ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԵՒ ԱԶԳ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ԿՐՕՆԱՊԵՏԻՆ


Ատրպատական, Ազգ. Առաջնորդարան – Չորեքշաբթի 5 Մարտ 2014-ի առաւօտուն պաշտօնական հանդիպում կայացաւ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի եւ Ատրպատականի Արեւմտեան Նահանգի կրօնապետ՝ Սէյիտ Ղորէյշիի միջեւ, մասնակցութեամբ Թեմի Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն:

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Ուրմիոյ ծխատէր՝ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Պասիլեանը, Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ ատենապետ՝ Պրն. Ռուբիկ Ջանանեան եւ Պրն. Վարդան Աբրահամեան, Ուրմիոյ շրջանի Երեփոխանական Ժողովի եւ Ուրմիոյ Գործակալական Խորհուրդի անդամներ՝ ատենապետ՝ Պրն. Փայլակ Սահակեան, Տոքթ. Էլւիս Մայիլեան, Պրն. Րիքարտօ Եուհանայեան եւ Անտրէ Մեջլումեան: Ներկայ էին նաեւ փոքրամասնութիւններու կրօնական հարցերու պատասխանատու Քարիմի, փոքրամասնութիւններու գրասենեակի պետ՝ Սեփեհրի եւ տեղակալ Իսմայիլզադէ:

Թեմակալ Առաջնորդը շնորհաւորելով Կրօնապետին ստանձնած բարձրագոյն պաշտօնը Արեւմտեան Նահանգում, անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր ներկայութեան տարածաշրջանէն ներս, ու մանաւանդ հաւատարիմ քաղաքացիի ներկայի շինիչ դերակատարութեան: Ապա ան շեշտեց քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններու համակեցութեան ու համագործակցութեան կարեւորութիւնը. «Ներկայ աշխարհը իր տարբեր մարտահրաւէրներով դժուարութեան կը մատնէ կրօնները: Յատկապէս երիտասարդութեան կեանքէն ներս հետզհետէ բազմացող հարցերու լուծման համար կրօնները պէտք է միասնաբար գործեն» ըսաւ ան, մատնանշելով գործակցութեան շարք մը ոլորտներ: 

Կրօնապետ Ղորէյշի մեծապէս գնահատելով Թեմակալ Առաջնորդին համագործակցութեան առաջարկը, յառաջիկայ միջ-կրօնական երկխօսութեան ծրագրի նախապատրաստուելու մտածում արտայայտեց, անոր շինիչ ու բարերար ազդեցութեան նախապէս իր վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով:
Փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ խօսելու Արեւմտեան Ատրպատականի նահանգի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններն ու մասնաւորապէս հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցերու մասին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.