Լաւալի Հայ Կեդրոնի Յայտարարութիւն
2174
0
Սիրելի Հայրենակիցներ,
ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէն եւ Լաւալի Հայ Կեդրոնի Տնօրէնութիւնը մօտէն կը հետեւին Քորոնա Ժահրի (Coronavirus-COVID-19) տարածման միջադէպերուն:
Կուգանք մեր համայնքին տեղեկացնելու, որ համագործակցութեամբ ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններու եւ ՀՄԸՄ-ի վարչական մարմիններու, ինչպէս նաեւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ կարգ մը առողջապահական մասնագէտներու հետ, արդէն իսկ քայլեր առնուած են մեր կեդրոնէն ներս պէտք եղած առողջապահական նախազգուշութիւններուն համար:
Այսու ձեր բոլորին կոչ կ’ուղղենք հետեւիլ շարք մը բժշկական խորհուրդներու
- Հազի, ջերմութեան եւ կամ շնչառութեան դժուարութեան պարագային՝ մնալ տուն եւ հեռաձայնել առողջապահական ծառայութեան կեդրոն՝ 811 հեռախօսի թիւին:
- Բնակարանէն դուրս գալու պարագային՝ դիմակ կրել: Խուսափիլ ձեռքերով դէմքին հպումներէն:
- Յաճախ լուալ ձեռքերը (առնուազն 20 երկվայրկեան), մանաւանդ` փռնգտալէ ու հազալէ ետք:
- Հազալու եւ կամ փռնգտալու պարագային, օգտագործել արմուկը եւ ՈՉ ափը: Թաշկինակի օգտագործման պարագային, զայն անմիջապէս աղբը նետել:
- Հականեխիչով պարբերաբար մաքրել յաճախակի օգտագործուած վայրերը, դռներն ու բռնիչները, հեռախօսները եւ համակարգիչները :
- Մնալ հանդարտ ու հանգիստ եւ խուճապի չմատնուիլ: Հետեւիլ բժշկական ցուցմունքներուն եւ խորհուրդներուն:
Ձեր բոլորին կը մաղթենք առողջութիւն:
ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէ