ծնելիութեան ամէնէն բարձր ցուցանիշն ու ամէնէն երիտասարդ բնակչութիւնը երկրի հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ են, որոնք մեծամասնութեամբ քրտաբնակ են։ Բնակչութեան միջին տարիքով ամէնէն երիտասարդ նահանգներն են Շըրնաքը (18.7), Ուրֆան (19) եւ Աղրըն (19.7), որոնք ունին հիմնականին մէջ քիւրտ բնակչութիւն, իսկ Ուրֆայի մէջ կ՚ապրին նաեւ մեծաթիւ արաբներ։

Իսկ թրքաբնակ նահանգներէն մէկ քանին յառաջատար են բնակչութեան «ծերութեամբ»։ Օրինակ, Սինոփի, Պալըքեսիրի եւ Էտիրների մէջ բնակչութեան միջին տարիքը 37-38 է, ինչ որ Թուրքիոյ ամէնէն բարձր ցուցանիշն է։ Եւ մինչ Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանը վերջին տարիներուն կը շարունակէ իր երկիրի քաղաքացիներուն (ի հարկէ, իր կոչերը ոչ բացայայտ հասցէագրելով թուրքերուն) յորդորել «առնուազն երեք երեխայ ունենալ», անոր կոչը կարծես արձագանգ կը գտնէ Թուրքիոյ քիւրտ քաղաքացիներուն մօտ։

Ի տարբերութիւն թրքաբնակ նահանգներուն մէջ բնակչութեան «ծերացման»՝ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ բնակչութիւնը բաւական երիտասարդ է, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ վերջին տարիներուն որքան բարձր է ծնելիութեան մակարդակը քիւրտերու շրջանին մէջ։

Այսպիսով, պէտք է արձանագրել, որ թէեւ Թուրքիոյ մէջ բնակչութիւնը շարունակ կ՚աճի, սակայն հիմնականին մէջ ատիկա տեղի կ՚ունենայ ոչ թուրքերու ի հաշիւ, իսկ աւելի ճիշդ՝ գերազանցապէս քիւրտ բնակչութեան ի հաշիւ։ 

Ըստ տարբեր պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական տուեալներու, Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու թիւը կը հասնի մինչեւ 20 միլիոնի, որ կը կազմէ Թուրքիոյ ամբողջ բնակչութեան շուրջ 25 առ հարիւրը, իսկ այդ համեմատութիւնը կը շարունակէ աճիլ ու աճիլ։ Ի հարկէ, բաւական բարդ է յստակ կերպով գիտնալ Թուրքիոյ մէջ բնակող քիւրտերու թիւը, որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ անոնք մարդահամարներուն մէջ եւ պետական վիճակագրութիւններուն մէջ իբրեւ թուրք նշուած են՝ ինչպէս որ կը պահանջէ Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը։

Քրտական բնակչութեան այս ժողովրդագրական պատկերի պահպանումը, ապագային կրնայ լուրջ խնդիրներ ստեղծել թուրքերու եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ համար։ Ներկայ կշռոյթով քրտական բնակչութեան «մասնաբաժինը» պիտի շարունակէ աճիլ Թուրքիոյ բնակչութեան մէջ, իսկ այդ պարագային քրտական հարցը աւելի սուր բնոյթ պիտի ստանայ եւ դամոկլեան սուրի նման պիտի կախուի Թուրքիոյ հանրապետութեան վրայ։

Ներկայիս Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւարեւելեան նահանգներուն մէջ քիւրտ բնակչութեան շարունակական աճը պէտք է հետաքրքրէ նաեւ հայերուն, չէ՞ որ հայկական պատմական տարածքները այժմ հիմնականին մէջ բնակեցուած են քիւրտերով, որոնց թիւը օրն ի բուն կ՚աւելնայ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.