Էջեր Հալէպահայի մը օրագրէն – ԺԹ.
Գիրքը, զոր նուէր ստացայ, Օրհան Փամուքի «Սեւ Գիրք»ն է: Հակառակ սովորութեանս, քանի մը օր դրուած տեղը մնաց այս գիրքը: Յետոյ առի ձեռքս վարանումով, շօշափեցի կողքը … Կը յիշեմ, որ Մոնթրէալի հին գիրքերու խանութին մէջ նոյն վարանումով ձեռք առեր էի «Ձիւն»ը. կ՚ուզէի կարդալ եւ չէի ուզեր միաժամանակ:
Երեւան օր մը հիւրն էինք Վ. Համբարձումեանի զաւակին, մաթեմաթիկոս Համբարձումեանին, որ նոր վերադարձեր էր Իսրայէլէն, ուր հրաւիրուած էր Թէլ Աւիւի համալսարանին մէջ դասախօսելու: Կը պատմէր քաղաքին նոր շինարարութեան եւ գեղեցկութեան մասին. եւ որպէս հաստատում, երկարեց մեծ եւ պատկերազարդ գիրք մը: Պահ մը վարանեցայ գիրքը առնելու: Կարծես մեղք գործած պիտի ըլլայի առնելով, դիտելով այդ հրէական գիրքը, որուն գեղեցկութիւնը եւ իսրայէլեան քաղաքի մը շքեղութիւնը չէի կրնար, չէի ուզեր ընդունիլ: Երկար տարիներու դաստիարակութիւնն էր որ կը խօսէր:
Փրոֆ. Համբարձումեան կը սպասէր: Ստիպուած եղայ առնել գիրքը, հարեւանցի ակնարկ մը նետել եւ կողքիս փոքրիկ սեղանին դնել:Հիմա այդ ստիպումը չկար գրախանութին մէջ: Գներ էի Փամուքի գիրքը, որովհետեւ կ՚ուզէի կարդալ զայն ոչ միայն լաւ գրականութիւն կարդացած ըլլալու համար, այլ նաեւ հաստատելու, որ Նոպէլեան մրցանակը երբեմն նաեւ աչառութիւններով կը բանի:
Բայց հմուտ գրագէտի մը առջեւ գտեր էի ինքզինքս եւ տառապեր՝ անոր թրքութեամբ:
Հիմա նոյն ցաւն է եւ տառապանքը, նոյն գրագէտին նոյն թրքութեան առջեւ:
Դանդաղօրէն կը բանամ գիրքը եւ ակռաներս սեղմած կը սկսիմ ընթերցել:
«Եթէ արիւնս չտեսնեմ, չեմ հաւատար որ կ՚ապրիմ ու ինծի կը թուի , թէ որեւէ պահու կրնամ արթննալ այս մեծ երազէն»:
Այս տողերը գրող գրագէտը իրողակա՞ն արիւնի մասին կը խօսէր, թէ՞ միայն գրական պատկեր մը ուզած էր ներկայացնել:
Հիմա մենք ալ, ամէն օր նոյն վիճակն է որ կ՚ապրինք. բոլորիս ալ կը թուի, որ պէ՛տք է արթննանք մեզ գերեվարած այս մղձաւանջէն ու գտնենք մեր բարի կեանքն ու գեղեցիկ քաղաքը:
Կարծես չէին բաւեր հոգիի առնէտները, որոնք օրն ի բուն կը կրծեն մեր կեանքը, հիմա քաղաքը ողողուած է իսկական առնէտներով, որոնք երբ ոչինչ գտնեն ուտելու, կը մտնեն ինքնաշարժներու մեքենաներուն մէջ ու կը կրծեն անոնց … թելերը:
Եւ ըսել, որ օդը շատ պաղ է տակաւին: Տաքուն ի՞նչ պիտի ընենք այսքան առնէտի մէջ …
***
Սարսափելի հրացանաձգութիւն է կրկին:
-Բան չկայ, նահատակ է, կը տանին թաղելու …- չորս կողմէն կ՚ըսեն իրարու եւ վախցած անցորդներուն:
Կարծես «նահատակ»ը սովորական երեւոյթ ըլլար քաղաքիս առօրեային մէջ …
***
Ժնեւ երկուն պիտի սկսի:
Ժնեւ երկուն սկսաւ:
Ժնեւ երկուն աւարտի հասաւ:
Բայց կարծես ոչինչ փոխուեցաւ: Միայն յոյսերը, անգամ մը եւս մեծ շառաչով փշրուեցան, ծանր լռութիւն ձգելով իրենց ետին:
Շատեր կ՚ըսեն՝ աւելի լաւ է յուսալ, թէկուզ հազարերորդ անգամ յուսախաբ ըլլալու գնով:
Ասոնք «ներսիններն» են:
«Դրսեցիները» կ՚ըսեն՝ չի՞ բաւեր որքան յուսախաբ եղաք. չսորվեցա՞ք ձեր յոյսերը ամուր հիմերու վրայ հաստատել:
Իսկ կեանքը կը խնդայ, լպիրշօրէն մեր օրերը կը գողնայ մեզմէ ու կը հեռանայ:
***
Չէի գիտեր, որ երկիրներն ալ, կնիկներու պէս իրարու կը նախանձին, զիրար կը բամբասեն եւ սուտը իրաւի պէս կը հաւատացնեն: Պատերազմները մի՛շտ այսպէս կը սկսին:
Կարծես մեր պատմութեան մէջ հարիւր տարուան շրջանակ մը կայ, որ երբ փակուի, նոյն շրջանակը սկիզբէն կը սկսինք ապրիլ, նոյն տեղը հասնելու համար՝ հասնիլ վայր մը՝ ցամաքամաս, երկիր թէ քաղաք, ապրիլ զէրօ աստիճանի վրայ, կամաց-կամաց բարձրանալ, բարգաւաճիլ, հասնիլ շրջանակի փակումին, եւ ամէն բան ձգած, հեռանալ ինչպէս որ եկեր էինք՝ զէրօ մակարդակի վրայ: Եւ նոր ցամաքամաս-երկիր-քաղաքի մը մէջ սկսիլ նոյն շրջանակը. Հնդկաստան, Լեհաստան, Լիբանան եւ հիմա Սուրիա, թուելու համար քանի մը գլխաւոր «շրջանակներ»:
Մեր ժողովուրդը չարն ու չարիքը մագնիսացնելու կարողութի՞ւն ունի, թէ՞ եղածը անէծք մըն է:
Ոչ այս եւ ոչ այն, պարզապէս հանդուրժելի չենք, երբ «տեղ մը» կը հասնինք, կենսաձեւի որոշ մակարդակ մը կը նուաճենք: Անշուշտ այդ չհանդուրժողները միշտ կը մոռնան կամ մոռացութեան կու տան, որ մեզ հասցնողը բախտը չէ, այլ աշխատասիրութիւնը, կեանքի սէրն ու խանդը եւ շնորհքով ապրելու հակամիտութիւնը:
Ինչ ալ որ ըսուի, իրողութիւնը կը մնայ՝ պարտաւոր ենք զէրոյէն սկսիլ ամէն անգամ, որ մեր շրջանակը ամբողջանայ:
Հիմա այդ զէրոյին վրայ ենք կարծես կրկին:
***
Բարեկամ մը, որ Կաղանդը իր զաւկին հետ անցնելու համար Պէյրութ գացած էր, վերադարձին պատմեց մշակութային ձեռնարկներուն մասին, որոնց ներկայ եղած էր՝ գիրքի շնորհանդէս, ցուցահանդէս, ֆիլմի ցուցադրութիւն եւ այլ, եւ եզրակացուց.
-Մեր ա՛յս պայմաններուն մէջ, մշակութային կեանքը շատ աւելի եռանդուն է հոս, Հալէպի մէջ քան հոն՝ Պէյրութ:
Չեմ զարմանար: Ակումբային կեանքը, որուն մշակութային բաժինը միշտ եռանդուն եղած է, հալէպահայերու կեանքին գլխաւոր հաճոյքը կը կազմէ: Այսպէս եղած է գաղութի կեանքին առաջին օրերէն, երբ վարագոյր մը քաշելով թատրոն կը սարքուէր եւ «Վարդանանց» կը ներկայացուէր: Տարէցները դեռ երանութեամբ կը յիշեն այդ օրերը՝ «Վասն հայրենեա՜ց կը պոռար մեր ինը մատոնց Առաքելը եւ կը խոյանար բեմէն դուրս, թշնամիները ջարդելու. Ի՜նչ օրեր էին …»:
Լաւ որ Դիմատետրը կայ իր բազմաթիւ լուրերով, մանաւանդ լուսանկարներով. թէ ոչ մարդիկ կրնային թերահաւատութեամբ լսել պատմուածը:
Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, որ «բան չկայ»: Ինչ որ կ՚ըլլայ, նուիրումով եւ զոհողութեամբ կ՚ըլլայ, մանաւանդ երբ վտանգի դրուածը իւրաքանչիւրին կեանքն է: Ոչ ոք կրնայ ապահով ըլլալ, որ օրը չվերջացած իր ալ կեանքը պիտի չաւարտի: Բայց ի՞նչ ընել, տուներու մէջ փակուա՞ծ ապրիլ: Ուրեմն ո՞վ պիտի հոգայ ծերերը, որբերը, աշակերտները, կարիքաւոր ընտանիքները, ո՞վ պիտի կազմակերպէ մեծ թիւը նուիրեալ երիտասարդներուն, ո՞վ պիտի հասնի վիրաւորները հիւանդանոց փոխադրելու …
Եւ երբ այս բոլորը կ՚ընենք, իրաւունք չունի՞նք յոգնութենէ ետք ելոյթի մը փորձերուն երթալու, ընկերներով հաւաքուելու սուրճի մը շուրջ, կլկլակի մուխերուն մէջ օրուան յոգնութիւնն ու կեանքին անհեթեթը մոռնալու – գոնէ մոռնալ փորձելու -:
Եւ այսպէս է, որ Հալէպը կը շարունակէ ապրիլ, կը շարունակէ մեծ ճիգով բաց պահել «շրջանակը», թոյլ չտալ, որ անոր երկու կողմերը իրարու գան մեծ զէրօ մը գծելով:
***
Իւրաքանչիւրս սորվեցաւ շրջանակ մը քաշել իր շուրջ եւ անոր մէջ ապահով զգալ ինքզինք, թէեւ «ապահով զգալ» արտայայտութիւնը շատ համեմատական է, որովհետեւ Հալէպի մէջ ապահով վայր ա՛լ չմնաց: Հրասանդերը, մեր քաղաքի փոշիին պէս – երնէ՜կ փոշիի այդ օրերուն – կրնան մտնել ամենէն ապահով թաղերը, տուներէ ներս, մինչեւ ետեւի սենեակները, մահ եւ աւեր սփռելով:
-Ամէն բանի կը դիմանանք,- կը կրկնենք,- անջուր-անլոյս կը մնանք, միայն սա հրասանդերը չըլլան,- կ՚աղօթենք:
Եւ երբ կը ստիպուինք կտրել մենք մեր շուրջ քաշած «ապահովութեան» գիծը, ուրիշ շրջան մը երթալու համար, խորապէս կը տագնապինք:
Աղջկաս համալսարանի վկայականը, զոր թարգմանել տուի, պէտք է վաւերացնել:
-Նախ Ապպաս շէնք կ՚երթաս եւ Առաջին Փաստաբանէն կը վաւերացնես, յետոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան գրասենեակը կ՚երթաս եւ հոնկէ ալ կը…
-Մէկ վայրկեան,- ընդմիջեցի օգտակար դառնալ ուզող թարգմանը,- այդ Ապպաս շէնքը հասնելու համար … հոն մարդորս կայ կ՚ըսեն …
-Այո, կայ,- հանդարտօրէն պատասխանեց,- գլխաւոր պողոտային վրայ, բան մը չէ, վազելով կը կտրես-կ՚անցնիս պողոտան:
-Դուն չե՞ս երթար,- խնդրեցի:
-Կ՚երթայի. Բայց իւրաքանչիւրը ի՛նք պէտք է ներկայացնէ իր թուղթերը:
Ամբողջ քաջութիւնս հաւաքեցի եւ ճամբայ ելայ: Կ՚երեւի մտահոգութիւնս բացայայտ դէմքիս վրայ եւ քանի կը մօտենայի Ապպաս շէնքին, յստակօրէն կ՚աւելնար:
Ճամբան մարդոցմով լեցուն է, թէեւ որեւէ պահու կրնայ հրասանդ մը իյնալ, կրնայ մարդորսը քեզ որսալ եւ կեանքիդ թելը, որ տակաւին կը քակուի (վերջերս յաճախ կը յիշեմ «Ապրշումին Կծիկը». Ի՜նչ լաւ ընթերցարան էր մեր «Շողական»ը), կրնայ յանկարծ կտրուիլ:
-Ի՞նչ պիտի ընեմ եթէ …
Արագ վերատեսութեան մը կ՚ենթարկեմ ընելիքներս եւ ըրածներս.-Շատ բան չունիմ,- կը համոզեմ ինքզինքս,- ինչ որ կ՚ուզէի ընել ասկէ ետք, այնքան աննշան կը թուի որ … բայց կ՚ուզէի ըլլալ այնքան լաւ մեծ-մամա մը, որքան մայրս եղած էր զաւակներուս համար: Միայն ասիկա կ՚արժէ, որ զգուշ ըլլամ:
Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «զգուշ ըլլալ», որ գրեթէ ամէն օր կը լսեմ թէ՛ զաւակներէս, թէ՛ հեռու եւ սիրելի բարեկամ-բարեկամուհիներէս:-Հրասանդը, փամփուշտը, արկերու բերկորները իրենք կ՚երեւի պէտք է զգուշ ըլլան մեզի չդպնալու համար,- կը մտածեմ տխրութեամբ:
Հասեր եմ Ապպաս շէնքի պողոտան: Կը կենամ, կը դիտեմ դէպի ձախ, դէպի Շէրաթոն պանդոկը. Մե՜ծ ամայութիւն մը կը տիրէ հոն: Կը նայիմ դիմացէն եկող լաչակաւոր կնոջ եւ ձեռքէն կախուած մանչուկին, որոնք հանգիստ քալելով պողոտան կը կտրեն:
Ես կը վազեմ:
Դիմացի մայթին կրկին կը կենամ:
Կարելի՞ է զգուշ ըլլալ …
-Որո՞ւ թուղթերն են,- կը հարցնէ օրիորդ պաշտօնեան:
-Աղջկաս. տա՞մ ընտանեկան տետրակը:
Չի պատասխաներ. տասնեակ մը կնիք կը դնէ իւրաքանչիւր թուղթի վրայ եւ առանց դէմքիս նայելու կը վերադարձնէ զանոնք:
Արտաքին Գործոց նախարարութեան գրասենեակը երթալու համար, պէտք է անցնիմ Հալէպի հին օրերու նշանաւոր Պուլվարէն՝ շքեղագոյն պողոտան, որակաւոր խանութներով եւ այն օրերու անխուսափելի թրամուէյով: Հիմա լեռնակուտակ աղբեր, քանդուած տուներ եւ փողոցը ոտաբոպիկ խաղցող երկու մանչուկներ միայն:
Ծերունի մը արեւուն տակ կը մրափէ, կողքին հագուստ ցուցադրող մանըքէններուն չափ անշարժ նստած: Քիչ մը անդին կողք-կողքի սեղանիկներ են, մեծ մասը ուտեստեղէն ծախող: Դիմացի մայթին ֆալաֆէլ կը տապկեն եւ արագ-արագ սէնտուիչներ կը փաթթեն խումբ մը սպասող երիտասարդներու համար:
Նոյն ճոխութիւնն է, ուտեստեղէնի նոյն առատութիւնը, հիմա սակայն աղտոտ փողոցներուն մէջ եւ նուազ՝ մաքրութիւնն ու առողջապահական պայմանները:
Հեռուէն թնդանոթը կը շարունակէ ոռնալ:
Կողքէս մեծ խումբ մը կ՚անցնի, իւրաքանչիւրը ճամպրուկով մը կամ ծանր տոպրակներով բեռնաւոր. նոյնիսկ երեխաները տոպրակներ շալկած են: Յստակ է, որ կրակներուն տակէն փախած բնակիչներ են, հիմա արդէն գաղթական դարձած իրենց իսկ քաղաքին մէջ:
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ